Պելճիքայի Մէջ Իշխան Սաղաթէլեանի Քաղաքական Հանդիպումները Կը Շարունակուին
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 24 յուլիսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի ընկերակցութեամբ հանդիպած է Արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութեան շրջանի հարցերով ղեկավարի տեղակալ Ճուլիեն Պոուրթեմպուրկի, աշխատանքային խումբի ղեկավար Եոնաս Փոլի, Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի առաջին փոխնախագահ Հանա Ժալուլ Մուրոյի, Եւրոպական խորհրդարանի ընկերվար-ժողովրդավարական քաղաքական խումբի...




















