Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

6 Իսրայէլացի Գերիներու Դիակներու Յայտնաբերումէն Ետք. Իսրայէլի Մէջ Զայրոյթ Նեթանիահուի Դէմ

Սեպտեմբեր 2, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի մէջ Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութեան դէմ զայրոյթի մեծ ալիք բարձրացաւ, երբ իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ Կազայի մէջ փապուղիէ մը յայտնաբերած է իսրայէլացի 6 գերիներու դիակները:

Առեւանգեալներու ընտանիքներու յանձնախումբը, աշխատաւորներու սենտիքան ու հաստատութիւնները կոչ ուղղեցին` կիրակի գործադուլ կատարելով Իսրայէլի մէջ երթեւեկը ջլատելու:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտարարեց, որ անվտանգութեան հարցերու նախարարաց սեղմ խորհուրդը պէտք է անմիջապէս ժողով գումարէ եւ ետդարձ կատարէ հինգշաբթի օր որդեգրած որոշումէն:

Յիշեցնենք, որ հինգշաբթի օր Կալանթի եւ Նեթանիահուի միջեւ բուռն բանավէճ ծագած էր, երբ նախարարաց խորհուրդը որդեգրած էր Կազայի մէջ Ֆիլատելֆիա միջանցքը իսրայէլեան բանակի վերահսկողութեան տակ պահելու որոշումը, որուն բուռն կերպով ընդդիմացած էր Կալանթ` նշելով, որ այդ որոշումը կը խոչընդոտէ գերիներու փոխանակման շուրջ համաձայնութեան գոյացումը:

Կալանթ մեկնաբանելով գերիներու դիակներու յայտնաբերումը յայտնեց. «Սպաննուած արգելափակեալներուն համար արդէն ուշ է, եւ պէտք է մնացեալ առեւանգեալները գերութենէն վերադարձնել»:

Ան ըսաւ, որ Իսրայէլ Համասի բոլոր ղեկավարները հաշուետուութեան պիտի ենթարկէ:

Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ Պետութեան ճամբար կուսակցութեան ղեկավար Պենի Կանցին եւ հասարակութեան կոչ ուղղեց փողոց դուրս գալու, «որովհետեւ ժամանակն է բացարձակ ձախողութեան այս կառավարութիւնը փոխելու»:

Ան նշեց, որ Նեթանիահուն «պէտք է արգելափակեալները պաշտպանէ եւ ոչ թէ իր համախմբական կառավարութիւնը, որ ծայրայեղականներու վերահսկողութեան տակ է»:

«Առեւանգեալները կը մահանան, հիւսիսի մէջ մանուկները կը հեռացուին եւ իսրայէլեան հասարակութիւնը կը քայքայուի», աւելցուց Լափիտ:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Լափիտ յայտնած է, թէ «մահուան կառավարութիւնը» որոշած է գերիները չազատագրել:

Իսրայէլեան կառավարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ին յայտնած է, որ Նեթանիահու կ՛արգիլէ համաձայնութեան կնքումը, որպէսզի կառավարութիւնը չտապալի:

Պաշտօնատարը աւելցուցած է, որ մէկ ամիսէն «Կազայի մէջ ոեւէ պատանդ ողջ պիտի չմնայ»:

Նեթանիահուի դաշնակից, ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ, մեկնաբանելով գերիներու դիակներու յայտնաբերման լուրը, ըսաւ. «Պիտի շարունակենք Համասը հարուածել, մինչեւ որ ամբողջութեամբ քանդենք զայն եւ վերատիրանանք մեր զաւակներուն»: Ան նաեւ աւելցուց. «Բուռն կերպով կը դատապարտեմ քաղաքական կուսակցութիւններուն մեր զաւակներուն արիւնին վրայ պարելն ու զայն քաղաքական նպատակներով օգտագործելը»:

Նեթանիահու հակադարձելով իր դէմ ուղղուած քննադատութիւններուն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Առեւանգեալներու ազատագրման ջանքերը դեկտեմբերէն ի վեր կը շարունակուին, եւ Համաս կը մերժէ իսկական բանակցութիւններ վարել»: Ան աւելցուց, որ Իսրայէլ «պիտի չհանգչի, մինչեւ որ Համասի մէջ պատանդները սպաննողներուն հասնի»:

Երէկ իսրայէլեան կառավարութեան հերթական նիստը ջնջուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ անվտանգութեան հարցերու նախարարաց սեղմ խորհուրդի նիստով:

