Գլխաւոր լուրեր

Հըզպալլան Բուռն Կերպով Հակադարձեց Ապու Նաամէ Նասերի Ահաբեկման

Հըզպալլան Բուռն Կերպով Հակադարձեց Ապու Նաամէ Նասերի Ահաբեկման

Հըզպալլա յայտարարեց, որ հակադարձելով հարաւային Լիբանանի գիւղերուն վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն, մասնաւորաբար Շեպաա գիւղի ռմբակոծման եւ կնկայ մը վիրաւորման, իր մարտիկները «Քաթիուշա» տիպի հրթիռներով հարուածած են Քաֆարպլում բնակեցման վայրին մէջ իսրայէլացի զինուորներու նորաստեղծ դիրք մը: Կուսակցութիւնը նաեւ յայտնեց, որ հակադարձելով Սուրի Հաուշ շրջանին մէջ Իսրայէլի կատարած ահաբեկչման, Դիմադրութեան մարտիկները տարբեր տեսակի աւելի քան 200 հրթիռներով հարուածած են իսրայէլեան բանակի «Իալաթ», «Քացաւիա»,...

Համաս Պատասխանեց Զինադադարի Առաջարկին

Համաս Պատասխանեց Զինադադարի Առաջարկին

Համաս շարժումը հակիրճ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Մեր պաղեստինցի ժողովուրդին վրայ յարձակումը դադրեցնելու համար, մեր միջնորդ եղբայրներուն (Քաթարի եւ Եգիպտոսի, «Ա.») հետ կարգ մը գաղափարներու փոխանակում կատարեցինք»: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը նախքան այդ յայտնեց. «Միջնորդները Իսրայէլին փոխանցեցին Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման առաջարկին վերաբերեալ Համասի պատասխանը»` աւելցնելով. «Իսրայէլ կը սերտէ Համասի պատասխանը, եւ իր պատասխանը միջնորդներուն պիտի յղէ»: Իսրայէլացի պաշտօնատար...

Փաթել. «Ուաշինկթըն ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովի  Ծիրին Մէջ Երեւանի Եւ Պաքուի Հետ Որոշակի  Հանդիպումներու Ուղղութեամբ Պիտի Աշխատի»

Փաթել. «Ուաշինկթըն ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովի Ծիրին Մէջ Երեւանի Եւ Պաքուի Հետ Որոշակի Հանդիպումներու Ուղղութեամբ Պիտի Աշխատի»

Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ որոշակի հանդիպումներու ուղղութեամբ աշխատիլ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վետանթ Փաթել: Ան ընդգծած է, որ Ուաշինկթընի համար Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ բանակցութիւնները առաջնահերթութիւն են: «Հարաւային Կովկասի ծիրին մէջ ասիկա մեզի համար առաջնահերթութիւն է, առաջնահերթութիւն...

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Հայաստանի  Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Վրայ  Տիրող Կացութեան Նկատմամբ

Մոսկուա. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովին Հրաւիրելով` Արեւմուտքը Կ՛ուզէ Մոսկուայի Բարեկամները Հեռացնել Անոր Հետ Համագործակցութենէն»

Հայաստանն ու Ազրպէյճանը ՕԹԱՆ-ի ուաշինկթընեան վեհաժողովին հրաւիրելով` Արեւմուտքը կ՛ուզէ Ռուսիոյ բարեկամները հեռացնել վերջինիս հետ համագործակցութենէն: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամլոյ բաժանմունքի փոխտնօրէն Անտրէյ Նասթասին: Անոր համաձայն, ասիկա ամերիկացիներու աշխարհի բոլոր շրջաններուն վրայ իրենց կործանարար ազդեցութիւնը տարածելու փորձերու հերթական օրինակն է: «Ասիկա ամերիկացիներուն, իրենց կործանարար ազդեցութիւնը աշխարհի բոլոր շրջաններուն վրայ տարածելու փորձերու եւս մէկ օրինակ...

