Գլխաւոր լուրեր

Խամենէի. «Իրան «Զանգեզուրի Երթուղի»-ն Կը Նկատէ Ի Վնաս Հայաստանի Եւ Կը Շարունակէ Տէր Կանգնիլ Այս Դիրքորոշումին»

Խամենէի. «Իրան «Զանգեզուրի Երթուղի»-ն Կը Նկատէ Ի Վնաս Հայաստանի Եւ Կը Շարունակէ Տէր Կանգնիլ Այս Դիրքորոշումին»

Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը «Զանգեզուրի երթուղի»-ն կը նկատէ ի վնաս Հայաստանի եւ կը շարունակէ տէր կանգնիլ այս դիրքորոշումին: «Մեհր» կը հաղորդէ, որ այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնած է Իրանի յեղափոխութեան գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէին: «Մենք խորապէս կը հաւատանք Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման: Երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի շահերու հիման վրայ եւ...

Հայաստան Առաջին Անգամ Ըլլալով Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Դեսպան Ունի

Հայաստան Առաջին Անգամ Ըլլալով Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Դեսպան Ունի

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Գրիգորեանը, համատեղութեան կարգով, նշանակուած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան (նստավայրը` Ապու Տապի): Հրամանագիրի բնագիրը տեղադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքին վրայ: Հայաստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուեցան նոյեմբեր 2023-ի վերջաւորութեան: Արձանագրութիւնը Ապու Տապիի մէջ ստորագրեցին Կարէն Գրիգորեանն ու Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Սուլթան պըն Ապտալլա Անքարին:

Փեզեշքիանի Երդման Արարողութիւնը` Իրանի Խորհրդարանին Մէջ

Փեզեշքիանի Երդման Արարողութիւնը` Իրանի Խորհրդարանին Մէջ

Երէկ Իրանի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի երդման արարողութիւնը, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ան յայտարարեց. «Աշխատանք պիտի տանիմ շրջանային յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ աշխարհի հետ գործակցելու ողջմտութեան ու հասարակաց շահերու հիմամբ»: «Մեր կառավարութիւնը պիտի ըլլայ ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն մը, որ ժողովուրդի բոլոր տարրերը կը ներկայացնէ, եւ պիտի աշխատինք Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Խամենէիի հայեցակարգին հիմամբ»,...

Ակնարկ.  Սահմանափակումին Եւ Համապարփակումին Արանքին Անգարայի Ինքնախոստովանութիւնը

Ակնարկ. Սահմանափակումին Եւ Համապարփակումին Արանքին Անգարայի Ինքնախոստովանութիւնը

Կոլանի ուղղութեամբ իրականացած հրթիռակոծումը ստեղծեց անվտանգային լարուած եւ սուր իրավիճակ: Իսրայէլը շտապեց մեղադրելու Հըզպալլան` հիմնաւորելով իր մեղադրանքը հրթիռներու իրանեան արտադրատեսակ ըլլալով: Հըզպալլայի հերքումը նոյն արագութեամբ էր: Ուշագրաւը այն էր, որ հարուածուած բնակչութիւնը` Կոլանի տիւրզիները չընդունեցին իսրայէլեան մօտեցումները եւ նոյնիսկ իրենց բողոքը արտայայտեցին` մերժելով իսրայէլացի պաշտօնատարներուն մասնակցութիւնը զոհերու յուղարկաւորութեան: Այս բոլորը տեղի կ՛ունենային Իսրայէլի վարչապետին Ուաշինկթըն գտնուած ըլլալու միջոցին, Միացեալ Նահանգներու...

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւն-Թուրքիա  Սահմանին Վրայ Տեղի Պիտի Ունենայ  Ռուբինեան-Քըլըչ Հանդիպումը

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւն-Թուրքիա Սահմանին Վրայ Տեղի Պիտի Ունենայ Ռուբինեան-Քըլըչ Հանդիպումը

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւն-Թուրքիա սահմանին վրայ տեղի պիտի ունենայ յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըչի 5-րդ հանդիպումը: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Ռուբինեանի եւ Քըլըչի հանդիպումը նախատեսուած էր 3 յուլիսին, սակայն թրքական կողմը հրաժարեցաւ անկէ: Հայ-թրքական կարգաւորման հարցով յատուկ բանագնացները մինչեւ օրս պաշտօնական չորս հանդիպում ունեցած են, վերջինը` Վիեննայի մէջ: Այդ հանդիպումին կողմերը համաձայնած էին ամէնէն սեղմ...

Իսրայէլի Նախարարաց Սեղմ Խորհուրդը  Հըզպալլային Հակադարձելու Որոշում Տալու  Համար Լիազօրեց Նեթանիահուն Եւ Կալանթը

Իսրայէլի Նախարարաց Սեղմ Խորհուրդը Հըզպալլային Հակադարձելու Որոշում Տալու Համար Լիազօրեց Նեթանիահուն Եւ Կալանթը

Իսրայէլի նախարարաց սեղմ խորհուրդը իր երեք ժամ տեւած նիստի ընթացքին վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը լիազօրեց Լիբանանի մէջ իսրայէլեան հակադարձութեան որոշումը տալու: «Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ եւ Ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր քուէարկութեան ընթացքին ձեռնպահ մնացած են: Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ նախարարաց սեղմ խորհուրդը ճշդած է այն թիրախը, որ...

Պու Հապիպ. «Առնչակից Երկիրներէ Հաւաստիացումներ  Ստացանք, Թէ Իսրայէլեան Հակադարձութիւնը  Պիտի Ըլլայ Սահմանափակ, Այդպէս Պիտի Ըլլայ  Նաեւ Հըզպալլայի Հակադարձութիւնը»

Պու Հապիպ. «Առնչակից Երկիրներէ Հաւաստիացումներ Ստացանք, Թէ Իսրայէլեան Հակադարձութիւնը Պիտի Ըլլայ Սահմանափակ, Այդպէս Պիտի Ըլլայ Նաեւ Հըզպալլայի Հակադարձութիւնը»

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ «Ժատիտ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Առնչակից պետութիւններէն հաւաստիացումներ ստացանք, թէ իսրայէլեան հակադարձութիւնը պիտի ըլլայ սահմանափակ, այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ Հըզպալլայի հակադարձութիւնը»: «Ցաւալին եւ զաւեշտալին այն է, որ Իսրայէլ, որ Կազայի մէջ ջարդեր գործեց, բռնագրաւուած սուրիական Կոլանի մէջ կ՛ուզէ քաղաքայինները պաշտպանել, եւ մենք կը դատապարտենք քաղաքայիններու վրայ որեւէ յարձակում,...

Էրտողան. «Կրնանք Իսրայէլ Մուտք Գործել,  Ճիշդ Ինչպէս Ղարաբաղ Եւ Լիպիա Մուտք Գործեցինք»

Էրտողան. «Կրնանք Իսրայէլ Մուտք Գործել, Ճիշդ Ինչպէս Ղարաբաղ Եւ Լիպիա Մուտք Գործեցինք»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ Անգարա կրնայ Իսրայէլ մուտք գործել ճիշդ ինչպէս Արցախ եւ Լիպիա մուտք գործեց, եւ ոչինչ անոր կ՛արգիլէ: «Պէտք է շատ հզօր ըլլանք, որպէսզի Իսրայէլը չկարենայ բռնագրաւեալ Պաղեստինին այս բաները ընել: Ճիշդ ինչպէս Ղարաբաղ մուտք գործեցինք, ճիշդ ինչպէս Լիպիա մուտք գործեցինք, կրնանք նոյնը անոնց ընել: Չկայ բան մը, որ չենք կրնար ընել: Միայն պէտք է...