Կազայի մէջ իսրայէլացի գերիներու ընտանիքներու յանձնախումբը կոչ ուղղեց երկիրը ամբողջական կերպով փակելու մեծ ցոյց կատարելու, մինչեւ որ Կազայի մէջ գերիներու փոխանակման գործարքը կնքուի:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ցուցարարներ փակած են Թել Աւիւի մօտ գտնուող Ռահովոթի մէջ «Ուայզմեն» հիմնարկի խաչմերուկը` պահանջելով գերիներու փոխանակման գործարքը կնքել:

Համաս շարժումը յայտարարեց, որ գերիները սպաննուած են Կազայի վրայ շարունակուող իսրայէլեան ռմբակոծման պատճառով, եւ Նեթանիահուի կառավարութիւնն ու ամերիկեան վարչակազմը պատասխանատու նկատեց անոնց եւ նախորդ իսրայէլացի գերիներու սպանութեան համար` նշելով, որ անոնք միայն իսրայէլեան ռմբակոծման պատճառով կը սպաննուին:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ը հաղորդեց. «Սպաննուած գերիներէն 3-ը ցուցակին վրայ էին ազատ արձակուելիք գերիներուն, որոնց ազատ արձակման 2 յուլիսին համաձայն գտնուեցաւ Համասը»:

Իսրայէլեան աղբիւրներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեցին. «6 պատանդներէն 3-ը գործարքի ծիրին մէջ ազատ պիտի արձակուէին, սակայն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն հարցը յետաձգեց, եւ արդէն ուշ է»:

Համասէն աղբիւր մը իր կարգին «Շարք»-ին յայտնեց. «Այսօր դիակները յայտնաբերուած գերիներէն ոմանք 2 յուլիսի համաձայնութեան հիմամբ ազատ արձակուելիք գերիներու ցուցակին վրայ էին»: Համասէն ղեկավար մը ԱՖՓ-ին նոյն բանը յայտնած է:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց, որ Ռաֆահի մէջ յայտնաբերուած 6 գերիներու դիակներու շարքին էր Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի Հըրշ Կոլտպըրկ Փոլինի դիակը` ցաւ ու զայրոյթ արտայայտելով անոր մահուան համար:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս յայտնեց, որ ինք եւ Պայտըն երբեք պիտի չհրաժարին Կազայի մէջ պահուող «ամերիկացիներու եւ պատանդներու ազատագրման մեր յանձնառութենէն»:

Պայտըն յայտարարեց, որ «ժամանակն է Կազայի մէջ պատերազմի աւարտին, եւ տակաւին լաւատես եմ զինադադարի համաձայնութեան գոյացման նկատմամբ»` աւելցնելով. «Կը կարծեմ, որ կրնանք համաձայնութեան հասնիլ, եւ Համասն ու Իսրայէլը յայտնեցին, որ համաձայն են սկզբունքներուն»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես նշեց. «Գերիներու դիակներու յայտնաբերումը  բոլոր գերիները ազատ արձակելու եւ Կազայի մէջ պատերազմի մղձաւանջին վերջ տալու յիշեցում մըն է»:

Գալիլիոյ Մէջ Իսրայէլեան
Ոստիկանութեան Դէմ Գործողութիւն

Երէկ իսրայէլեան ոստիկանութեան երեք անդամներ սպաննուեցան, երբ Գալիլիոյ մէջ անոնց ինքնաշարժը կրակոցի ենթարկուեցաւ:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ կրակոցը կատարուած է ճամբէն անցնող եւ Գալիլիոյ թիւը կրող ինքնաշարժէ մը, որ լքուած է թիւ 35 ճամբուն վրայ:

Կայանը հաղորդեց, որ ոստիկանութեան ինքնաշարժին վրայ 11 փամփուշտ արձակուած է, դէպքը պատահած է Թարքոմիայի անցարգելէն մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Պենի Կանց ոստիկաններու սպանութենէն ու 6 գերիներու դիակներու յայտնաբերումէն ետք յայտնած էր. «գերիներու սպանութիւնը Իսրայէլը կ՛առաջնորդէ մէկ այլ դժուար ու ցաւալի առաւօտի մը, մինչ Նեթանիահուն քաղաքական նկատառումներով ժամանակ կը վատնէ»:

 

Նախորդը

Փութին 3 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Հռոմի Կանոնադրութիւնը Ստորագրած Մոնկոլիա

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?