Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթ օր իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներու անհետացման 46-ամեակի ոգեկոչման ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Կը վերահաստատենք երկխօսութեան բաց հրաւէրը. եկէ՛ք վաղը խորհրդարանին մէջ խորհրդակցութեան` հասնելու համար ազգայնական եւ համախմբող նախագահի մը ընտրութեան»:
«Շիի երկեակին անունով կը հաստատենք, որ նախագահի ընտրութեան սահմանադրական գործընթացը ներքին գործընթաց մըն է եւ կապ չունի իսրայէլեան յարձակումին ընթացքին հետ», շեշտեց Պըրրի:
Խորհրդարանի նախագահը ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան կոչ ուղղեց` «քարոզչական հարթակէն հեռանալու եւ հարաւցի գաղթականներուն նուազագոյն պէտքերը ապահովելու»:
Պըրրի ըսաւ, որ միակ կողմը, որուն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը կատարել պէտք է պարտադրել` Իսրայէլն է:
«Իսրայէլեան յարձակումին պատճառով յառաջանալիք փոփոխութիւններուն վրայ գրաւ դնողներուն կ՛ըսենք` Աստուծմէ վախցէ՛ք», յայտնեց ան:
Խորհրդարանի նախագահը նաեւ «շա՜տ, շա՜տ շնորհակալութիւն յայտնեց կարգ մը լիբանանցիներուն, որոնք մերժեցին ընդունիլ մարդկութեան եւ քաղաքացիութեան մէջ իրենց նմանները»` աւելցնելով, որ իրենք այդ վիրաւորանքէն վեր պիտի կանգնին ու աւելի կառչած պիտի մնան ազգային միասնականութեան «եւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան, որ հարստութիւն մըն է, որ կարելի չէ մսխել»:
Պըրրի ըսաւ, որ իմամ Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն վերադարձի հարցին մէջ փոխզիջում տեղի պիտի չունենայ:


