Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսական Շիֆ «Արցախի Եկամուտներու Վերականգնման Մասին» Օրէնսդրական Նախագիծ Ներկայացուցած Է

September 21, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամ Էտըմ Շիֆ, որ Քոնկրեսի հայկական յանձնախումբի փոխնախագահն է, ներկայացուցած է «Արցախի եկամուտներու վերականգնման մասին» օրէնսդրական նախագիծը, որուն նպատակն է Ազրպէյճանի կառավարութիւնը պատասխանատուութեան ենթարկել Արցախի Հանրապետութեան վրայ չհրահրուած զինուորական յարձակումին համար եւ պարտաւորեցնել փոխհատուցում տրամադրել շրջանէն բռնի տեղահանուած հայերուն:

«Արցախի ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի շարունակական գործողութիւնները մարդասիրական աղէտ ստեղծած են եւ համազօր են ցեղային զտումներու: Մենք պէտք է ապահովենք, որ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկուին, եւ Արցախի անմեղ զոհերը փոխհատուցում ստանան իրենց հսկայական կորուստներուն համար: Իմ օրէնսդրութիւնս պիտի ապահովէ արդարադատութեան եւ ֆինանսական փոխհատուցման մեքանիզմ անոնց համար, որոնք ամէն ինչ կորսնցուցած են Ազրպէյճանի յարձակումին պատճառով», ըսած է քոնկրեսականը:

Շիֆի «Արցախի եկամուտներու վերականգնման մասին» հռչակագիրը Ազրպէյճանի գերիշխան հաշիւներուն տիրապետող Միացեալ Նահանգներու բոլոր ֆինանսական հաստատութիւններէն կը պահանջէ այդ հաշիւներուն մասին զեկուցել Միացեալ Նահանգներու գանձապետարանի արտաքին հաշիւներու վերահսկողութեան գրասենեակին: Ուժի մէջ մտնելէ ետք 60 օրուան ընթացքին նախագահը պէտք է արգելակէ այդ հաշիւներու հետ առնչուած գործարքները, իսկ արգելակումէն ետք 90 օրուան ընթացքին` զանոնք գրաւէ:

Օրէնսդրական աքթը նաեւ կը պահանջէ ստեղծել «Արցախի եկամուտներու վերականգնման հիմնադրամ», որ պիտի ստանայ բռնագրաւուած ազրպէյճանական հաշիւները, ապա այդ միջոցները պիտի օգտագործուին Արցախէն տեղահանուած իրաւասու հայերը Ազրպէյճանի զինուորական յարձակման հետեւանքով իրենց ունեցուածքէն, առեւտուրէն եւ աշխատանքէն կորսնցուցած եկամուտներու համար փոխհատուցում տրամադրելու նպատակով:

Բացի ատկէ, անիկա կը պահանջէ գրաւել Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող անձնական ունեցուածքը եւ մուտքի արտօնագիրի սահմանափակումներ հաստատել Ազրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն համար, որոնք ներգրաւուած եղած են կամ աջակցած Արցախի վրայ զինուորական յարձակումին:

Օրինագիծը նաեւ կ՛ենթադրէ իրաւասու տեղահանուած հայերու համար հիմնադրամէն փոխհատուցում ստանալու պահանջներ ներկայացնելու դիւրացուած հոլովոյթ:

«Արցախի եկամուտներու վերականգնման մասին» օրինագիծին աջակցութիւն յայտնած են Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Ֆրենք Փալոնը, Աննա Էշուն, Կէյպ Ամոն, Ճոյս Պիթին, Ճիմ Քոսթան, Ճոշ Կոթհայմըրը, Տակ Լամալֆան, Սեթ Մեկազինըրը, Ճէյմս ՄաքԿավըռնը, Կրէյս Մենկը, Քեւին Մալինը, Կրէյս Նափոլիթանոն, Էլիոնոր Հոլմզ Նորթընը, Եան Շաքովսքին, Լինտա Սանչեսը, Պրետ Շըրմընը, Տինա Թիթուսը եւ Լորի Թրահանը:

Նախորդը

Մոսկուա. «Տեղեկութիւնը, Որ Հայաստանի Մէջ Իշխանութիւնը Գրաւելու Փորձը Կատարուած Է Ռուսիոյ Մէջ Վերապատրաստուած Քաղաքացիներու Կողմէ, Դիտաւորեալ Կեղծիք Է»

Յաջորդը

Պաքու. «Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին Մէջ Որոշ Խումբեր Կը Փորձեն Սրել Ազրպէյճանական-Ամերիկեան Յարաբերութիւնները»

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.