Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փէյճըր»-ները Նախապէս Ականուած Են

September 19, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ապահովական աղբիւր մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ հաղորդակցութեան սարքերը` «Փէյճըր»-ները, որոնք երեքշաբթի օր լիբանանեան շարք մը շրջաններու մէջ պայթեցան, նախապէս ականուած էին:

«Սքայ Նիուզ Արապիա»-ի սեփական աղբիւրները նշած են, թէ իսրայէլեան արտաքին հետախուզութիւնը` Մոսատը Հըզպալլայի օգտագործած հաղորդակցութեան սարքի բարդին վրայ «ՓԵԹՆ» խիստ պայթուցիկ նիւթէն դրած է, եւ սարքերը պայթեցուած են անոնց բարդերուն ջերմաստիճանը բարձրացնելու ճամբով:

Հետախուզական աղբիւրներ «Մոնիթըր» կայքին յայտնած են, թէ Իսրայէլ յարձակումը գործած է տեղեկութիւններ ստանալէ ետք, թէ Հըզպալլայի երկու անդամներ բացայայտած են սարքերուն մէջ կատարուած ներթափանցումը` նշելով. «Իսրայէլ Հըզպալլայի ստացած հազարաւոր սարքերը ականահարեց կուսակցութեան յանձնուելնէն առաջ»:

«Սկզբնական ծրագիրը համապարփակ պատերազմ ծագելու պարագային այդ սարքերը պայթեցնելն էր` ռազմավարական գերակայութիւն ապահովելու համար», ըսած են աղբիւրները` նշելով, որ «Փէյճըր»-ներու պայթեցումը նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներէն գաղտնի պահուած է:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Էսոշիէյթըտ Փրես»-ին յայտնեց, որ Իսրայէլ Լիբանանի մէջ «Փէյճըր»-ներու պայթեցումէն տեղեակ պահած է գործողութեան կատարումէն ետք` աւելցնելով. «Իսրայէլ Ուաշինկթընին յայտնեց, որ գործողութիւնը կատարած է «Փէյճըր» սարքին մէջ քիչ քանակի պայթուցիկ նիւթ թաքցնելով»:

Իսրայէլեան «Հաարեց»-ը նշեց, որ ամերիկեան տեղեկատուութիւններ հաղորդած են, որ Իսրայէլ սարքերը պայթեցուցած է կարճ պատգամներ յղելու ճամբով:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թայուանական «Կոլտ Ափոլօ» ընկերութեան հիմնադիրը յայտնած է. «Լիբանանի մէջ պայթած սարքերը արտադրեց Եւրոպայի մէջ ընկերութիւն մը, որ իրաւունք ունի մեր առեւտրական մակնիշը օգտագործելու»:

«Ռոյթըրզ» նշեց, որ թայուանական ոստիկանութիւնը մուտք գործած է «Կոլտ Ափոլօ» ընկերութեան կեդրոնատեղի:

Ընկերութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց. «Հունգարիոյ մէջ «Պի.Էյ.Սի.» ընկերութիւնը արտադրեց հաղորդակցութեան սարքերը, որոնք Լիբանանի մէջ պայթեցուեցան»:

Թայուանի տնտեսութեան նախարարութիւնը իր կարգին նշեց, որ «հաղորդակցութեան սարքերը արտադրող ընկերութիւնը հաւանական կը նկատէ, որ սարքերուն վրայ բարեփոխումները կատարուած են անոնց արտածումէն ետք»` աւելցնելով. «Դէպի Լիբանան ուղղակի արտածման արձանագրութիւն գոյութիւն չունի»:

Աղբիւրներ «Ռոյթըրզ»-ի լրատու գործակալութեան յայտնած են. «Իսրայէլ 3 ամիս առաջ Հըզպալլայի 5000 հաղորդակցութեան սարք ականած է»:

 

Նախորդը

«Փէյճըր»-ներուն Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումին Վերաբերեալ Միջազգային Կեցուածքներ

Յաջորդը

«Փէյճըր»-ներու Պայթեցումէն Մէկ Օր Ետք. Լիբանանեան Տարբեր Շրջաններու Մէջ Անթել Հաղորդակցութեան Սարքերու Պայթումներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.