Միքաթի. «Լիբանանի Մէջ Մեր Ընտրանքը  Խաղաղութիւնն Է, Սակայն Ժողովուրդ Մըն Ենք,  Որ Իր Գերիշխանութեան Եւ Քաղաքայիններուն  Վրայ Յարձակումները Չի Հանդուրժեր»

Միքաթի. «Լիբանանի Մէջ Մեր Ընտրանքը Խաղաղութիւնն Է, Սակայն Ժողովուրդ Մըն Ենք, Որ Իր Գերիշխանութեան Եւ Քաղաքայիններուն Վրայ Յարձակումները Չի Հանդուրժեր»

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի «Լիբանանի դերն ու դիրքորոշումը Իսրայէլի ոտնձգութիւններուն եւ միջազգային հռչակագիրներու միջեւ» ձեռնարկի ընթացքին յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումները, անոր բնակիչներուն դիտաւորեալ սպանութիւնը «ոչ միայն մեր կողմէ դատապարտելի եւ մերժելի են, այլ նաեւ բացայայտօրէն քանդիչ եւ ահաբեկչական յարձակումներ են, որոնց շարունակութեան եւ ոճիրին պէտք է միջազգային ընտանիքը վերջ դնէ»: «Լիբանանի մէջ մեր ընտրանքը խաղաղութիւնն էր...

Մաքրոն Նեթանիահուին Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիբանանի Հետ  Ճակատի Բռնկումը Կանխարգիլելու

Մաքրոն Նեթանիահուին Կոչ Կ՛ուղղէ` Լիբանանի Հետ Ճակատի Բռնկումը Կանխարգիլելու

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին «Լիբանանի մէջ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ կացութեան սրումը կանխարգիլելու բացարձակ անհրաժեշտութիւնը» շեշտած է: Այս մասին հաղորդեց Էլիզէի պալատը: Էլիզէի պալատին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Մաքրոն «անգամ մը եւս իր մտահոգութիւնը յայտնեց Կապոյտ գիծի երկայնքին Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ լարուածութեան մագլցումին նկատմամբ եւ բացարձակ անհրաժեշտութիւնը շեշտեց կանխարգիլելու...

Իրանի Մէջ Նախագահական Ընտրութեան 2-րդ Փուլէն Առաջ Փեզեշքեան Կը Շարունակէ Մնալ Առաջին Դիրքի Վրայ

Իրանի Մէջ Նախագահական Ընտրութեան 2-րդ Փուլէն Առաջ Փեզեշքեան Կը Շարունակէ Մնալ Առաջին Դիրքի Վրայ

Ըստ իրանեան «Շենախթ» վերլուծական կեդրոնին կատարած հարցախոյզի արդիւնքին, Իրանի մէջ նախագահական ընտրութեան ուրբաթ օր նախատեսուած 2-րդ փուլէն առաջ նախագահական ընտրութեան յաղթելու հաւանական թեկնածուն կը մնայ բարեկարգչականներու թեկնածու Մասուտ Փեզեշքեանը: Հազար իրանցիներու մասնակցութեամբ կատարուած հարցախոյզին համաձայն, քուէարկութեան պիտի մասնակցի հարցախոյզի մասնակիցներուն 42 առ հարիւրը: Փեզեշքեանի ի նպաստ քուէարկելու պատրաստ է հարցախոյզի մասնակիցներուն 52 առ հարիւրը, իսկ պահպանողականներու թեկնածու Սայիտ Ժալիլիին ի...

Ակնարկ.  Երրորդ Փուլին Ներառուած Գործընթացները

Ակնարկ. Երրորդ Փուլին Ներառուած Գործընթացները

Պաշտօնական խօսափող նկատուող իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայաններէն մէկուն հրապարակած լուրը ուշագրաւ է եւ կրնայ լոյս սփռել հետագայ իրադարձութիւններուն վրայ: Ուրեմն, ըստ այդ հրապարակումին, կը նախատեսուի, որ պատերազմի ներկայ ընթացքը կ՛աւարտի տասը օրէն, որմէ ետք բանակը կ՛անցնի պատերազմի երրորդ փուլին եւ կը ձեռնարկէ Լիբանանի հետ հիւսիսային սահմանի կացութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն: Այս տեղեկատուութիւնը քանի մը գործընթացի նախադրեալ կը բովանդակէ: Առաջինը այն, որ Կազայի...

