«Իրան Կողմնակից Է Ապաշրջափակման, Սակայն Ատիկա Պէտք Է Տեղի Ունենայ Հայաստանի Գերիշխանութեան Տակ» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը
Մենք կողմնակից ենք ապաշրջափակման, սակայն ատիկա պէտք է տեղի ունենայ Հայաստանի գերիշխանութեան տակ: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանի` անդրադառնալով Պաքուի կողմէ խաղաղութեան պայմանագիրէն ապաշրջափակման կէտը հանելուն: Այն հարցումին, թէ ապաշրջափակման յետաձգումը ի՞նչ հետեւանքներ պիտի ունենայ, Սոպհանի պատասխանեց. «Բնական է, եթէ տեղի կ՛ունենայ ապաշրջափակում, նաեւ ատոր շնորհիւ երթեւեկը կը...




















