Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Քաթարի Մէջ Կազայի Շուրջ  Բանակցութիւններու Նախօրեակին.  Հոքշթայն. «Դիւանագիտական Լուծում Գտնելը  Հրատապ Հարց Է. Պէտք Է Օգտուիլ Դիւանագիտական  Լուծումի Պատուհանէն, Ժամանակը Հիմա Է»

Այսօր Քաթարի Մէջ Կազայի Շուրջ Բանակցութիւններու Նախօրեակին. Հոքշթայն. «Դիւանագիտական Լուծում Գտնելը Հրատապ Հարց Է. Պէտք Է Օգտուիլ Դիւանագիտական Լուծումի Պատուհանէն, Ժամանակը Հիմա Է»

Ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն երէկ հասաւ Պէյրութ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Երբ անցեալ յունիսին Լիբանան էի, ըսի, թէ կը հաւատամ, որ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ տագնապը երկար ժամանակ շարունակուեցաւ, եւ դիւանագիտական լուծումը հրատապ է եւ հրամայական»: «Ցաւալին այն է, որ ատիկա տակաւին ճիշդ է, եւ մենք կը հաւատանք, որ դիւանագիտական լուծումի գոյացումը կարելի է, որովհետեւ...

Պայտըն. «Կը Նախատեսեմ, Որ Իրան Իսրայէլին  Հակադարձելէն Ետդարձ Կատարէ, Եթէ Կազայի Մէջ  Զինադադարի Համաձայնութիւն Գոյանայ»

Պայտըն. «Կը Նախատեսեմ, Որ Իրան Իսրայէլին Հակադարձելէն Ետդարձ Կատարէ, Եթէ Կազայի Մէջ Զինադադարի Համաձայնութիւն Գոյանայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն պատասխանելով հարցումի մը, թէ արդեօք կը նախատեսէ՞, որ Իրան Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէն Թեհրանի մէջ ահաբեկելուն համար Իսրայէլին հակադարձելէն ետդարձ կատարէ, եթէ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութիւն գոյանայ ըսաւ. «Նախատեսածս այդ է»: Պայտըն նշեց. «Հարցը դժուար դարձաւ, եւ պիտի նայինք ի՛նչ կրնանք ընել եւ Իրան ի՛նչ պիտի ընէ»: «Մտահոգ եմ Միջին Արեւելքի մէջ...

Պայտըն Ուքրանական Ուժերու Քուրսք  Ներխուժումը Փութինի Համար «Իսկական  Երկընտրանք» Կը Նկատէ

Պայտըն Ուքրանական Ուժերու Քուրսք Ներխուժումը Փութինի Համար «Իսկական Երկընտրանք» Կը Նկատէ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն առաջին անգամ ըլլալով մեկնաբանած է Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու Ռուսիոյ Քուրսքի մարզ ներխուժումը` կացութիւնը կոչելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի համար «իսկական երկընտրանք»: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Ասիկա իսկական երկընտրանք կը ստեղծէ Փութինի համար», Նիւ Օրլինզի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Պայտըն: Ան նաեւ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները զօրքերու յառաջխաղացման հարցով...

Միքաթի. «Ներկայ Փուլին Լիբանանցիները  Միաւորող Միակ Մտահոգութիւնը Իսրայէլեան  Սպառնալիքներն Ու Շարունակուող  Յարձակումը Դիմակայելն Է»

Միքաթի. «Ներկայ Փուլին Լիբանանցիները Միաւորող Միակ Մտահոգութիւնը Իսրայէլեան Սպառնալիքներն Ու Շարունակուող Յարձակումը Դիմակայելն Է»

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի շարունակեց վարչապետարանին մէջ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան պատրաստած արտակարգ կացութեան ծրագիրի հետապնդման ծիրին մէջ ժողովներու շարքը: Միքաթի ժողովներուն ընթացքին շեշտեց. «Ներկայ փուլին լիբանանցիները միաւորող միակ մտահոգութիւնը իսրայէլեան նոր սպառնալիքներն ու ամիսներէ ի վեր Լիբանանի վրայ շարունակուող յարձակումը դիմակայելն է»: Ան ըսաւ, որ միջազգային ընտանիքն ու միջազգային մարմիններն ու կազմակերպութիւնները պէտք է Լիբանանի նկատմամբ իրենց պարտաւորութիւնները կատարեն եւ...

Մինչ Պլինքըն Շրջան Կ՛ուղղուի.  Ուաշինկթըն. «Յանձնառու Ենք Իսրայէլին  Ինքզինք Պաշտպանելու Օգնելու, Եւ Շրջանին Մէջ  Զինուորական Հզօր Կարողականութիւն Տեղակայեցինք»

Մինչ Պլինքըն Շրջան Կ՛ուղղուի. Ուաշինկթըն. «Յանձնառու Ենք Իսրայէլին Ինքզինք Պաշտպանելու Օգնելու, Եւ Շրջանին Մէջ Զինուորական Հզօր Կարողականութիւն Տեղակայեցինք»

Մինչ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Քաթարը եւ Եգիպտոսը ներառող միջինարեւելեան շրջապտոյտի ձեռնարկեց, եւ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն այսօր Թել Աւիւէն կը հասնի Պէյրութ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Կը ջանանք դիւանագիտութեան ճամբով Միջին Արեւելքի մէջ մագլցումը կանխարգիլել»: Սակայն նախարարութիւնը նաեւ շեշտեց. «Յանձնառու ենք Իսրայէլին ինքզինք պաշտպանելու օգնելու, եւ շրջանին մէջ ատիկա կատարելու համար զինուորական հզօր կարողականութիւն...

Իսրայէլի Վրայ Իրանի Եւ Հըզպալլայի  Յարձակումը Հինգշաբթի Օրուան  Բանակցութիւններէ՞ն Կախեալ Է

Իսրայէլի Վրայ Իրանի Եւ Հըզպալլայի Յարձակումը Հինգշաբթի Օրուան Բանակցութիւններէ՞ն Կախեալ Է

Իրանեան աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին. «Կազայի մէջ մնայուն զինադադարի հաստատման համաձայնութեան գոյացումը կրնայ յետաձգել Համասի քաղաքական գրասենեակի նախագահի սպանութեան վրէժը լուծելու համար Իսրայէլին ուղղուելիք Իրանի պատասխանը»: Իրանցի պաշտօնատար մը «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց. «Հըզպալլայի հետ միասին Իսրայէլի վրայ ուղղակի յարձակում մը պիտի շղթայազերծենք, եթէ Կազայի բանակցութիւնները ձախողին կամ եթէ զգանք, թէ Իսրայէլ կը ձգձգէ բանակցութիւնները»: Նշենք, որ Քաթարի իշխանը, Եգիպտոսի...

Երկու Նախարարներ Եւ 2250 Բնակեցուածներ  Ներխուժեցին Աքսայի Մզկիթի Շրջափակ

Երկու Նախարարներ Եւ 2250 Բնակեցուածներ Ներխուժեցին Աքսայի Մզկիթի Շրջափակ

Երկու նախարարներ, Քնեսեթի անդամ մը եւ 2250 բնակեցուածներ ու իսրայէլացի ծայրայեղականներ երէկ առաւօտեան «Տաճարի քանդման յիշատակ»-ին առիթով իսրայէլեան ոստիկանութեան պաշտպանութեան տակ ներխուժեցին Աքսայի մզկիթի շրջափակ: Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը պաղեստինցիներուն արգիլեց նամազ կատարելու համար մզկիթ մուտք գործել: «Ժազիրա» հաղորդեց, որ բնակեցուածները մզկիթին մէջ բարձրացուցած են իսրայէլեան դրօշը: Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր Աքսա ներխուժելու ընթացքին յայտարարեց. «Տաճարի լերան (Աքսայի մզկիթ,...

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի.  Սընուար Միջնորդներուն Յայտնած Է,  Թէ Համասի Բանակցութիւններուն Մասնակցութիւնը  Կախեալ Է Իսրայէլի` Կազայի Մէջ Զինուորական  Գործողութիւններու Դադրեցումէն

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Սընուար Միջնորդներուն Յայտնած Է, Թէ Համասի Բանակցութիւններուն Մասնակցութիւնը Կախեալ Է Իսրայէլի` Կազայի Մէջ Զինուորական Գործողութիւններու Դադրեցումէն

Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Եահիա Սընուար միջնորդներուն յղած է պատգամ մը, որուն մէջ յայտնած է, որ եթէ Իսրայէլ բանակցութիւններուն նկատմամբ լուրջ է եւ անոնց Համասի մասնակցութիւնը կ՛ուզէ, ապա պէտք է նախ եւ առաջ դադրեցնէ Կազայի մէջ իր զինուորական գործողութիւնները: Ըստ օրաթեթին, Սընուար պատգամը արաբ միջնորդներուն փոխանցած է երկուշաբթի երեկոյեան: «Ուաշինկթըն Փոսթ» կը...

