Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ կը քննարկուի Ազրպէյճանի հիմնական տարածքը Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանին կապող երթուղիի ապաշրջափակման հարցը:
«Այն երթուղին, որ կրնայ Հայաստանի տարածքով Ազրպէյճանի հիմնական տարածքը կապել Նախիջեւանին, կը քննարկուի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եռակողմ աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ:
«Մենք տեսած ենք իրանեան կողմի մտահոգութիւնը, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ի գաղափարին վերաբերեալ, բացատրութիւններու համար պէտք է դիմել Թեհրանին: Այս հարցին մէջ Մոսկուայի դիրքորոշումը յայտնի է` որոշումը պէտք է փոխադարձ ընդունելի ըլլայ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ շրջանի դրացիներուն համար», ըսած է Զախարովա:
Զախարովա յայտարարած է, որ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւնները ուժի մէջ են. «Այո՛, 2020-2022 թուականներու եռակողմ յայտարարութիւնները ուժի մէջ կը նկատուին, եւ նախկինին նման անոնք հայ-ազրպէյճանական հաշտեցման հիմքն են: Մենք կը կարծենք, որ ատոնց այլընտրանք չկայ»:
Անոր համաձայն, այս պահուս հայկական կողմէն եռակողմ յայտարարութիւններէն ստորագրութիւնը ետ կանչելու կամ զայն չեղեալ նկատելու մասին որեւէ խօսք չկայ. «Այդ համաձայնութիւնները կասկածի տակ դնելու փորձերը չափազանց վտանգաւոր են»:
Ըստ Զախարովայի, հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը առարկայականօրէն քննարկուած է Ռուսիոյ նախագահի Ազրպէյճան պետական այցելութեան ժամանակ, նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը լրագրողը յորդորած է ճշդել` Երեւանը այդ համաձայնութիւնները գործող կը նկատէ՞, թէ՞ ոչ. «Սակայն ես Երեւանէն որեւէ յայտարարութիւն չեմ տեսած, թէ այդ համաձայնութիւնները վաւեր չեն նկատեր»:
Պատասխանելով հայերու Արցախի բռնի տեղահանուած բնակիչներու` իրենց պատմական հայրենիք վերադարձի հարցի լուծման պատկերացման մասին հարցումի մը, Զախարովա ըսած է. «Ինչպէ՞ս Մոսկուա կը տեսնէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու հաւանական վերադարձը. իսկ ինչպէ՞ս ատիկա կը տեսնէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ունի՞ որեւէ ծրագիր: Եթէ որեւէ ծրագիր կայ` ձեւակերպուած Հայաստանի վարչապետին կողմէ, ապա ես հաճոյքով անոնց ալ կը ծանօթանայի եւ կը մեկնաբանէի: Ինչո՞ւ այլ պետութեան ներկայացուցիչին հարցում կ՛ուղղէք, թէ մենք ատիկա ինչպէ՞ս կը պատկերացնենք»:
Զախարովա նաեւ նշած է, որ առանց հրատապ հարցերու վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման, ատոր իրագործումը դժուար է: