Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուսա. «Կիրակի Օրուան Ճակատումի Աւարտը Անպայման Չի Նշանակեր, Թէ Վտանգը Վերջ Գտած Է»

August 31, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. «Նախապէս չըսինք, թէ Կազայի պատերազմը Լիբանանի վրայ չ՛ազդեր, սակայն ատիկա չ՛արգիլեր այս լարուածութիւնը մեղմացնելու համար աշխատիլ, եւ պէտք է տեղի ունեցողէն օգտուիլ նախագահական տագնապէն դուրս գալու համար»:

«Ազդեցութիւնը կայ, սակայն այդ գաղափարին անձնատուր չենք ըլլար: Պէտք է միասնաբար աշխատինք, որպէսզի ատիկա նախագահական թղթածրարի տագնապէն եւ յառաջիկայ այլ գործընթացներէն դուրս գալու խթան ըլլայ», շեշտեց Մուսա` աւելցնելով. «Լիբանան բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, եւ նախագահի բացակայութեան ու լիարժէք իրաւասութիւններու տէր կառավարութեան բացակայութեան խնդիրը պիտի չշտկուի»:

«Լիբանանի մէջ բոլոր կողմերուն հետ մեր զրոյցները ցոյց կու տան, թէ բոլորը փափաք ունին նախագահական թղթածրարը իր աւարտին հասցնելու, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը փորձէ բեկում յառաջացնել ըստ իր գնահատականին եւ նպատակին: Իբրեւ Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակ պէտք է երկխօսութիւն կատարենք հասնելու համար փոխզիջումնային լուծումի մը, որ իւրաքանչիւր խումբի նուազագոյնը կ՛ապահովէ, ուստի Լիբանանի մէջ ոչ ոք կրնայ ամէն ինչ ստանալ, եւ իբրեւ հնգեակ որեւէ խումբի մեկուսացումը չենք ընդունիր»:

Եգիպտոսի դեսպանը նաեւ նշեց. «Անցեալ կիրակի օր հարաւային Լիբանանի մէջ ճակատումին աւարտը անպայման չի նշանակեր, թէ վտանգը վերջ գտած է, եւ լուծումի ճամբուն վրայ լաւագոյն քայլը նախագահ ընտրելն է»:

Նախորդը

Միքաթի. «Սէուտական Արաբիոյ Ձեռնարկած Կանաչ Միջին Արեւելքի Նախաձեռնութեան Լիբանանի Միանալը Հիմնական Քայլ Է»

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.