Պլինքըն. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ  Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելու  Բացառիկ Կարելիութիւն Կայ»

Պլինքըն. «Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելու Բացառիկ Կարելիութիւն Կայ»

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնութիւններու ձեռքբերման բացառիկ կարելիութիւն կայ: Այս մասին «Պրուկինկզ» հիմնարկին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն: «Երկիրներու միջեւ խաղաղութեան համաձայնութիւնները իրագործելու բացառիկ կարելիութիւն  կայ, ինչ որ պիտի դադրեցնէ տասնեակ տարիներ շարունակուող տագնապը, եւ, կը կարծեմ, շրջանին մէջ հսկայական կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ տնտեսական կապերու, տնտեսական աճի, Արեւելքի եւ Արեւմուտքի,...

Խարազի. «Եթէ Իսրայէլ Լայնածաւալ Պատերազմ Շղթայազերծէ, Իրան Հըզպալլային Աջակցելու Համար Բոլոր Միջոցները Պիտի Օգտագործէ»

Խարազի. «Եթէ Իսրայէլ Լայնածաւալ Պատերազմ Շղթայազերծէ, Իրան Հըզպալլային Աջակցելու Համար Բոլոր Միջոցները Պիտի Օգտագործէ»

Իրանեան արտաքին յարաբերութիւններու ռազմավարական բարձրագոյն խորհուրդի նախագահ Քամալ Խարազի յայտնած է. «Եթէ Իսրայէլ Հըզպալլայի վրայ լայնածաւալ յարձակում շղթայազերծէ, շրջանային պատերազմ ծագեցնելու վտանգը պիտի դիմագրաւէ»: Այս մասին հաղորդեց բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը: «Եթէ Իսրայէլ լայնածաւալ պատերազմ շղթայազերծէ, Իրան Հըզպալլային աջակցելու համար բոլոր միջոցները պիտի օգտագործէ», յայտարարեց Խարազի: Ան ըսաւ, որ եթէ լայնածաւալ պատերազմ ծագի, «ամբողջ լիբանանցի ժողովուրդը, արաբական պետութիւններն ու Դիմադրութեան...

Սէուտական Արաբիան  10 Միլիոն Տոլար Տրամադրեց

Սէուտական Արաբիան 10 Միլիոն Տոլար Տրամադրեց

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի Աղէտներ հակազդելու «Սալման թագաւոր»-ի կեդրոնին եւ Լիբանանի մէջ Աղէտներու շտապ հակազդելու գերագոյն խորհուրդին միջեւ համագործակցութեան յուշագիրի ստորագրման արարողութեան ընթացքին յայտարարեց. «Սէուտական Արաբիան Լիբանանի մէջ «Սալման թագաւոր»-ի կեդրոնին ճամբով 10 միլիոն տոլարի նիւթական նպաստ պիտի տրամադրէ»: Պուխարի ըսաւ, որ այս աջակցութիւնը բնական արդիւնքն է մարդասիրական եւ աղէտներու շտապ հակազդման աջակցելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Հանրապետութեան...

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կը Մօտենայ Համասի  Զինուորական Կարողականութեան Ոչնչացման»

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կը Մօտենայ Համասի Զինուորական Կարողականութեան Ոչնչացման»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ Իսրայէլ կը մօտենայ պաղեստինեան Համաս շարժումի զինուորական կարողականութեան վերջնական ոչնչացման: Նեթանիահուի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Կը յառաջանանք դէպի Համասի բանակի ոչնչացման փուլի աւարտը, եւ պիտի շարունակենք անոնց մնացորդները հարուածել»: Նեթանիահու նշեց, որ «Շիֆա» բժշկական համալիրի տնօրէնի ազատ արձակումը մեծ սխալ եւ բարոյական ձախողութիւն է` աւելցնելով, որ այդ որոշումը տրուած է առանց քաղաքական ղեկավարութեան...

Արցախի Ազգային Ժողովի  Խմբակցութիւններու Յայտարարութիւն

Արցախի Ազգային Ժողովը Կ՛ողջունէ Ամերիկացի Քոնկրեսականներու Կողմէ Ներկայացուած Բանաձեւը

Երէկ Արցախի Ազգային ժողովը յատուկ յայտարարութեամբ ողջունեց 28 յունիսին Միացեալ Նահանգներուն Քոնկրեսին ներկայացուած` Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի բնակչութեան նկատմամբ ցեղային զտումները դատապարտող բանաձեւը: Ստորեւ` Արցախի Ազգային ժողովի հրապարակած յայտարարութիւնը. «Ողջունում ենք Միացեալ Նահանգների քոնկրեսականներ Աննա Էշուի եւ Քրիս Սմիթի կողմից Միացեալ Նահանգների Ներկայացուցիչների պալատ ներկայացուած բանաձեւը, որով առաջարկւում է պաշտօնապէս ճանաչել Ազրպէյճանի կողմից Արցախում իրականացուած ցեղային զտումները, պատասխանատուութիւն պահանջել Ազրպէյճանից ռազմական...

Քանի. «Թել Աւիւ Սուղ Գին Պիտի Վճարէ, Եթէ Յարձակում Կատարելու Սխալը Գործէ, Որովհետեւ Լիբանանեան Դիմադրութեան Ուժերը Կատարելապէս Պատրաստ Են Հակադարձելու»

Քանի. «Թել Աւիւ Սուղ Գին Պիտի Վճարէ, Եթէ Յարձակում Կատարելու Սխալը Գործէ, Որովհետեւ Լիբանանեան Դիմադրութեան Ուժերը Կատարելապէս Պատրաստ Են Հակադարձելու»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաքերի Քանի յայտնեց, որ  Լիբանանի մէջ Իսրայէլի գործելիք որեւէ սխալ անոր շահերուն պիտի չծառայէ եւ շրջանային մակարդակի վրայ նոր պայմաններ պիտի ստեղծէ` շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը հակադարձելով բռնագրաւումին շատ սուղ գին վճարել պիտի տայ: Քանի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ «լիբանանեան Դիմադրութեան ուժերը կատարելապէս պատրաստ են...

8 Տարի Ետք.  Արաբական Լիկան Հըզպալլան «Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն» Նկատելէն Ետդարձ Կը Կատարէ

8 Տարի Ետք. Արաբական Լիկան Հըզպալլան «Ահաբեկչական Կազմակերպութիւն» Նկատելէն Ետդարձ Կը Կատարէ

Հըզպալլան «ահաբեկչական կազմակերպութիւն» որակելէն 8 տարի ետք, Արաբական լիկան ետդարձ կատարեց: Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Հուսամ Զաքի յայտարարեց, որ լիկան Հըզպալլան այլեւս ահաբեկչական կազմակերպութիւն չի նկատեր: Ան այս մասին յայտարարեց Պէյրութ իր այցելութենէն ետք «Գահիրէ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին: Զաքի բացատրեց, որ Արաբական լիկան նախապէս որոշած էր Հըզպալլան «ահաբեկչական կազմակերպութիւն» որակել, ինչ որ պատճառ դարձած էր անոր...

Ֆրանսայի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ.  Ծայրայեղ Աջը Առաջին Անգամ Ըլլալով Առաջին Դիրքի Վրայ

Ֆրանսայի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ. Ծայրայեղ Աջը Առաջին Անգամ Ըլլալով Առաջին Դիրքի Վրայ

Ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային միաւորումը Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով գրաւեց առաջին դիրքը, ինչ որ վատ կացութիւն կը ստեղծէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի համար, որ 9 յունիսին Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն իր կուսակցութեան բերած վատ արդիւնքին լոյսին տակ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու հրաւիրած էր: Նախնական տուեալներուն համաձայն, Մարին Լը Փենի ղեկավարած Ազգային միաւորումը ապահոված է քուէներուն 33,1 առ հարիւրը, ձախակողմեան Նոր...

Իսրայէլեան Բանակը Կազայէն Շուրջ 50 Գերիներ Ազատ Արձակեց

Իսրայէլեան Բանակը Կազայէն Շուրջ 50 Գերիներ Ազատ Արձակեց

Իսրայէլեան բանակը երէկ առտու ազատ արձակեց Կազայէն շուրջ 50 գերիներ, որոնց շարքին էր «Շիֆա» բժշկական համալիրի տնօրէն տոքթ. Մոհամետ Ապու Սլմիէն, որ անցեալ նոյեմբերէն ի վեր կալանաւորուած էր: Իսրայէլեան բանակը բժշկական համալիրին մէջ զինեալներու եւ Համասի ենթակառոյցի գոյութեան պնդումով զայն պաշարելէ, ռմբակոծելէ, ապա այդտեղ ներխուժելէ ետք ձերբակալած էին տոքթ. Սլմիէն ու շարք մը բժիշկներ եւ հիւանդապահներ: Տոքթ. Սլմիէ ազատ արձակուելէ...

