Իսրայէլ ընդլայնեց Կազայի մէջ պատերազմին յայտարարուած նպատակները` հակառակ պատերազմը ընդլայնելէ ամերիկեան զգուշացումներուն, անոնց միացնելով Լիբանանի հետ սահմանամերձ հիւսիսի բնակիչներու տունդարձը:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը յայտնեց, որ անվտանգութեան հարցերով նախարարաց սեղմ խորհուրդը հաւանութիւն տուած է «հիւսիսի բնակիչներու իրենց տուներ ապահով վերադարձը» կէտը պատերազմի նպատակներուն վրայ աւելցնելու այս որոշումին:
Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը, յղում կատարելով իր աղբիւրներուն, հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակին մէջ հիւսիսային հրամանատարութեան ղեկավար հազարապետ-զօրավար Ուրի Կորտին յանձնարարած է հարաւային Լիբանանի մէջ արգելակիչ գօտի մը ստեղծել:
Աղբիւրներ «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած են. «Ապահովական մարմիններու պատասխանատուները զգուշացուցին կառավարութիւնը լայնածաւալ պատերազմ պատճառելէ»:
«Բանակին ու կառավարութեան միջեւ տարակարծութիւնները երէկ շատ սուր մակարդակի հասան», նշած են աղբիւրները:
«Իսրայէլ Հայոմ» իր կարգին գրեց. «Իսրայէլ 7 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր Լիբանանի հետ լայնածաւալ պատերազմին ամէնէն մօտ պահու մէջ է»:
Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երկուշաբթի երեկոյեան ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտնած էր. «Իսրայէլ կը գնահատէ Ուաշինկթընի զօրակցութիւնը, սակայն պէտք եղածը պիտի ընէ բնակիչները հիւսիս վերադարձնելու եւ անոնց անվտանգութիւնը պաշտպանելու համար»:
«Կարելի չէ հիւսիսի բնակիչները վերադարձնել առանց անվտանգութեան կացութեան մէջ արմատական փոփոխութեան», նշած էր Նեթանիահու: