Երէկ կէսօրէ ետք շուրջ ժամը 3:30-ին, լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ Հըզպալլայի անդամներու մօտ գտնուող «Փէյճըր» հաղորդակցութեան սարքեր պայթեցան` պատճառելով բազմաթիւ վիրաւորներ: Պայթումները տեղի ունեցան Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու, Պեքաայի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ:
Սուրիական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Սուրիոյ մէջ եւս Հըզպալլայի անդամներուն մօտ գտնուող «Փէյճըր»-ները պայթած են: Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնած են, թէ Հըզպալլան նշեալ «Փէյճըր»-ները վերջերս ստացած է: Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Աքսիոս»-ին յայտնած են. «Հաղորդակցութեան սարքերը Հըզպալլայի անդամներուն, ներառեալ բարձրաստիճան պատասխանատուներուն կողմէ լայնօրէն կ՛օգտագործուէին»:
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ վիրաւորներու շարքին է Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոժթապա Ամանին: Ապահովական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ աւելի քան 1000 անձեր վիրաւորուած են: Աղբիւրներ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, թէ վիրաւորներուն թիւը աւելի քան 1200 է: Աղբիւրներ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, թէ վիրաւորուած են երեսփոխան Հասան Ֆատլալլայի տղան եւ Հըզպալլայի բարձրաստիճան պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի երկու որդիները: Ըստ շարք մը լրատուամիջոցներու, մահացած է Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի ղեկավար Ալի Ամմարի որդին:
Լիբանանի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ նախնական տուեալներով արձանագրուած են 9 զոհեր եւ աւելի քան 2800 վիրաւորներ:
Ապահովական աղբիւրներ «Ժազիրա»-ին յայտնեցին, որ պայթումներուն պատճառը ճարտարագիտական միջոցով ներթափանցումն է: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Լիբանանի մէջ պայթեցուած սարքերուն աղբիւրը իրանեան «Թելերիմ» ընկերութիւնն է, եւ իսրայէլեան Շապաքը յաջողած է ներթափանցել ու զանոնք պայթեցնել:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի մօտիկ խորհրդատու մը անուղղակի կերպով հաստատած է, որ Իսրայէլ կը կանգնի «Փէյճըր»-ներու պայթումներուն ետին: «Ետիոթ Ահրոնոթ» հաղորդեց, որ ան աւելի ուշ ջնջած է «Էքս»-ի վրայ իր գրութիւնը:
Իսրայէլեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը իսրայէլացի նախարարներուն կոչ ուղղեց` Լիբանանի մէջ արձանագրուած դէպքին վերաբերեալ որեւէ յայտարարութիւն չկատարելու:
«Էլ.Պի.Սի.» իր կարգին նշեց, որ իսրայէլեան ներթափանցման պատճառով պայթած են «Փէյճըր» կամ «Պիփըր» անունով ծանօթ անթել հաղորդակցութեան սարքերը:
Հըզպալլայէն պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»-ին յայտնեց. «Հաղորդակցութեան սարքերու պայթեցումը մինչեւ հիմա տեղի ունեցած ապահովական մեծագոյն ներթափանցումն է»:
Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը անթել հաղորդակցութեան սարք ունեցող բոլոր քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` անմիջապէս անոնց մօտէն հեռանալու, եւ առողջապահական մարզի աշխատողներուն կոչ ուղղեց` անմիջապէս իրենց աշխատավայրերը ուղղուելու:
Հիւանդանոցները դէպքերէն ետք կոչ ուղղեցին` արեան տուչութիւն կատարելու:
Հըզպալլան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ աղջնակ մը եւ կուսակցութեան երկու անդամներ մահացած են, իսկ բազմաթիւ ուրիշներ` վիրաւորուած:
«Դիմադրութիւնը բոլոր մակարդակներուն վրայ եւ իր բոլոր ստորաբաժանումներով առաւելագոյն պատրաստ վիճակի մէջ է պաշտպանելու Լիբանանն ու անոր տոկուն ժողովուրդը», նշեց կուսակցութիւնը` աւելցնելով, որ իր առնչակից ծառայութիւնները ապահովական եւ գիտական լայնածաւալ հետաքննութիւն կը կատարեն` գիտնալու համար պայթումներուն պատճառը: