Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուռնէ յայտարարեց. «Քաթարի արտաքին գործոց նախարարին հետ քննարկումներուս ընթացքին ողջունեցի Կազայի հարցով բանակցութիւններուն մէջ Տոհայի դերակատարութիւնը»:
«Մենք կը զօրակցինք Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի եւ Եգիպտոսի ղեկավարած միջնորդութեան», նշեց Սեժուռնէ:
Իսրայէլեան լաւատեղեակ աղբիւրներ, սակայն, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեցին. «Ֆիլատելֆիա միջանցքէն հեռացման հարցին մէջ յառաջընթաց չարձանագրուելուն եւ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու պահանջի հարցով յառաջընթաց չարձանագրուելուն պատճառով, մենք Տոհայի մէջ բանակցութիւններուն նկատմամբ լաւատես չենք»:
«Սի.Այ.Էյ.»-ի փոխտնօրէն Տէյվիտ Քոհեն յայտարարեց. «Իսրայէլի եւ Համաս շարժումին միջեւ զինադադարի համաձայնութեան ճակատագիրը հարցում մըն է, որուն մեծ մասամբ պիտի պատասխանէ շարժումին ղեկավարը»:
Ան Ուաշինկթընի մէջ հետախուզութեան եւ ազգային անվտանգութեան վեհաժողովի ընթացքին նշեց. «Իսրայէլացիները բանակցութիւններուն մէջ լրջութիւն կը ցուցաբերեն»:
Եւրոպական Միութիւնը վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ու գերիներու փոխանակման շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն եւ մտահոգութիւն յայտնեց Կազայի մէջ աղէտալի կացութեան նկատմամբ:
Եւրոպական Միութիւնը նշեց, որ յանձնառու կը մնայ Կազայի մէջ պատերազմէն վնասուած պաղեստինցիներուն մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրման եւ աջակցութեան ցուցաբերման: