Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը երէկ յղեց պատկերասփռուած ուղերձ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ 17 եւ 18 սեպտեմբերին տեղի ունեցած զարգացումներուն` «Փէյճըր»-ներու եւ անթել հաղորդակցութեան սարքերու պայթեցման:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան կառավարութեան, առողջապահութեան նախարարութեան, հիւանդանոցներուն եւ առողջապահական մարզի աշխատակիցներուն, արեան տուչութիւն կատարած եւ վիրաւորները փոխադրած անձերուն, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնած քաղաքական դէմքերուն եւ լրատուամիջոցներուն:
Ան ըսաւ, որ թշնամին «Փէյճըր»-ները նոյն ժամանակ պայթեցնելով անցաւ մարդասիրական գիծերը` նշելով, որ կարգ մը պայթումներ տեղի ունեցան հիւանդանոցներու մէջ, ապա չորեքշաբթի դարձեալ կրկնեց նոյն արարքը` պայթեցնելով անթել հաղորդակցութեան սարքերը, հոգ չընելով, որ պայթումը ո՛ւր տեղի կ՛ունենայ:
Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ երբ Իսրայէլ 4000 «Փէյճըր»-ներ պայթեցուց, ան մտադիր էր նոյն պահուն 4000 անձեր սպաննել, եւ նոյնը կրկնեց յաջորդ օրը: Ան տեղի ունեցածը որակեց «ահաբեկչական մեծ գործողութիւն», «ցեղասպանութիւն», «պատերազմական ոճիր», «Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին դէմ մեծ յարձակում», «պատերազմի հռչակում»:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ կուսակցութիւնը կազմած է հետաքննութեան տարբեր յանձնախումբեր, որոնք սարքերու պայթեցման հարցին շուրջ գրեթէ յստակ պատկերացումի հասած են, սակայն վերջնական արդիւնքները կարճ ատեն ետք պիտի յայտարարուին:
Ան նշեալ երկու օրերը «ծանր օրեր» եւ «քննութեան օրեր» կոչեց: «Ապահովական եւ մարդասիրական գետնի վրայ ենթարկուեցանք մեծ հարուածի, որ Լիբանանի եւ Դիմադրութեան պատմութեան մէջ աննախադէպ էր», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
«Մեր ճակատը ազդու էր եւ թշնամիին շատ ճնշող, եւ ատոր փաստը թշնամիին քայլերն ու խօսքերն են», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Լիբանանեան ճակատը պաղեստինեան դիմադրութեան ունեցած բանակցութեան կարեւորագոյն գործիքներէն է»: «Երեքշաբթի օր պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական խողովակներով պատգամներ հասան, թէ հարուածին նպատակը լիբանանեան ճակատը դադրեցնելն է», նշեց ան` շեշտելով. «Ինչ ալ ըլլան մեր զոհողութիւնները, Կազային թիկունք կանգնելու ճակատը պիտի չդադրի»:
«Իսրայէլ ձախողեցաւ լիբանանեան ուժերուն միջեւ, հակառակ անոնց տարակարծութիւններուն, ճեղք յառաջացնել, ընդհակառակն` զանոնք միացուց», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նշեց, որ հակառակ ստացած մեծ հարուածին, կուսակցութեան կառոյցը կը շարունակէ տոկուն մնալ, «ուստի անհոգ մնացէք»: «Դիմադրութեան կառոյցը մեծ է եւ տոկուն, եւ թշնամին պէտք է իմանայ, որ ո՛չ ղեկավարութեան համակարգին վնասեց, ո՛չ ալ ճակատներու վրայ ներկայութեան», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա խօսքը իսրայէլացի ղեկավարներուն ուղղելով ըսաւ. «Պիտի չկարենաք հիւսիսի բնակիչները հիւսիս վերադարձնել, միակ ձեւը Կազայի եւ Այսրյորդանանի վրայ յարձակումը դադրեցնելն է: Ո՛չ պայթումները, ո՛չ լայնածաւալ պատերազմերը կրնան զանոնք վերադարձնել, ընդհակառակն` անոնց տեղահանութիւնը պիտի մեծցնեն եւ անոնց տունդարձի առիթը ուշացնեն»:
«Իսրայէլեան բանակի հիւսիսային շրջանի անմիտ հրամանատարը լիբանանեան հողերուն վրայ արգելակիչ գօտիի ստեղծման մասին կը խօսի, եւ մենք կը մաղթենք, որ ատիկա փորձեն, մեր` լիբանանեան հողերը մուտք գործեն», յայտնեց ան: «Եթէ թշնամին արգելակիչ գօտի ստեղծէ, ապա պէտք է իմանայ, որ ատիկա պիտի վերածուի թակարդի ու տիղմի, եւ մեծ գին պիտի վճարէ», նշեց սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով. «Մենք իրենց հրասայլերը լապտերներով կը փնտռենք, եւ երբ մեր քով գան, անոնց բարի գալուստ պիտի ըսենք: Այդ սպառնալիքը պատմական առիթ մը պիտի նկատենք»:
«Այն, ինչ որ թշնամին սպառնալիք կը նկատէ, մենք պատմական առիթ կը նկատենք եւ կը մաղթենք, որ տեղի ունենայ», ըսաւ ան:
«Այն, ինչ որ երեքշաբթի եւ չորեքշաբթի օր տեղի ունեցաւ, արդար պատիժի եւ մեծ հաշուետուութեան պիտի արժանանայ, եւ ժամկէտին կամ վայրին մասին պիտի չխօսիմ», յայտարարեց սէյիտ Նասրալլա: