Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ֆրանսական Եւ Իրանեան Ուղերձներ Լիբանանի Մէջ

Հոկտեմբեր 5, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարէն ետք Իրանի արտաքին գործոց նախարարն է, որ պատերազմական գործողութիւններու բովին մէջ կ՛այցելէ Լիբանան: Ֆրանսայի դիւանագիտութեան ղեկավարի ուղերձին մէջ երկու առանցքային կէտ ներառուած էր: Առաջինը թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւն, երկրորդը հրամայական` նախագահի ընտրութեան:

Թիւ 1701 որոշումին գործադրութիւնը նաեւ պաշտօնական Պէյրութի պահանջն է, որուն կիրարկումի փուլը տակաւին չ՛երեւիր: Արգելակողը հիմնականին մէջ Իսրայէլն է, որ մինչեւ 1701 որոշումի բանակցութիւններու մեկնարկը կայանալիք ենթադրեալ հրադադարը գրեթէ անկարելի կը դարձնէ` պահանջելով ներկայ պայմաններուն մէջ Հըզպալլայի ուժերու յետքաշումը Լիթանիի հիւսիսային հատուած, ապա ամբողջական զինաթափումը:

Ինչ կը վերաբերի երկրորդին, ապա անիկա համալիբանանեան ընկալում ունենալով հանդերձ իբրեւ տեսութիւն, գործնականի շուրջ դժուարութիւններ կը ստեղծէ: Երեսփոխանական եռուզեռ սկսած է այս ուղղութեամբ խորհրդարանի նախագահին մօտ, որուն գործառոյթներն ու մանաւանդ դերը այս օրերուն բազմակի իմաստ կը ստանան: Մարտի դաշտ նետուած եւ գլխատուած Հըզպալլան, որուն զուգակցուած էր խորհրդարանի նախագահին ղեկավարած շարժումը, համատեղ կը ներկայացնէին շիի համայնքը: Հիմա գլխաւոր այս համայնքի քաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչի հանգամանքն ու խորհրդարանի նախագահի  պաշտօնը բազմապատկուած գործառոյթներով կը ներկայանան: Լիբանանեան քաղաքական եռուզեռները անպայման արդիւնաւորումներով  չեն աւարտիր դժբախտաբար: Ա՛յս պայմաններուն մէջ սակայն հարցականը կը հնչէ, թէ արդեօք Լիբանանի քաղաքական-համայնքային տարբեր շրջանակները պիտի յաջողի՞ն կամք դրսեւորել նախագահի թեկնածուի շուրջ միաւորուելու:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարին ուղերձի երկու ուղղութիւններէն առաջինը կը վերաբերի դիւանագիտական արշաւի մը, որուն նպատակը Լիբանանին զօրակցութիւն եւ օժանդակութիւն ապահովելն է: Երկրորդը այս առաջադրանքին համար իսլամական վեհաժողովի գումարման նախաձեռնութիւնն է: Մէկը միւսին ամբողջացնող  ուղղութիւններու երկու բաղադրիչ, որոնք հրատապ նշանակութիւն ունին:

Ուղարկուելիք աջակցութիւններու պարագային տակաւին յստակ չէ ընդունող հասցէն: Վարչապետը, յատկապէս գործուած աւերին եւ գաղթականական զանգուածային ալիքին ընդգծումներով նուիրատու երկիրներու դիմած է` մեծագումար աջակցութիւններ ապահովելու համար: Հիմա իրանեան նախաձեռնութիւն մը նոյն նպատակով ճամբայ պիտի ելլէ նախ քաղաքական, ապա նիւթական կամ կենցաղային խնդիրներ լուծող օժանդակութիւններու հաւաքման համար: Լայնածաւալ օժանդակութիւններու անհրաժեշտութիւնը կը յիշեցնէ Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտին առիթով ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը, որուն յաղթահարման համար հոսեցաւ օժանդակութիւն: Այդ օժանդակութիւնները սակայն շրջանցեցին կառավարութիւնը եւ հիմնականին մէջ գործի լծեցին ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, երբեմն ուղղակի, երբեմն ալ տարբեր դեսպանութիւններու ճամբով անոնց տրամադրելով թէ՛ կենցաղային եւ թէ՛ ուղղակի ֆինանսական միջոցներ:

Ուղարկելի հասցէն քաղաքական նշանակութիւն ունի: Եթէ այս պարագային կառավարութիւնը պիտի նկատուի ընդունող հասցէն, ատիկա կ՛ենթադրէ, որ միջազգային ընտանիքին մօտ որոշ փոփոխութիւն արձանագրուած է: Պէտք է սպասել անշուշտ իրանեան նախաձեռնութեան քաղաքական զօրակցութեան ապահովման, ինչ որ իր հերթին տեղի կու տայ Իրանի առաջարկով զօրակցող երկիրներու գործնական մասնակցութեան:

Իսլամական վեհաժողովի պարագան հայկական ոսպնեակին համար դառն յուշումներ կ՛արձանագրէ: Այդ վեհաժողովները, ուր Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը աշխուժօրէն ներկայ են, կ՛առաջադրէին ամէնէն հակահայ բանաձեւերը:

Հիմա օրակարգը Լիբանանն  է, եւ Անգարան ամէն ելոյթ եւ առիթ պիտի օգտագործէ հարուածելու Իսրայէլը: Այս վարքագիծին նախաբանը ներկայացուեցաւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, երբ նախագահը ազդարարեց, որ Կազայէն եւ Լիբանանէն ետք Իսրայէլի թիրախը Թուրքիան է: Այս երրորդ ուղղութիւնը թրքական մամուլը  պարզաբանեց` ըսելով, որ ոչ թէ ուղղակի թրքական տարածքներ գրաւելու մասին է խօսքը, այլ` Թուրքիոյ տարածքներուն վրայ տեղակայուած քիւրտ զինեալներուն օժանդակելուն:

Միակողմանի ամբաստանութիւններով  յատկանշուած Անգարայի հռետորաբանութիւնը սակայն գետնի վրայ երկակի չափանիշերով կը դրսեւորուի: Յայտարարութեամբ` Թուրքիան Իսրայէլին պիտի դիմակայէ բոլոր միջոցներով: Գործնականին մէջ Թուրքիան կ՛արտօնէ դէպի Իսրայէլ ուղղուող ուժանիւթի բոլոր աղբիւրներու եւ ապրանքատեսակներու հոսքն ու մատակարարումը:

Այս բոլորին մէջ ցուցական բացական Արաբական լիկան է: Մինչ Իրանը նախաձեռնութիւն կ՛առնէ, Թուրքիան կը զգուշացնէ, Ֆրանսան իր դիւանագիտութեան ղեկավարը կ՛ուղարկէ: Դիւանագիտական զանազան նախաձեռնութիւններու խճանկար մը կազմուելու վրայ է: Այդ խճանկարին գոյները տակաւին շատ մուգ են եւ կազմուելիք նկարին մասին յստակ պատկերացում  չեն փոխանցեր: Յստակը այն է, որ դիւանագիտական այս նախաձեռնութիւնները հեռու են տակաւին հրադադար ապահովելու երաշխիքներէն:

«Ա.»

Նախորդը

Ի՞նչ Է Իսրայէլացի Պատասխանատուներուն Վերջնական Նպատակը…

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Փրաւիտընսի Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?