Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. 3+3-ը` Վրաստանի Ընտրութիւններէն Ետք

August 31, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահին այցելութիւնը Պաքու իր քաղաքական շարունակականութիւնը ունի: Այս պարագային հայկական հայեցակէտը կը կեդրոնանայ Մոսկուա – Պաքու առեւտրատնտեսական համագործակցութենէն բացի հայ-ազրպէյճանական հանգոյցներուն ուղղութեամբ Մոսկուայի որդեգրած մօտեցումներուն վրայ:

Բնականաբար նշուած ուղղութիւններուն առումով փոխառնչութիւն կայ: Խորապատկերը մեկուսացուող Ռուսիոյ համար Ազրպէյճանի ներկայացուցած դերով կը գծագրուի. այդ պատճառով ալ Մոսկուան Պաքուի պահանջներուն հետ հաշուի նստելու հիմնաւորումներ ունի:

Հիւսիս-հարաւի նոր նախագիծեր կը յայտնուին առնչուած կողմերու մամլոյ վերլուծական նիւթերուն մէջ, որոնք կը խօսին Ռուսիոյ Ազրպէյճանի միջոցով ապաշրջափակման այլընտրանքներուն մասին: Խօսքը մասնաւորաբար Տոն-Վոլկա գետերուն վրայով ռուսական ուժանիւթի, ցորենի եւ ապրանքատեսակներու Ազրպէյճանի մատակարարման մասին է: Աւելի ճիշդը` Ազրպէյճանի միջոցով վերարտահանման:

Փութինի Պաքու այցելութեան մեկնաբանութիւնները առաւելաբար նման օրակարգերուն վրայ կեդրոնացած են: Այդ կէտերուն մաս կը կազմեն անշուշտ ռուսական վերահսկողութեամբ Թուրքիա – Նախիջեւան – Հայաստան – Ազրպէյճան ցամաքային եւ երկաթուղային ուղիները:

Այս շրջածիրին մէջ պէտք է դիտարկել այդ այցելութեան առիթով Մոսկուայէն եւ Պաքուէն հնչած յայտարարութիւնները առ այն, որ նախկին պայմանաւորուածութիւնները պէտք է յարգուին, եւ թէ Ազրպէյճանը համաձայն է ռուսական միջնորդական հարթակին:

Նախկին պայմանաւորուածութիւններու փակագիծերը բացաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը, յայտարարելով, որ եռակողմ համաձայնութիւնները տակաւին ի զօրու են, եւ թէ զանոնք կասկածի տակ դնելու փորձերը չափազանց վտանգաւոր են:

Խօսքը հիմնականին մէջ նոյեմբերեան յայտարարութեան մասին է: Զայն բաղկացնող կէտերէն (ընդամէնը` 9) կարելի է արձանագրել, որ ըստ էութեան 8-ը իրողապէս չեղարկուած են: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադար հաստատելու ժամկէտը, Աղտամը Ազրպէյճանի վերադարձնելը, շփման գիծի եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքով ռուսական զօրքերու տեղակայումը, հայկական ուժերու դուրս բերումը, խաղաղապահներու հնգամեայ ժամկէտը, վերահսկիչ կեդրոնի հաստատումը, Քելպաջարի եւ Լաչինի անցումային կարգավիճակներու ճշդումը, տեղահանուածներու եւ գաղթականներու վերադարձի հետ կապուած ՄԱԿ-ի համապատասխան վերահսկողութեան յանձնառութիւնը բոլո՛րը ժամանակավրէպ եւ գործնապէս օրակարգէ դուրս եկած, չեղարկուած կէտեր են:

Առկախ մնացած է միայն 9-րդ կէտը` տարածաշրջանի ապաշրջափակումը ռուսական վերահսկողութեան ներքեւ:

Պարզ է, որ այստեղ միայն հայկական կողմի անհամաձայնութիւնը չէ: Թեհրանը մէկ անգամ չէ, որ վճռականութիւն յայտնած է Հայաստանի հետ իր սահմանային կարգավիճակի դէմ փոփոխութեան մասին:

Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին յայտարարութիւնը կարեւոր բաղադրիչ ունէր:

Ան խօսած էր իրանեան կողմի մտահոգութիւններուն մասին «Զանգեզուրեան միջանցք»-ին նկատմամբ եւ աւելցուցած, որ պէտք է դիմել Թեհրանին` բացատրութիւններու համար, պարզաբանելով, որ Մոսկուայի դիրքորոշումը պայմանաւորուած է այս ծրագիրին շուրջ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ շրջանային այլ պետութիւններու ընդունելիութեամբ:

Այս ձեւակերպումը կը ներառէ Հայաստանը, Ազրպէյճանը, Վրաստանը, Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրանը: Այլ խօսքով` 3+3-ը:

Պատահական չէ ուրեմն այն, որ Պաքուի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը կը յայտարարէր, որ ներկայիս կը համաձայնեցուի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով «3+3» ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումի ժամկէտը:

Միջանցքի օրակարգը այս ձեւով կը տեղափոխուի 3+3 հարթակ:

Թէական է տակաւին, թէ մինչ այդ չկայացած այս ձեւաչափը կը գործարկուի՞, թէ՞ ոչ:

Կարեւոր հանգամանք մըն ալ ինքզինք զգալի կը դարձնէ այս բոլորին մէջ: 3+3-ին ներառուած կամ չներառուած Վրաստանի ընտրութիւնները սարերու ետեւ չեն:

Յայտնաբար Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք է, որ պիտի ճշդուի 3+3-ի գումարման ժամկէտը:

Այդ ընտրութիւններուն արդիւնքը կրնայ լոյս սփռել տարածաշրջանային առաջադրուող հարթակի գործարկման կարելիութիւններուն վրայ:

«Ա.»

Նախորդը

Ստորագրուած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Սահմանազատման Եւ Սահմանային Անվտանգութեան Հարցերով Յանձնախումբերու Միացեալ Գործունէութեան Մասին Կանոնակարգը

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 169-ի Լուծում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.