«Մեր Բոլորի Ցանկութիւնն Է, Որ Այս  Դարպասները Երբեք Թշնամի Չտեսնեն»  Սիւնիքի Մէջ Ընդգծեց Բագրատ Սրբազան

«Մեր Բոլորի Ցանկութիւնն Է, Որ Այս Դարպասները Երբեք Թշնամի Չտեսնեն» Սիւնիքի Մէջ Ընդգծեց Բագրատ Սրբազան

Վարչապետի հրաժարականը պահանջող «Սրբազան պայքար» շարժումի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան անցեալ շաբաթավերջին շարժումին աջակիցներուն հետ այցելեց Սիւնիք: Սրբազանը նախ կանգ առաւ Վայքի մէջ, Ս. Տրդատ եկեղեցիին մէջ աղօթեց եւ խօսեցաւ «Սրբազան պայքար»-ի նպատակներուն մասին: «Սա միայն իշխանափոխութեան մասին չէ: Իշխանափոխութիւնը պարզապէս փոքրիկ բաղադրիչ մըն է, ով որ չ՛ընկալեր ատիկա, կապ չունի շարժումին հետ: Ինչի մէջ որ մենք կը գտնուինք` իբրեւ...

Հարաւ Իր Այցելութեան Աւարտին.  Միքաթի. «Դիմադրութիւնը Իր Պարտականութիւնը Կը Կատարէ, Լիբանանեան Կառավարութիւնը Եւս Կը Կատարէ, Եւ Մեր Նպատակը Երկիրը Պաշտպանելն Է»

Հարաւ Իր Այցելութեան Աւարտին. Միքաթի. «Դիմադրութիւնը Իր Պարտականութիւնը Կը Կատարէ, Լիբանանեան Կառավարութիւնը Եւս Կը Կատարէ, Եւ Մեր Նպատակը Երկիրը Պաշտպանելն Է»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի հարաւային Լիբանան իր ստուգողական այցելութեան աւարտին յայտնեց. «Այսօր Սուր քաղաք այցելութիւնը բազմերես պատգամներ ունի, առաջին երեսը կը վերաբերի այցելութեանս բանակին մէջ Լիթանիէն հարաւի շրջանի հրամանատարութեան, որ կը վստահեցնենք, որ հայրենիքի թիկունքն ու դարպասն է: Այդտեղ սպաները ինծի կէս ժամուան տեւողութեամբ ներկայացուցին բանակի պատրաստութիւնն ու կացութիւնը, եւ հաստատօրէն կարիքը կայ սպառազինութիւնն ու զինուորները աւելցնելու` ամբողջական կերպով գործադրելու...

Նասրալլա. «Շրջանին Մէջ Դիմադրութեան Ձեռքբերումները Մեր Ժողովուրդը Դրին Մեծ Յաղթանակին` Պաղեստինի Ազատագրութեան Ճամբուն Վրայ»

Նասրալլա. «Շրջանին Մէջ Դիմադրութեան Ձեռքբերումները Մեր Ժողովուրդը Դրին Մեծ Յաղթանակին` Պաղեստինի Ազատագրութեան Ճամբուն Վրայ»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Իրանի Մաշհատ քաղաքին մէջ Աքսայի պաշտպանութեան եւ Դիմադրութեան ճակատի նահատակներու միջազգային խորհրդաժողովին իր յղած պատգամին մէջ յայտնեց. «Նահատակներուն ձեռքբերումներն ու այն ինչ որ անոնց թափած արիւնը իրագործեց, անոնց մեզի տուած յաղթանակներն ու ազատագրումները միշտ ու ամէն օր մեր առջեւ են»: «Այսօր այն, ինչ որ Կազայի եւ բռնագրաւեալ Պաղեստինի մէջ մեր հարազատները կը մատուցեն` տասնեակ...

Page 160 of 796 1 … 159 160 161 … 796

Արխիւներ