Սպիտակ Տուն. «Մեր Քաղաքացիները Լիբանանէն Հեռանալու վերաբերեալ Զգուշացնելով Կը Փորձենք Միջին Արեւելքի Մէջ Որեւէ Բեմագրութեան Պատրաստուիլ»
Սպիտակ տունը կիրակի օր յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ իրենց քաղաքացիները Լիբանանէն հեռանալու վերաբերեալ զգուշացնելով կը փորձեն Միջին Արեւելքի մէջ որեւէ զարգացումի պատրաստուիլ»: «Միացեալ Նահանգներ օդանաւակիր մը Միջին Արեւելք կ՛ուղարկէ` բացառապէս պաշտպանական նպատակներով», յայտարարեց Սպիտակ տունը` աւելցնելով. «Նպատակը, ընդհանուր առմամբ, շրջանին մէջ լարուածութիւնը մեղմացնելն է»: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ...




















