Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Բանակը Հեռացաւ Խան Եունեսի Կեդրոնական Ու Արեւելեան Շրջաններու Մեծամասնութենէն

Օգոստոս 31, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակը երէկ հեռացաւ Կազայի հարաւային շրջանին մէջ Խան Եունեսի կեդրոնական ու արեւելեան շրջաններու մեծամասնութենէն` իր ետին ձգելով հսկայական աւեր:

Երէկ արշալոյսին 5 քաղաքացիներ, ներառեալ մանուկ մը, զոհուած են, երբ իսրայէլեան օդուժը Խան Եունեսի Ժապալիա գաղթակայանը ռմբակոծեց:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլացի պաշտօնատարներ յայտնած են, որ նախարարաց սեղմ խորհուրդի անդամները որոշած են վաւերացնել Ֆիլատելֆիա միջանցքին վրայ վերահսկողութիւնը պահելու որոշումը:

Անոնք նշեցին, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ ընդդիմացած է հաւանական գործարքի մը ծիրին մէջ Ֆիլատելֆիա միջանցքին վրայ վերահսկողութիւնը պահելուն:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ժողովի ընթացքին յայտնած է, որ «7 հոկտեմբերի ողբերգութեան պատճառը այդ միջանցքին վերահսկողութեան տակ չըլլալն էր»:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը յայտնած է, որ Կազայի մէջ մարդասիրական օգնութեան բեռնակառքերու շարասիւնին հասցուցած օդային հարուածին թիրախն էին զինեալ անձեր, որոնք կը փորձէին գողնալ օգնութիւնը: Սակայն, ըստ օգնութեան մատակարարումը կազմակերպող մարդասիրական կազմակերպութեան, օդային հարուածին պատճառով զոհուած են այն փոխադրութեան ընկերութեան աշխատակիցները, որոնց հետ իրենք կը համագործակցէին:

Բրիտանական «Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղակայուած «Արենա» հասարակական կազմակերպութեան շարասիւնը բժշկական սարքեր եւ վառելանիւթ կը տանէր Կազայի հարաւը` Ռաֆահի մէջ գտնուող հիւանդանոց, երբ 29 օգոստոսի երեկոյեան ենթարկուած է յարձակումի:

Շարասիւնի երթուղին նախապէս համաձայնեցուած եղած է իսրայէլեան բանակին հետ, ինչ որը պէտք էր ապահովէր, որ մարդասիրական մեքենաները չռմբակոծուին:

«Ցաւօք, քանի մը անձեր, որոնք բոլորն ալ փոխադրութեան ընկերութեան աշխատակիցներ էին, որոնց հետ մենք կ՛աշխատինք, զոհուած են յարձակումին պատճառով: Անոնք շարասիւնի առաջին մեքենային մէջ էին», յայտնած է «Արենա»-ի Պաղեստինի շրջանի տնօրէն Սանտրա Ռաշիտ:

Չհաստատուած տուեալներով` օդային յարձակումին պատճառով արձանագրուած է 5 զոհ:

Իսրայէլեան բանակը հաստատած է, որ երթուղին համաձայնուած եղած է, սակայն միեւնոյն ժամանակ նշած, որ շարասիւնի ընթացքին ժամանակ շարք մը զինեալներ գրաւած են շարասիւնին առջեւէն ընթացող մեքենան եւ սկսած են զայն վարել:

Այս միջադէպէն ժամեր առաջ իսրայէլացի զինուորները կրակ բացած էին Պարէնի համաշխարհային ծրագիրի մեքենային վրայ, որուն վրայ կար ՄԱԿ-ի տարբերանշանը: Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը յայտարարած է, որ երկու մեքենաներէն մէկուն հարուածած է առնուազն 10 փամփուշտ, երբ անոնք մօտեցած են իսրայէլեան բանակի անցակէտին: Մեքենաներուն մէջ գտնուող անձերը վնասուած են, սակայն, Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը ժամանակաւորապէս դադրեցուցած է Կազայի մէջ իր անձնակազմի տեղաշարժը:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ, նախագահի Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Քամալա Հարիս «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Կազայի մէջ զինադադար եւ գերիներու ազատ արձակման համաձայնութիւն մը անհրաժեշտ է»:

Ան վերահաստատեց իր աջակցութիւնը Իսրայէլին եւ նշեց, որ «բազմաթիւ պաղեստինցի անմեղներ սպաննուեցան»:

«Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքզինք պաշտպանելու, բայց ատիկա ինչպէ՛ս կը կատարէ կարեւոր հարց է: Բազմաթիւ անմեղ պաղեստինցիներ սպաննուեցան, եւ պէտք է համաձայնութիւն գոյացնենք», ըսաւ ան:

Բայց եւ այնպէս ան յայտնեց, որ նախագահ ընտրուելու պարագային Իսրայէլի` ամերիկեան զէնքերու մտաակարարումը պիտի չառկախէ:

Նախորդը

Ըստ «Սի. Էն. Էն. Թիւրք»-ի. Թուրքիան Սուրիոյ Հետ Յարաբերութիւններուն Կարգաւորման Համար 4 Պայման Նշած Է

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?