Ակնարկ.  Թեհրանի Ուղերձը Ազրպէյճանի Մէջ  Գտնուող Իսրայէլեան Ռազմակայաններուն

Ակնարկ. Թեհրանի Ուղերձը Ազրպէյճանի Մէջ Գտնուող Իսրայէլեան Ռազմակայաններուն

Իրանի նախագահին առաջարկը`  թիրախաւորելու Իրանի դրացի երկիրներուն մէջ իսրայէլեան գաղտնի ռազմակայանները, մանրադիտակի տակ պէտք է դիտարկէ հայ քաղաքական ոսպնեակը: Առաջարկը այլ բաժին ալ ունի. բացի Ազրպէյճանի մէջ գոյութիւն ունեցող իսրայէլեան յենակէտերէն, թիրախաւորել նաեւ Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ Իսրայէլի առնչուած ռազմակայանները, եւ մինչ այդ տուեալ երկիրները տեղեակ պահել եւ աւարտին հասցնել ամբողջ խնդիրը: Իրանի նախագահը նաեւ առաջարկած է Հըզպալլան աւելի ժամանակակից զէնքերով...

Կալանթ. «Իրանն Ու Հըզպալլան Կը Սպառնան  Աննախադէպ Վնաս Պատճառել Մեզի, Եւ Գերիներու  Տունդարձի Գործարքի Կնքման  Ուշացման Պատճառը Իսրայէլն Է»

Կալանթ. «Իրանն Ու Հըզպալլան Կը Սպառնան Աննախադէպ Վնաս Պատճառել Մեզի, Եւ Գերիներու Տունդարձի Գործարքի Կնքման Ուշացման Պատճառը Իսրայէլն Է»

Իսրայէլ կը պատրաստուի մագլցումի յաջորդ փուլին: «Իսրայէլ Հայոմ» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ: «Մեր թշնամիները` Իրանը եւ Հըզպալլան կը սպառնան մեզի վնասել այնպէս, ինչպէս նախապէս չեն փորձած: Սակայն անոնք, որոնք պիտի փորձեն, պիտի բախին մեր կողմէ պատասխան հարուածի, որ նախապէս չեն տեսած: «Մենք զգալի կարելիութիւններ ունինք, եւ յոյսով եմ, որ անոնք վերատեսութեան կ՛ենթարկեն...

«Իսրայէլեան Հետախուզութեան Գնահատականին  Համաձայն, Իրանի Յարձակումը Կրնայ Հինգշաբթի Օր  Բանակցութիւններէն Առաջ Տեղի Ունենալ»  Կը Գրէ «Աքսիոս»

«Իսրայէլեան Հետախուզութեան Գնահատականին Համաձայն, Իրանի Յարձակումը Կրնայ Հինգշաբթի Օր Բանակցութիւններէն Առաջ Տեղի Ունենալ» Կը Գրէ «Աքսիոս»

Լաւատեղեակ երկու աղբիւրներ «Աքսիոս» կայքին յայտնած են. «Իսրայէլեան հետախուզութեան թարմացուած գնահատականը այն է, որ Իրան պատրաստ է Իսրայէլի վրայ ուղղակի յարձակում գործելու»: Աղբիւրները կ՛աւելցնեն. «Իսրայէլեան հետախուզութեան թարմացուած գնահատականը հաւանական կը նկատէ, որ Իրան իր յարձակումը քանի մը օրէն գործէ»: «Իսրայէլեան հետախուզութեան գնահատականը ցոյց կու տայ, որ Իրանի յարձակումը կրնայ հինգշաբթի օր նախատեսուած (Կազայի մէջ) զինադադարի բանակցութիւններէն առաջ տեղի ունենալ», նշեց...

