Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստորագրուած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Սահմանազատման Եւ Սահմանային Անվտանգութեան Հարցերով Յանձնախումբերու Միացեալ Գործունէութեան Մասին Կանոնակարգը

August 31, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ ստորագրուած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբերու միացեալ գործունէութեան մասին կանոնակարգը:

19 ապրիլ 2024-ին ստորագրուած` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման պետական յանձնախումբի 8-րդ հանդիպումի արձանագրութեան համապատասխան` յանձնախումբերը աւարտած են միացեալ գործունէութեան մասին կանոնակարգի համաձայնեցման աշխատանքը:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, թէ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը սկսած են ներպետական ընթացակարգերու իրականացումը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը, պատասխանելով «Արմէնփրես»-ի հարցումներուն, հաղորդեց, որ կանոնակարգը ստորագրուած է բնօրինակ փաստաթուղթերը դիւանագիտական խողովակներով փոխանակելու միջոցով:

Փաստաթուղթը սահմանուած կարգով հրապարակային պիտի դառնայ յառաջիկայ երկուշաբթի օր: Անիկա քննարկման համար պիտի ներկայացուի կառավարութեան, որմէ ետք պիտի սկսի Ազգային ժողովին մէջ անոր վաւերացման ընթացակարգը, եւ այս նպատակով փաստաթուղթը նախ պիտի ուղարկուի Սահմանադրական դատարան` Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան անոր համապատասխանութիւնը որոշելու համար:

 

 

 

Նախորդը

Ալիեւ. «Հայաստանը Շահագրգռուած Չէ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Կնքումով Եւ Շրջանին Մէջ Կայուն Խաղաղութեան Հաստատումով»

Յաջորդը

Ակնարկ. 3+3-ը` Վրաստանի Ընտրութիւններէն Ետք

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.