Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Եւրոպական, Ամերիկեան Եւ Եգիպտական Շեշտադրումներ

Սեպտեմբեր 17, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպացի բարձրաստիճան պաշտօնատար Պորելի Լիբանան այցելութեան հիմնական ուղերձը կ՛ամփոփուի իր հետեւեալ յայտարարութեան մէջ. 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութիւնը պէտք է ճամբայ հարթէ դէպի համապարփակ լուծում, ներառեալ ցամաքային սահմանագծումը:

1701-ի արծարծումն ու  նախագահական ընտրութեան օրակարգի վերադարձը կ՛ընթանայ զուգահեռ: Հնգեակի վերաշխուժացումը անպայման արդիւնաւորում չ՛ենթադրեր անշուշտ, նկատի ունենալով նախադէպային բոլոր փուլերը: Եգիպտոսի դեսպանը հնգեակին կողմէ բանագնացի դեր կը կատարէ եւ նախագահի ընտրութեան անյետաձգելիութիւնը կը շեշտէ:

Եգիպտոսը տարածաշրջանային հարցերուն մէջ միջնորդի դերի ստանձնման դիրքերու վրայ է: Այդպէս է Կազայի պատերազմի պարագային, անշուշտ այլ միջնորդներու առընթեր, այդպէս է նաեւ հիմա նախագահական ընտրութեան շուրջ համաձայնական ենթահողի ձեւաւորման աշխատանքներուն մէջ. չի բացառուիր, որ Գահիրէն նման դեր ստանձնէ 1701-ի շուրջ բանակցութիւններուն:

Եգիպտացի դիւանագէտը ոչ միայն դրական ընկալած է խորհրդարանի նախագահին Կազան եւ նախագահական ընտրութիւնը տարանջատելու մօտեցումը, այլ նաեւ բաժնած այդ տեսակէտը: Ըստ իրեն, կարեւոր է այդ տարանջատումը, որպէսզի կարելի ըլլայ ճանապարհ հարթել դէպի նախագահական ընտրութիւն:

Փոխկապակցուածութիւնը կայ սակայն Կազայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւններուն: Եգիպտացի դիւանագէտին համար Կազայի մէջ դրական բեկում մը անպայման եւ շատ արագ իրավիճակը կը հանդարտեցնէ նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ:

Իսրայէլէն հնչած յայտարարութիւններն ու կատարուած հրապարակումները բոլորովին այլ ուղղութեամբ են եւ կը ստուերեն եւրոպական, որոշ առումով ամերիկեան եւ ընդհանրապէս հնգեակի դէպի համապարփակ լուծում տանող քայլերը:

Այսպէս. նախ, Իսրայէլի առողջապահութեան նախարարը յայտարարեց, որ  առողջապահական համակարգը պատրաստ է հիւսիսային ճակատին առումով: Ապա անվտանգութեան նախարարը պահանջեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնազրկումը, որպէսզի կարելի ըլլայ հիւսիսային ճակատին ուղղութեամբ գործողութիւններու անցնիլ: Թէեւ աւելի ուշ նախարարը խօսեցաւ հիւսիսային ճակատի մէկ լուծումին մասին` զինուորական ամբողջ ուժի գործի լծելը: Հետեւեցաւ անվտանգութեան եւ քաղաքական հարցերու նախարարաց խորհուրդի նիստի յետաձգումը, որպէսզի շարունակուի լիբանանեան ճակատին ուղղութեամբ նախապատրաստական քննարկումը:

Եւրոպացի պաշտօնատարին այցելութեան առընթեր կը սպասուի, որ ամերիկացի բանագնաց Հոքշթայնը վերստին ժամանէ շրջան: Բնականաբար Իսրայէլէն ետք այց Պէյրութ:

Դէպի հիւսիսային ճակատ անցում կատարելու իսրայէլեան յայտարարութիւնները կը հետեւին Կազայի ուղղութեամբ իսրայէլեան բանակի կատարած մեծ գործողութիւններու արդիւնքներու հրապարակումին: Ըստ պաշտօնական լրահոսին, իսրայէլեան զօրքերը ոչնչացուցած են աւելի քան 2 հազար ահաբեկիչ եւ շուրջ 13 քիլոմեթր փապուղիներ: Կազայի` Եգիպտոսի հետ սահմանին վրայ գտնուող Ֆիլատելֆիա առանցքի տարածքին մէջ Համասի զինեալներուն կողմէ փորուած ստորգետնեայ անցքերու եւ փապուղիներու 80 առ հարիւրը  ոչնչացած է:

Տեղեկատուական պատերազմի թէժ մթնոլորտին մէջ նման լրատուութիւններու հաւաստիութիւնը խնդրոյ առարկայ է անշուշտ: Այստեղ սակայն այլ ուղերձ կարելի է կարդալ: Ըսել կ՛ուզուի, որ Կազայի գործողութիւնները կը հասնին իրենց աւարտին, եւ Իսրայէլ կ՛ուղղուի դէպի երկրորդ ճակատը: 80 առ հարիւրի ձեւակերպումը եզրագիծին մօտ ըլլալու ուղերձը կը ներառէ:

Մինչ պաշտօնական Թել Աւիւը կը խօսի հիւսիսային շրջանի լուծման մէ՛կ կարելիութեան բացարձակութեան մասին, անդին թէ՛ Եւրոպայի պաշտօնատարը, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու բանագնացը, թէ՛ Գահիրէի ներկայացուցիչն ու ընդհանրապէս հնգեակը կը խօսին հարցի դիւանագիտական լուծումին մասին:

Կ՛երեւի լիբանանեան եւ միջազգային ընտանիքի մօտեցումներուն համատեղելիութիւն մը` նախագահական ընտրութիւնը տարանջատելու Կազայի պատերազմէն. հետեւաբար նաեւ հիւսիս-հարաւ ճշդուելիք կարգավիճակէն:

«Ա.»

Նախորդը

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 109-Ամեակի Եւ Այնճարի Հիմնադրութեան 85-Ամեակի Պաշտօնական Հանդիսութիւն Եւ Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (17 Սեպտեմբեր 2024)

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?