Լիզպոնի Գործողութեան  41-Ամեակի Նշում Երեւանի Մէջ

Լիզպոնի Գործողութեան 41-Ամեակի Նշում Երեւանի Մէջ

Յուլիս 27-ին Արամ Մանուկեանի յուշարձանին դիմաց ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը կազմակերպեց ոգեկոչման ձեռնարկ` նուիրուած Լիզպոնի գործողութեան 5 հերոսներուն` Վաչէ Տաղլեանին, Սեդրակ Աճէմեանին, Սիմոն Եահնիեանին, Արա Քրճըլեանին եւ Սարգիս Աբրահամեանին անձնազոհութեան 41-րդ տարելիցին: ՀՅԴ ՀԵՄ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Սեւակ Նազարեան անդրադարձաւ Լիզպոնի գործողութեան կարեւորութեան, անոր պարունակած խորհուրդին եւ ներկայ սերունդին փոխանցած պատգամին: Ան շեշտեց, որ 41 տարի առաջ Լիզպոնի մէջ կատարուած...

Ըստ Հայաստանի Արտաքին  Գործոց Նախարարութեան.  Պաքուն Ամէն Ինչ Պիտի Ընէ ՔՈՓ29-էն Ետք  Նոր Նախայարձակումի Համար

Երեւան Տակաւին Չէ Կողմնորոշուած «3+3» Ձեւաչափով Հանդիպումին Մասնակցելու Գծով

Երեւան տակաւին չէ կողմնորոշուած` Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք «3+3» ձեւաչափով արտաքին գործոց նախարարներու յառաջիկայ հանդիպումին պիտի մասնակցի՞, թէ՞ ոչ: Նման եզրակացութիւն կարելի է ունենալ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան` «Սփութնիք Արմենիա»-ի գրաւոր հարցումին պատասխան նամակէն: «3+3» ձեւաչափով շրջանային հարթակի երրորդ հանդիպման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մասնակցութեան վերաբերեալ յստակ համաձայնութեան առկայութեան պարագային հասարակութիւնը տեղեակ պիտի պահուի պատշաճ ժամանակին», կը յայտնեն արտաքին գործոց...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Միջազգային Ողիմպիական  Կոմիտէին Բողոք Ներկայացնել` Հայաստանի Վերաբերող  Ֆրանսացի Հաղորդավարին Խօսքերուն Համար

Ազրպէյճան Մտադիր Է Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէին Բողոք Ներկայացնել` Հայաստանի Վերաբերող Ֆրանսացի Հաղորդավարին Խօսքերուն Համար

Ազրպէյճան կը պատրաստուի բողոք ներկայացնել Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին` Հայաստանի մասին ֆրանսացի հաղորդավարի խօսքերուն համար: Ողիմպիական խաղերու բացման արարողութեան մասնակից խումբերու շքերթին ընթացքին, երբ Սեն գետէն անցած են հայ մարզիկները, ֆրանսական «Ֆրանս-2» պատկերասփիւռի կայանի հաղորդավարը ուղիղ եթերէն յայտնած է. «Հայերը, ի հարկէ, մեր բարեկամներն են, եւ Հայաստան պատմականօրէն ֆրանսացիներու սրտին մօտիկ երկիր է: «Անցեալ տարին սուգի տարի էր Հայաստանի համար, երբ...

Մաժտալ Շամսի Դէպքէն Ետք.  Իսրայէլ Կը Սպառնայ Հըզպալլային, Իսկ Լիբանան Կը Զգուշացնէ Շրջանային Պատերազմէ

Մաժտալ Շամսի Դէպքէն Ետք. Իսրայէլ Կը Սպառնայ Հըզպալլային, Իսկ Լիբանան Կը Զգուշացնէ Շրջանային Պատերազմէ

Իսրայէլ երէկ` կիրակի, 28 յուլիսին յայտարարեց, որ հիւսիսի մէջ իր ուժերու մարտական պատրաստուածութեան մակարդակը բարձրացուցած է, եւ Հըզպալլայի սպառնաց «սուղ գին» վճարել տալ Սուրիոյ բռնագրաւուած Մաժտալ Շամս տիւրզիական գիւղի մէջ արձանագրուած զոհերուն համար: Մինչ իսրայէլեան օդուժը Պեքաայի եւ հարաւային Լիբանանի վրայ յարձակումներ գործեց, Պէյրութ զգուշացուց շրջանային պատերազմի ծագումէն: Նշենք, որ Իսրայէլ շաբաթ գիշեր Հըզպալլան մեղադրեց Մաժտալ Շամս գիւղին վրայ հրթիռային...

