Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կալանթը Սահերով Փոխարինելու Կանաչ Լոյս Նեթանիահուին. Ուաշինկթըն Այդ Քայլը Խելագարութիւն Կը Նկատէ

September 18, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլեան համախմբական կառավարութեան ղեկավարները Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին կանաչ լոյս տուած են Կիտէոն Սահերը կառավարութեան միացնելու:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Նեթանիահու անցեալ հինգշաբթի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի պաշտօնազրկման ընդդիմանալէ հրաժարած է, եւ մնացած է «Նոր յոյս» կուսակցութեան ղեկավար Կիտէոն Սահերի հետ համաձայնութիւն ստորագրել, որպէսզի վերջինս փոխարինէ Կալանթը:

«Մաարիւ» նշեց, որ փոխվարչապետ Եարիվ Լեւինը կը ղեկավարէ Սահերը կառավարութեան միացնելու բանակցութիւնները, եւ ըստ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին, Նեթանիահու կը կարծէ, որ նախարարական աթոռներու լայնածաւալ փոփոխութեան ծիրին մէջ Կալանթը հեռացնելը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, եւ մտադիր է այդ քայլը կատարել նախքան յառաջիկայ շաբաթ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մասնակցելու համար Նիւ Եորք մեկնիլը:

Միւս կողմէ, իսրայէլացի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն պատերազմի ժամանակաշրջանին պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնազրկումը խելագարութիւն որակած են:

Ամերիկեան վարչակազմէն աղբիւր մը իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնած է. «Կազայի մէջ պատերազմի ընթացքին եւ Լիբանանի հետ հաւանական պատերազմէն առաջ Եոաւ Կալանթի նման պաշտպանութեան նախարար մը պաշտօնազրկելը խելագարութիւն է»:

Ամերիկեան վարչակազմէն աղբիւր մը «Հաարեց»-ին յայտնած է, թէ Ուաշինկթըն պիտի գտնէ «ձեւ մը աշխատելու ոեւէ անձի հետ, որ կը ստանձնէ Իսրայէլի մէջ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը»` նշելով, որ Սահեր Ուաշինկթընի հետ պիտի չունենայ այն սերտ յարաբերութիւնները, զորս Կալանթ ունէր:

 

Նախորդը

Պլինքըն Այսօր Կ՛այցելէ Գահիրէ` Քննարկելու Համար Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Ջանքերը

Յաջորդը

Քալըն. «Խաղաղութեան Պայմանագիրը Պիտի Նպաստէ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Բացման»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող Քարտէսին Վրայ (Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակին Առիթով)

September 18, 2026
Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

September 18, 2026
Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին  Աջակցութեան Խորհրդաժողովի  Նախապատրաստական Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախապատրաստական Ժողով

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.