Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատունի. «Ոճիրին Ահաւորութեան Դիմաց Ազգային Միասնականութիւն Գոյութիւն Ունի»

Սեպտեմբեր 19, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցաւ զրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ երեքշաբթի օր տեղի ունեցած «Փէյճըր»-ներու պայթեցման դէպքին:

«Այո՛, միաձայնութիւն գոյութիւն ունի դատապարտելու այս դէպքը, եւ ոճիրի ահաւորութեան դիմաց ազգային միասնականութիւն գոյութիւն ունի: Պիտի ուզէինք, որ այս միասնականութիւնը նաեւ այլ հարցերու նկատմամբ ալ ըլլար, ըլլայ այդ Կազայի մէջ մեր հարազատներուն կամ Պաղեստինէն ու Լիբանանէն բռնագրաւուած հողերու ազատագրման հարցերուն նկատմամբ:

«Այս ոճիրը մեզի համար ցեղասպանութիւն գործելու համազօր է. անիկա կանխամտածուած կերպով ծրագրուեցաւ առաւելագոյն թիւով քաղաքացիներ սպաննելու մտադրութեամբ: Քաղաքացիներ կ՛ըսեմ, որովհետեւ անոնք դիմադրութեան ոգի ունեցող քաղաքայիններ են: Այս ոճիրին դիմաց մենք բոլորս` մանուկներ, կիներ ու երիտասարդներ, մենք մեզ դիմադրողներ կը նկատենք:

«Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Իսրայէլ այսպիսի ոճիր մը կը գործէ: Ան շրջանցեց մարդկայնութեան բոլոր գիծերը, շրջանցեց ճակատումի բոլոր կանոնները: Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Իսրայէլ կ՛ոտնահարէ միջազգային օրէնքը կամ պատերազմի ընթացքին վարմունքի սկզբունքները: Բոլոր պետութիւնները, մասնաւորաբար անոնք, որոնք իրենք զիրենք յառաջադէմ կը նկատեն եւ ժողովրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու դրօշը կը պարզեն, փաստեցին, որ այդ սկզբունքները միայն փոքր պետութիւններու կամ փոքր ժողովուրդներու համար պարտադիր են, իսկ մեծ պետութիւնները, Իսրայէլն ու անոր ետին կանգնողները այդ սկզբունքներուն կամ կարգախօսներուն որեւէ կարեւորութիւն չեն ընծայեր»:

«Մենք Լիբանանի կամ արաբական աշխարհին մէջ դժբախտաբար կը կարծենք, որ Միացեալ Նահանգներն են, որոնք Իսրայէլին կ՛արգիլեն կամ կ՛արտօնեն այս ոճիրները գործել: Համեստ կարծիքովս, եւ թերեւս այս առնչութեամբ կարելի է տարակարծիք ըլլալ, Իսրայէլը, սիոնական լոպին ու համաշխարհային սիոնականութիւնն են, որոնք կ՛իշխեն այդ պետութիւններուն: Իսրայէլն է որ որոշումը կու տայ եւ զայն կը գործադրէ, իսկ մնացեալ պետութիւնները անոր կը հետեւին գաղափարական, քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական եւ թերեւս կրօնական պատճառներով:

«Այսօր իրողութիւնը այն է, որ դատապարտման խօսքերէն աւելին չենք տեսներ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ յայտարարութիւններէ աւելին չենք տեսներ: Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ժողովներ, ժողովներու յետաձգումներ եւ անոնց միջեւ Կազայի ու այլ ճակատներու վրայ մեր աւելի մեծ թիւով եղբայրներու սպանութիւնն է, որ կը տեսնենք, եւ մենք տակաւին այդ պետութիւններէն արդարութիւն կը սպասենք», յայտնեց Բագրատունի:

Նախորդը

Հաղորդակցութեան Սարքերու Պայթեցման Դէպքին Վերաբերեալ Բագրատունիի Գրառումը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?