Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Իշխանաւորները Այցելեցին «Եռաբլուր»

Սեպտեմբեր 20, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

19 սեպտեմբերին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն այցելեցին Արցախի  նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը, Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունցը, պատգամաւորներն ու պաշտօնեաները, որոնք իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին արցախեան նահատակներուն յիշատակին:

Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ս. Շահրամանեան ըսաւ. «Ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով մեր բնակչութիւնը ստիպուած եղած է լքել իր հայրենիքը, եւ մենք մշտապէս մեր յիշողութեան մէջ պիտի ունենանք այն նուիրեալներուն անունները, որոնք իրենց կեանքին գնով պաշտպանած են մեր հայրենիքը»:

Ան յայտնեց, որ 19 սեպտեմբերը  յիշողութեան մէջ պիտի մնայ իբրեւ օր մը, երբ 10 ամիս շրջափակումէն, այնուհետեւ 4 ամիս լիակատար պաշարումէն ետք ազրպէյճանական կողմը դիմեց ռազմական յարձակման` պատճառելով զոհեր ու տուժածներ:

Հայաստանի իշխանութիւններու յայտարարութիւններուն վերաբերող հարցումի մը ի պատասխան`  Արցախի նախագահը նշեց, որ ցաւով կը լսէ զանոնք. «Ցաւով կը լսեմ նման արտայայտութիւնները, ներառեալ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ, որոնք կը նկատեն, որ մենք` արցախցիներս, հիւր ենք Հայաստանի մէջ, որոնք կը նկատեն, որ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալը Հայաստանի Հանրապետութեան յաղթանակ է: Մեծ կասկածներ ունիմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան բոլոր անդամները այդպէս կը մտածեն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը այդպէս կը մտածէ: Ես ոչինչ ունիմ ըսելիք այդ մարդոց, իրենց պատասխանները իրենք պէտք է տան այն քաղաքացիներուն, որոնք ձեւաւորած են իշխանութիւնները»:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող ագիկ Բաղունց եւս յայտնեց, որ մէկ տարի առաջ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը այդպէս ալ դաս չդարձաւ հայ ժողովուրդին համար:

«Տեղի ունեցածը ինչպէս ալ անուանենք` թէ՛ ցեղասպանութիւն, թէ՛  ցեղային զտում, թէ՛ բռնի տեղահանում, այնուամենայնիւ կը հանդիսանայ  մէկ դար առաջ տեղի ունեցած Մեծ եղեռնի շարունակութիւնը: Ցաւօք, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, խօսելով երկրի անվտանգութեան մասին, որ կ՛ենթադրէ երկու բաղադրիչ` հզօր բանակի ստեղծում եւ զուգահեռ խաղաղութեան օրակարգը, այնուամենայնիւ նման արտաքին քաղաքականութիւնը արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ այդ երկու ռազմավարութիւններու ներդաշնակութեան մէջ, ինչ որ, ցաւօք, չի դիտուիր մեր արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Մենք կտրուկ շեշտ կը դնենք միայն խաղաղութեան օրակարգի վրայ` մեր յոյսը դնելով անոր վրայ, որ ատով իսկ կարելի է ապահովել երկրի անվտանգութիւնը», նշեց ան` շեշտելով, որ նման քաղաքականութիւնը նման է Սթոքհոլմեան համախտանիշին, որուն պարագային զոհը կը փորձէ սէր եւ ըմբռնում դրսեւորել ահաբեկիչին նկատմամբ:

Ըստ անոր, այս դիրքորոշումը Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նման դրացիներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ դժուար թէ փափաքելի արդիւնք տայ:

Արձագանգելով այն դիտարկման, թէ պարբերաբար մեղադրանքներ կ՛ուղղուին, որ Արցախը չկայ, քանի որ Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը փաստաթուղթ ստորագրած է` Բաղունց ըսաւ, որ փաստաթուղթը իրաւական ուժ չունի, իսկ ստորագրութիւնը ստիպողական քայլ էր` 120.000 արցախցիները փրկելու եւ Արցախէն դուրս բերելու համար:

Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի նախագահի եւ արցախցի այլ պաշտօնեաներուն դէմ կատարուած գործողութիւններուն ու յայտարարութիւններուն մասին Բաղունց նշեց, որ իրեն համար զարմանալի է, թէ պետական մակարդակով կ՛առնուին քայլեր, որոնք կարելի է այլ հարթակի վրայ լուծել` փոխըմբռնման ու բանակցութիւններու միջոցով` հաշուի առնելով համապատասխան իրաւական եզրերը:

Անդրադառնալով արցախցիներուն` Արցախ վերադարձի եւ առհասարակ Արցախի հարցը փակելուն` Բաղունց նշեց, որ այդ հարցը կարելի չէ փակել, եւ խնդիրը իրենք միշտ ալ օրակարգի վրայ պիտի պահեն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինք որքանով բաւարար կը գտնէ Հայաստանի իշխանութիւններուն ջանքերը` ուղղուած Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատ արձակման` ան ըսաւ. «Բաւական է ըսել, որ այնպիսի հզօր կարելիութիւն, որ ունի Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը` բանակցային գործընթացին մէջ առանցքային խնդիրներէն մէկը դարձնել Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վերադարձը, չ՛օգտագործուիր, ինչ որ կը կարծեմ լուրջ բացթողում է»:

 

 

Նախորդը

Զուիցերիոյ Խորհրդարանի 16 Անդամներ Արցախահայութեան Տունդարձի Վերաբերեալ Գրաւոր Հարցում Ուղած Են Գործադիր Իշխանութեան

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի Պայքարը Չդադրեցնելու Կոչ Կ՛ուղղէ` Արցախի Հայաթափման Առաջին Տարելիցին Առիթով

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?