Համաս. «Փոխանակ Բանակցութիւններու Նոր Փուլերու  Դիմելու, Ներկայացնել Ծրագիր Մը` Գործադրելու  Այն, Ինչին Մենք Համաձայն Գտնուած Էինք Յուլիսին»

Համաս. «Փոխանակ Բանակցութիւններու Նոր Փուլերու Դիմելու, Ներկայացնել Ծրագիր Մը` Գործադրելու Այն, Ինչին Մենք Համաձայն Գտնուած Էինք Յուլիսին»

Պաղեստինեան Համաս շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ իսրայէլեան յարձակումի սկիզբէն ի վեր նախանձախնդիր եղած է յաջողցնելու «Եգիպտոսի եւ Քաթարի մէջ եղբայրական միջնորդներու զինադադարի համաձայնութեան հասնելու եւ մեր ժողովուրդին դէմ ցեղասպանական պատերազմին վերջ տալու ջանքերը»: Շարժումը ընդգծեց, որ կ՛աջակցի որեւէ ջանքի, որ յարձակումի դադրեցումը կ՛իրագործէ: Համաս նշեց, թէ Քաթար-Եգիպտոս-Միացեալ Նահանգներ եռակողմ հաղորդագրութեան յայտարարութենէն ետք «թշնամին սարսափելի ոճիր գործեց, ան ջարդ...

Փութին. «Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը  Պէտք Է Հակառակորդը Քուրսքի Շրջանէն Դուրս Մղէ»

Փութին. «Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Պէտք Է Հակառակորդը Քուրսքի Շրջանէն Դուրս Մղէ»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Նովօ-Օրայեւոյի մէջ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պէտք է հակառակորդը դուրս մղէ Քուրսքի շրջանի տարածքէն: Քրեմլին հաղորդեց, որ նիստին կը մասնակցէին Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի, կառավարութեան անդամները, Ռուսիոյ նախագահի աշխատակազմի ներկայացուցիչներ, ուժային կառոյցներու ղեկավարներ, ինչպէս նաեւ Պելկորոտի, Պրիանսքի եւ Քուրսքի շրջաններու ղեկավարները: Անոր կարծիքով` Քիեւ պիտի շարունակէ Ռուսիոյ սահմանամերձ շրջանները, ներառեալ Պրիանսքի շրջանը, ապակայունացնելու փորձերը:...

Ըստ Հայաստանի Արտաքին  Գործոց Նախարարութեան.  Պաքուն Ամէն Ինչ Պիտի Ընէ ՔՈՓ29-էն Ետք  Նոր Նախայարձակումի Համար

Երեւան Կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու Եգիպտոսի Եւ Քաթարի Ղեկավարներու Նախաձեռնութիւնը

Հայաստան կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու եւ Քաթարի ղեկավարներու նախաձեռնութիւնը: Այս մասին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով: «Խորապէս գիտակցելով զինադադարի եւ պատանդներու ազատ արձակման կարեւորութեան, երբ վտանգուած են մարդկային կեանքերն ու երկրին մէջ խաղաղութիւնը, Հայաստանը կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու, Եգիպտոսի եւ Քաթարի ղեկավարներու նախաձեռնութիւնը: «Յոյսով ենք, որ յաջորդ քննարկումներուն ընթացքին պիտի արձանագրուին շօշափելի արդիւնքներ, որոնք պիտի թեթեւցնեն վնասուած...

Կազայի Մէջ Դպրոցի Մը Վրայ Իսրայէլի Յարձակումին Բուռն Դատապարտանք

Կազայի Մէջ Դպրոցի Մը Վրայ Իսրայէլի Յարձակումին Բուռն Դատապարտանք

Իսրայէլ շաբաթ օր արշալոյսի նամազի ընթացքին յարձակում գործեց Կազայի մէջ Թապիին դպրոցին վրայ, որուն պատճառով արձանագրուեցան աւելի քան 100 զոհեր եւ բազմաթիւ վիրաւորներ: Իսրայէլեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով պնդեց, թէ իր օդուժը հետախուզական ցուցմունքով Թապիին դպրոցին մէջ հարուածած է Համաս շարժումին կողմէ իբրեւ հրամանատարական կեդրոն օգտագործուող վայր մը: «Յարձակում գործեցինք զինեալներու վրայ, որոնք կը գործէին քաղաքայիններու իբրեւ պատսպարան օգտագործուող դպրոցի...

