Հայաստանի մէջ գտնուելու օրերուն ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հարցազրոյց տուած է «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Երկրի հիւրասրահը» հաղորդաշարին: Հարցազրոյցի ընթացքին ան անդրադարձած է Հայաստանի առջեւ ծառացած օրախնդիր շարք մը հարցերու, շրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ ներքաղաքական օրակարգերուն:
Խօսելով ամէն գնով Ազրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու բուռն ձգտումներուն մասին` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշած է, որ Հայաստանը այս պահուն աճապարանքի մէջ է, փոքրիկ ձեռբերումներով խաղաղութեան հասնելու կողմնակից է, պատրաստ է խեղճացած իրավիճակի մէջ բանակցային գործընթացի մաս կազմելու, մինչդեռ միջազգային փորձը ցոյց կու տայ, որ ատիկա մեզի լաւ տեղ չի կրնար հասցնել: «Պարտուածի հոգեբանութեամբ եւ շարունակական միակողմանի զիջումներով բնական է թշնամիին միշտ կարելի է գոհացնել, բայց ես վստահ եմ, որ Ազրպէյճանը պատրաստ չէ Հայաստանի հետ խաղաղութեան դաշնագիրի ստորագրման, որովհետեւ իրենք կ՛ուզեն առաւելագոյնը կորզել եւ այդ կ՛ուզեն ընել մինչեւ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք ՔՈՓ29-ը: Իսկ ինչ կը վերաբերի ՔՈՓ29-ին, մենք ատոր հետ կապուած նախաձեռնած ենք պայքար ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ պէտք է ըսել, որ նկատելի յաջողութիւններ կան արձանագրուած: Մենք Ազրպէյճանին որոշակի մտահոգութիւններ պատճառած ենք արդէն, որովհետեւ շարք մը պետութիւններու մէջ մեր, եւ ոչ միայն մեր, աշխատանքներուն շնորհիւ այն տպաւորութիւնները կան, որ այնքան ալ նպատակայարմար չէր այդ բռնատիրական երկրին մէջ նման տարողութեան եւ բովանդակութեամբ համաժողով կազմակերպելը», նշած է Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու` հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման վերջին փորձերուն, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նշած է, որ հակառակ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու պնդումներուն, թէ գործընթացը տեղի կ՛ունենայ առանց նախապայմաններու, անոնք կան, եւ անոնց մասին թրքական կողմը կը խօսի բացայայտօրէն: «Ինչպէս հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նախորդ գործընթացներուն մէջ, պիտի պարզուի, որ Թուրքիան իր բոլոր քայլերուն մէջ պիտի առաջնորդուի բացառապէս Ազրպէյճանի շահերով», ըսած է Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:


