Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էն.»-ի Հետ Հարցազրոյցի Ընթացքին. Բագրատունի. «Երկխօսութեան Այլընտրանք Չկայ»

September 18, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանի «Սիասա Եոմ» յայտագիրի ընթացքին Ապպաս Զալզալիի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, անդրադառնալով Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակի դեսպաններուն նախագահի ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ կատարած աշխատանքին, գնահատեց դեսպաններուն այդ աշխատանքը, սակայն նշեց, որ արտաքին որեւէ կողմ չի յաջողիր, եթէ անոր յաջողութեան ներքին ենթահող չկայ:

Բագրատունի վերյիշեցուց ՀՅԴ-ի պատմական դիրքորոշումը, թէ Լիբանանի մէջ որեւէ լուծում չկայ առանց երկխօսութեան` ընդգծելով. «Երկխօսութեան այլընտրանք չկայ»:

Ան նաեւ յայտնեց, որ իւրաքանչիւր երկիր իր շահերուն համար կը գործէ, եւ լիբանանցիները չեն կրնար ուրիշներու շահերուն համար գործել: «Անցեալի դասերէն չենք սորվիր», նշեց Բագրատունի:

Պատասխանելով Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ քաղաքապետութեան իրաւասութեան տակ գտնուող թափօններու թաղման վայրին մէջ ծագած հրդեհին մասին հարցումի մը` Բագրատունի ընդգծեց, որ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրի հարցը փակուած է եւ զայն վերաբանալու ընտրանքը բացառուած է` շեշտելով, որ վերջերս ծագած հրդեհը Ժտէյտէի մէջ էր եւ ոչ թէ Պուրճ Համուտի:

Հարցազրոյցին մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք հետագային:

 

Նախորդը

Նեթանիահու Կազայի Պատերազմի Նպատակները Ընդլայնելով Կը Ներառէ Լիբանանի Հետ Հիւսիսային Ճակատը

Յաջորդը

Լիբանանեան Շարք Մը Շրջաններու Մէջ Հըզպալլայի Անդամներու Մօտ Գտնուող Հաղորդակցութեան Կազմածներ Պայթեցան` Պատճառելով Հազարաւոր Վիրաւորներ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.