Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատ Արք. Գալստանեան Կը Պահանջէ Արցախի Հարցը Բանակցային Օրակարգին Մէջ Ներառել

Սեպտեմբեր 2, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Պաքուին ներկայացուցած առաջարկը, ըստ Բագրատ արք. Գալստանեանի, շատ նման է Կրանատայի մէջ առանց հակառակ կողմի համաձայնութեան թուղթ ստորագրելուն:

Ըստ Բագրատ սրբազանի` սա «խաղաղութիւն մուրալ է»:

Վարչապետ Փաշինեան շաբաթ օրուան ասուլիսի ժամանակ յայտնեց, որ Երեւանն ու Պաքուն ամբողջովին համաձայնեցուցած են խաղաղութեան համաձայնագիրի 17 յօդուածներէն 13-ը, եւս 3 յօդուածի բառապաշարի մեծ մասը: Ապա աւելցուց, որ Հայաստանը նոր առաջարկ ներկայացուցած է Ազրպէյճանին` ստորագրել այն յօդուածներուն տակ, որոնք արդէն համաձայնեցուած են` միւսներուն քննարկումը ձգելով ապագային:

Բագրատ սրբազանը պահանջեց Արցախի հարցը բանակցային օրակարգին մէջ ներառել:

Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող Բագրատ սրբազանի եւ «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման երէկուան հաւաքը, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի Ս. Աննա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, 2 սեպտեմբերի`  Արցախի Անկախութեան օրուան ընդառաջ էր:

«Արցախի հարցը փակուած չէ», յայտարարեց սրբազանը:

«Անիկա իր բոլոր դրսեւորումներով եւ ծաւալումներով կը կազմէ հայկական օրակարգի առանցքը: Ինծի համար ընդունելի է Արցախը` թէ՛ իբրեւ անկախ հանրապետութիւն, թէ՛ վերամիաւորուած մայր Հայաստանին», ըսաւ ան` գործող իշխանութիւններէն պահանջելով հետամուտ ըլլալ Արցախի հիմնահարցը բանակցային օրակարգին մէջ ներառելուն:

Ան Հայաստանի իշխանութիւնները մեղադրեց «արցախցիներու տուն վերադարձի խոչընդոտը ըլլալու» յանցանքով:

 

Նախորդը

Հաճիեւ. «Սահմանազատման Յանձնախումբերու Միացեալ Գործունէութեան Մասին Կանոնակարգի Համաձայնագիրը Բաւարար Հիմք Է Եւրոպական Միութեան Առաքելութիւնը Հայաստանէն Դուրս Բերելու Համար»

Յաջորդը

Խմբագրական. Անմիջական Եւ Հեռահար Առաջադրանքներ (Արցախի Անկախութեան Հռչակագիրին 33-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?