Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն Այս Շաբաթ Համասին Եւ Իսրայէլին Պիտի Ներկայացնէ Իր Վերջնական Առաջարկը

Սեպտեմբեր 4, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լաւատեղեակ երկու աղբիւրներ ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն կրնայ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ գերիներու փոխանակման համաձայնութեան վերաբերեալ իր վերջին առաջարկը ներկայացնել այս շաբաթ ամէնէն մօտ ժամանակին:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իր կարգին «Էն.ՊԻ.Սի.»-ին յայտնեց, որ Պայտըն երէկ իր աշխատանքային խումբին հետ քննարկած է Եգիպտոսի եւ Քաթարի միջնորդութեամբ իր վերջնական առաջարկի ներկայացման հարցը:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է Կազայի վերջին զարգացումները:

Սալիվըն նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իսրայէլի ռազմավարական հարցերու նախարար Ռոտ Տերմըրի հետ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի ղեկավար Տաւիտ Պարնէա երկուշաբթի օր այցելած է Տոհա, ուր Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման ու գերիներու փոխանակման բանակցութիւններուն ծիրին մէջ քննարկումներ կատարած է միջնորդներուն հետ:

Մինչ այդ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան բանակի ցամաքային ուժերու հրամանատար Թամիր Եատյի հրաժարած էր իր պաշտօնէն:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամի յայտարարեց. «30 զէնքերու, ներառեալ Կազայի մէջ ներկայիս օգտագործուող զէնքերու Իսրայէլ արտածելու արտօնագիրները պիտի առկախենք»: Ան նշեց, որ այդ զէնքերը կը ներառեն պատերազմական օդանաւերու, ուղղաթիռներու եւ անօդաչու թռչող սարքերու պահեստամասեր:

Լամի ընդգծեց, որ ատիկա զէնքերու արտածման ամբողջական արգիլում չի նշանակեր, Լոնտոն կը շարունակէ Իսրայէլի` «միջազգային օրէնքին համաձայն ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին աջակցիլ»` աւելցնելով. «Մեր առած քայլը Իսրայէլի անվտանգութեան վրայ շօշափելի ազդեցութիւն պիտի չունենայ»:

Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ճոն Հիլի իր կարգին նշեց. «Իսրայէլի զէնքերու մատակարարման արտօնագիրի առկախումը, անոր ինքզինք պաշտպանելու կարողութիւնը պիտի չվտանգէ»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու մեկնաբանելով Բրիտանիոյ որոշումը յայտարարեց. «Իսրայէլ բրիտանական զէնքերու գոյութեամբ կամ առանց անոնց այս պատերազմին մէջ պիտի յաղթէ»:

«Բրիտանական ամօթալի որոշումը Համասը պարտութեան մատնելու վրայ Իսրայէլի պնդումը պիտի չփոխէ», նշեց Նեթանիահու:

Համասի զինեալ թեւին Քասսամի փաղանգներու զինուորական բանբեր Ապու Ուպէյտա յայտնեց, որ Նուսէյրաթի դէպքէն ետք, գերիներուն հսկող զինեալներուն տրուած են նոր ցուցմունքներ, որոնք կը վերաբերին իսրայէլեան բանակին գերիներու գտնուած վայրին մօտենալուն պարագային որդեգրուելիք քայլերուն:

Ապու Օպէյտա նշեց, որ Նեթանիահուի գերիները փոխան գործարքի կնքման զինուորական գործողութեամբ ազատելու վրայ պնդումը պիտի նշանակէ, թէ անոնք իրենց հարազատներուն պիտի վերադառնան դագաղներու մէջ, եւ անոնց ընտանիքներուն կը մնայ ընտրել, եթէ զանոնք կ՛ուզեն մահացած, թէ ողջ տեսնել:

Ան ըսաւ, որ միայն Նեթանիահուն եւ իսրայէլեան բանակը կը կրեն գերիներու մահուան ամբողջական պատասխանատուութիւնը, որովհետեւ դիտաւորեալ կերպով կը խանգարեն զանոնք փոխանակելու որեւէ գործարք` մեկնելով իրենց նեղ հաշիւներէն, ինչպէս նաեւ դիտաւորեալ կերպով գերիներէն տասնեակներ սպաննած են ուղղակի օդային ռմբակոծումով:

 

Նախորդը

«Նեթանիահուի Այսրյորդանանը Բռնագրաւումին Կցող Քարտէս Օգտագործելը Անոր Կառավարութեան Օրակարգերուն Իրականութիւնը Կը Բացայայտէ» Կ՛ըսէ Պաղեստինի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

Յաջորդը

Լիբեանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?