Փեզեշքիան` Պաշտօնապէս Իրանի Նախագահ

Փեզեշքիան` Պաշտօնապէս Իրանի Նախագահ

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ, այաթոլլա սայետ Ալի Խամենէին երէկ Մասուտ Փեզեշքիանը նշանակեց Իրանի նախագահ: Աւելի ուշ, տեղի ունեցաւ նախագահի երդման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին երկրի տարբեր պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր ճեմարաններու եւ համալսարաններու դասախօսներ, գործարարներ, իրանցի նահատակներու խումբ մը ընտանիքներ եւ Իրանի մէջ հաւատարմագրուած օտար դեսպաններ:  

Լիզպոնի 41-Ամեակի Ոգեկոչում Եւ Հոգեհանգիստ

Լիզպոնի 41-Ամեակի Ոգեկոչում Եւ Հոգեհանգիստ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 26 յուլիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ նշուեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 41-ամեակը: Բացման խօսքը արտասանեց Կալի Թագւորեան: Օրուան բանախօսն էր Յակոբ Հաւաթեան: Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ Լիզպոնի գործողութիւնը ներկայացնող վաւերագրական տեսերիզ մը, ինչպէս նաեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ԼԵՄ-ականներ հանդէս եկան ասմունքով, իսկ ԼԵՄ-ի նուագախումբը ելոյթ ունեցաւ Լիզպոնի նուիրուած երգերով:...

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպում Ունեցած Է  Նետերլանտներու Խորհրդարանի Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամին Հետ

Իշխան Սաղաթէլեան Հանդիպում Ունեցած Է Նետերլանտներու Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Անդամին Հետ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Պրիւքսել կատարած աշխատանքային այցելութենէն ետք ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան կարճատեւ այցելութեամբ կը գտնուի Նետերլանտներ, ուր վերջինս հանդիպած է Նետերլանտներու խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ Իսա Քահրամանի, ինչպէս նաեւ Ալմելոյի ու շրջակայքի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: Պատգամաւորին հետ հանդիպման առանցքը եղած են Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ բոլոր գերիներու...

Ապու Ֆաուր. «Նախագահի Ընտրութեան Հարցով  Հաղորդակցութիւններուն Մէջ Աննախադէպ  Անշարժութիւն Կայ»

Ապու Ֆաուր. «Նախագահի Ընտրութեան Հարցով Հաղորդակցութիւններուն Մէջ Աննախադէպ Անշարժութիւն Կայ»

Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեց. «Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նախաձեռնութիւնը տակաւին ի զօրու է, եւ նախագահի ընտրութեան կայացման համար մեր կատարած հաղորդակցութիւններուն ընթացքին հասարակաց գաղափարներ կը քննարկուին»: Երեսփոխան Ապու Ֆաուր Տար Ֆաթուայի մէջ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տրիանին այցելելէ մէկ օր ետք ըսաւ. «Չեմ ըսեր, որ այդ հարցերը քաջալերական...

Նեթանիահուի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  «Կարիքը Կայ Կամրջելու Մնացեալ Բացերը Եւ Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Գործարքը Աւարտելու»  Կ՛ըսէ Պայտըն

Նեթանիահուի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Կարիքը Կայ Կամրջելու Մնացեալ Բացերը Եւ Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Գործարքը Աւարտելու» Կ՛ըսէ Պայտըն

Սպիտակ տունը յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Սպիտակ տան մէջ հանդիպում ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ. անոնք մանրամասն կերպով քննարկեցին Կազայի մէջ արձանագրուող զարգացումները, զինադադարի շուրջ ընթացող բանակցութիւններն ու գերիներու ազատ արձակման համաձայնութիւնը»: Պայտըն յայտնած է, որ կարիքը կայ կամրջելու մնացեալ բացերը, կարելի եղածին չափ շուտ գործարքը աւարտելու, գերիները իրենց տուները վերադարձնելու եւ Կազայի մէջ պատերազմին մնայուն աւարտին...

