Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսախօս Երկիրներու Միջազգային Կազմակերպութիւնը Դիւանագիտական Լուծումը Կը Քաջալերէ

October 7, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսախօս երկիրներու պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան վեհաժողովի աւարտին իրենց հրապարակած միացեալ հաղորդագրութեան մէջ խոր մտահոգութիւն յայտնեցին Լիբանանի մէջ բռնարարքներու մագլցումին նկատմամբ, ցաւ յայտնեցին անմեղ կեանքերու կորուստին համար, զօրակցութիւն յայտնեցին Լիբանանին եւ կոչ ուղղեցին` անմիջական եւ մնայուն զինադադար հաստատելու:

Ֆրանսախօս երկիրները դատապարտեցին քաղաքայիններուն դէմ անկանոն յարձակումը եւ կոչ ուղղեցին յարգելու միջազգային օրէնքը, մասնաւորաբար միջազգային մարդասիրական օրէնքը:

Ժողովականները բոլոր կողմերը քաջալերեցին փոխան տագնապին առաջնահերթութիւն տալ դիւանագիտական լուծումին եւ յարգել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին առնչակից որոշումները, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը ամբողջութեամբ գործադրել:

Ֆրանսախօս երկիրները ողջունեցին 25 սեպտեմբերի ֆրանս-ամերիկեան նախաձեռնութիւնը եւ Ֆրանսայի մօտ օրէն Լիբանանի աջակցութեան խորհրդաժողովի կազմակերպման մասին յայտարարութիւնը:

Հաղորդագրութիւնը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ նախագահի ընտրութիւնը քաղաքական կառոյցներու աշխատանքը վերականգնելու առաջին քայլն է, եւ զօրակցութիւն յայտնեց այդ ուղղութեամբ թափուող ջանքերուն:

Վեհաժողովին մասնակիցները զօրակցութիւն յայտնեցին Լիբանանի անկախութեան ու գերիշխանութեան, զօրակցութիւն յայտնեցին նաեւ անոր ժողովուրդին եւ կոչ ուղղեցին` յարգելու Լիբանանի հողերու անվտանգութիւնն ու միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանները, ինչպէս նաեւ զօրակցեցան սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներու իրենց երկիրներ անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձին:

 

Նախորդը

Հալապի. «Պետական Վարժարաններու Վերամուտը 4 Նոյեմբերին, Իսկ Սեփական Վարժարաններունը` Ծնողական Յանձնախումբերու Համաձայնութեամբ Ու Տնօրէնութիւններու Պատասխանատուութեամբ»

Յաջորդը

Իսրայէլ Կը Շարունակէ Լիբանանի Վրայ Իր Բուռն Յարձակումները

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.