Իսրայէլ Կազայի Մէջ Նոր Յարձակումի Կը Պատրաստուի

Իսրայէլ Կազայի Մէջ Նոր Յարձակումի Կը Պատրաստուի

Իսրայէլեան բանակը Կազայի հիւսիսային Խան Եունես քաղաքին մէջ թռուցիկներ բաժնած է` տեղւոյն բնակիչներուն կոչ ուղղելով տեղահանուելու: Իսրայէլեան բանակի տուեալներով` իսրայէլեան ուժերը կը պատրաստուին այդ տարածքին մէջ «ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ» գործողութեան սկսելու: Բնակիչները պէտք է մեկնին «մարդասիրական գօտի», որ կը գտնուի Խան Եունեսի հիւսիսը գտնուող Ալժալա շրջանին մէջ: Իսրայէլեան կողմը կը պնդէ, որ «ճշգրիտ հետախուզական տեղեկութեան համաձայն», Համաս այդ տարածքին մէջ...

Ռուսիոյ Քուրսք, Պրիանսք Եւ Պելկորոտ Շրջաններուն Մէջ Հակաահաբեկչական Գործողութեան Դրութիւն Հաստատուեցաւ

Ռուսիոյ Քուրսք, Պրիանսք Եւ Պելկորոտ Շրջաններուն Մէջ Հակաահաբեկչական Գործողութեան Դրութիւն Հաստատուեցաւ

Ռուսիոյ Քուրսքի, Պրիանսքի եւ Պելկորոտի շրջաններուն մէջ հաստատուած է հակաահաբեկչական գործողութեան դրութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն` յղում կատարելով Ազգային հակաահաբեկչական կոմիտէին: «Քաղաքացիներու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ թշնամիի ներթափանցման ու հետախուզական ուժերու կողմէ ահաբեկչական գործողութիւններու սպառնալիքները ճնշելու համար Ազգային հակաահաբեկչական կոմիտէի նախագահ, Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիքով որոշած է 9 օգոստոս 2024-էն հակաահաբեկչական գործողութիւններու գործադրութիւնը կազմակերպել Պելկորոտի, Պրիանսքի...

Փեզեշքիան Կ՛առաջարկէ Հարուածել Ազրպէյճանի Մէջ Իսրայէլեան Ռազմակայանները

Փեզեշքիան Կ՛առաջարկէ Հարուածել Ազրպէյճանի Մէջ Իսրայէլեան Ռազմակայանները

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան առաջարկած է թիրախաւորել Իրանի դրացի երկիրներուն մէջ իսրայէլեան գաղտնի ռազմակայանները: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Թելեկրաֆ»-ը: «Փեզեշքիան մտավախութիւն ունի, որ Իսրայէլի վրայ որեւէ ուղղակի յարձակում լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ», ըսած է Իրանի նախագահին մօտ կանգնած աղբիւրը: «Սեպահը (Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը) շատ յամառ է Իսրայէլը թիրախաւորելու հարցին մէջ, եւ անոնք կը կարծեն, որ ատիկա դիւրին է», «Թելեկրաֆ»-ին...

ՄԱՀԱԶԴ

ՄԱՀԱԶԴ

ՀՅԴ Բիւրոն կը գուժէ վաստակաւոր մտաւորական, գրագէտ, գրականագէտ, ՀՅԴ գաղափարական տեսաբան եւ պատմագիր, մանկավարժ, դաստիարակ  եւ հայերէն լեզուի ու գրականութեան դասագիրքերու հեղինակ ԸՆԿԵՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆի մահը, որ տեղի ունեցաւ Աթէնքի մէջ, ուրբաթ, 9 օգոստոսին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։ Մեր ցաւակցութիւնները ընտանիքին, հարազատներուն եւ ընկերներուն։

Ակնարկ.  Սպառնալիքներ Եւ Համաձայնութիւններու Ուրուագիծեր

Ակնարկ. Սպառնալիքներ Եւ Համաձայնութիւններու Ուրուագիծեր

Ամերիկեան, արաբական եւ իսրայէլեան մամուլի երէկուան հրապարակումները տարածաշրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող լարուած մթնոլորտի լիցքաթափման նախադրեալներ կը պարփակէին: Այսպէս. ամերիկեան նիւթերը կը վերաբերէին Իրանի որոշումի վերատեսութեան ենթարկման: Ըստ այդ կանխատեսումներուն, Թեհրանը ականջալուր կ՛ըլլայ ամերիկեան յիշեցումին, որ Հանիէի սպանութեան գործողութիւնը չէ խլած իրանցի զոհեր, ինչ որ պատասխան հարուածին  սահմանափակ բնոյթ պէտք է ապահովէ: Այլ լրատուամիջոցներ ամերիկեան աղբիւրներ կը վկայակոչէին ընդգծելու համար, որ...

Page 152 of 796 1 … 151 152 153 … 796

Արխիւներ