Ողիմպիական Խաղերու Բացման  Արարողութենէն Ժամեր Առաջ.  Ֆրանսայի Արագընթաց Գնացքներու Ցանցին Վրայ  Մեծ Յարձակում Մը Զայն Անդամալուծեց

Ողիմպիական Խաղերու Բացման Արարողութենէն Ժամեր Առաջ. Ֆրանսայի Արագընթաց Գնացքներու Ցանցին Վրայ Մեծ Յարձակում Մը Զայն Անդամալուծեց

Ֆրանսայի գնացքներու ընկերութիւնը` «Էս.Էն.Սէ.ԷՖ.»-ը յայտարարեց, որ հինգշաբթիէն ուրբաթ լուսցող գիշերը ենթարկուած է «լայնածաւալ մեծ յարձակումի մը, որուն նպատակը ջլատելն էր արագընթաց գնացքներու ցանցը, որ այժմ մեծ իրարանցումի մէջ է»: Ընկերութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ կարգ մը գնացքները պիտի փոխանցէ աւանդական երկաթուղիին, սակայն պիտի ստիպուի բազմաթիւ ուղիներու երթեւեկը ջնջել` նշելով, որ այս կացութիւնը կրնայ առնուազն մինչեւ շաբաթավերջ տեւել, որպէսզի կարենան...

Խմբագրական.   Լիզպոնն Ու Արցախը Անպայման Կը Կասեցնեն Արժէքափոխութեան Արշաւը

Խմբագրական. Լիզպոնն Ու Արցախը Անպայման Կը Կասեցնեն Արժէքափոխութեան Արշաւը

Լիզպոնի հերոսական արարքին մէջ ամփոփուած գերագոյն զոհաբերութեան խորհուրդը հետագային եւս առարկայացումներ արձանագրեց Արցախի պատերազմին ընթացքին, երբ դիրքեր չլքելու կամ հայրենական տարածքներ չյանձնելու համար երիտասարդ անձնազոհներ իրենց կեանքին վերջ տուին, իրենք զիրենք պայթեցուցին` չէզոքացնելու համար հայկական դիրքերուն մօտեցած թշնամիին ծրագիրը: Այս խորհուրդը, ամէնէն թանկը` կեանքը չխնայելու, Փորթուգալի մայրաքաղաքէն մինչեւ արցախեան դիրքեր, բոլորին մօտ կ՛ամրացնէր այն համոզումը, որ կա՛ն, գոյութիւն ունի՛ն այնպիսի...

Ազրպէյճանը Հայաստանին Կը Սպառնայ  «Իր Ամբողջ Զինանոցով»

Ազրպէյճանը Հայաստանին Կը Սպառնայ «Իր Ամբողջ Զինանոցով»

Հայաստանի Հանրապետութիւնը մագլցողական հռետորաբանութեան մէջ ներքաշելու փորձերը անընդունելի են, երէկ յայտարարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան` արձագանգելով Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան եւ զայն որակելով «անհասկնալի»: Պաշտօնական Երեւանը ընդգծեց, որ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի դիւանագիտական խողովակներով եւ հրապարակայնօրէն կատարած առաջարկները սահմանային միջադէպերու եւ/կամ անոնց մասին տեղեկութիւններու հետաքննութեան` Հայաստան-Ազրպէյճան միացեալ մեքանիզմ ստեղծելու մասին կը շարունակեն անարձագանգ մնալ Ազրպէյճանի կողմէ: «Նման մեքանիզմի...

Page 155 of 796 1 … 154 155 156 … 796

Արխիւներ