Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութ Եւս Օդային Յարձակումի Թիրախ Դարձաւ. Լիբանան-Իսրայէլ Սահմանին Վրայ Բախումները Կը Շարունակուին

Հոկտեմբեր 4, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլա երէկ արշալոյսին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ հրթիռակոծած է Միսքաֆ Ամ բնակեցման վայրին մէջ իսրայէլեան բանակի շարժումները եւ անոնց ուղղակի հարուած հասցուցած է, ինչպէս նաեւ ռմբակոծած է Հանիթայի մէջ իսրայէլեան ուժերու կուտակում մը:

Հըզպալլա նաեւ հրթիռակոծեց Քաֆարկալատի բնակեցման վայրին մէջ իսրայէլեան ուժերու կուտակում մը, եւ երկու ականներ պայթեցուց իսրայէլեան հետեւակ ուժի մը դէմ, որ կը փորձէր դէպի Մարուն Ռաս ներթափանցել: Կուսակցութիւնը աւելի ուշ հաղորդեց, որ մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00-ը 4 ականներ պայթեցուցած է Մարուն Ռաս եւ Եարուն գիւղերուն ուղղութեամբ ներթափանցած իսրայէլեան հետեւակ ուժերուն դէմ` պատճառելով մեծ կորուստներ:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին. «Այսօր հիւսիսի մէջ վտանգաւոր եւ արտասովոր դէպք մը տեղի ունեցաւ»: Անոնք աւելցուցին նաեւ, որ «ուղղաթիռներ կը շտապեն դէպի Լիբանանի հետ սահմանին վրայ բախումներու շրջան»: Անոնք աւելի ուշ նշեցին. «Զինուորական ուղղաթիռներ «Կոլանի» զօրամասէն ուժի մը դէմ ականի պայթեցումէն ետք զինուորներ եւ սպաներ կը փոխադրեն»:

Հըզպալլա նաեւ հաղորդեց, որ Ֆաթիմա դարպասին մօտ հրետանիով դէմ դրած է իսրայէլեան թշնամիի ուժերու յառաջխաղացման փորձին: Կուսակցութիւնը նշեց, որ կառավարուող հրթիռով Նաթոհա բնակեցման վայրին մէջ քանդած է «Միրքաւա» տիպի հրասայլ մը:

Լիբանանեան բանակը հաղորդեց, որ Մարժեհիունի Թիպէ գիւղին մէջ Լիբանանեան կարմիր խաչի օժանդակութեամբ տարհանման աշխատանք կատարելու ընթացքին զինուոր մը նահատակուած է եւ ուրիշ մը վիրաւորուած` իսրայէլեան յարձակումի պատճառով: Բանակը աւելի ուշ նաեւ յայտարարեց. «Զինուորականներէն մէկը նահատակուեցաւ, երբ իսրայէլեան թշնամին հարաւային Լիբանանի Պընթ Ժըպէյլի շրջանին մէջ բանակի կեդրոնին վրայ յարձակում գործեց: Կեդրոնի զինուորները հակադարձեցին կրակոցի աղբիւրին»:

Իսրայէլեան կողմը իր կարգին չորեքշաբթի-հինգշաբթի գիշեր աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ բուռն կերպով հրետանիով ռմբակոծեց Նապաթիէ նահանգի Մարժեհիուն գաւառի Քֆարքիլա գիւղը:

Իսրայէլեան օդուժը գիշերուան ընթացքին 20 յարձակումներ գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ, ինչպէս նաեւ առաջին անգամ ըլլալով մայրաքաղաք Պէյրութի վրայ` հարուածելով Պաշուրայի մէջ շէնք մը, ուր կը գտնուէր Հաւատարմութեան դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի երեսփոխան Ամիր Շըրիի գրասենեակը: Ան այդ պահուն շէնքին մէջ չէր: Պաշուրայի վրայ կատարուած յարձակումին հետեւանքով արձանագրուեցաւ 9 զոհ եւ 14 վիրաւոր:

«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց. «Հըզպալլայի տեղեկատուութեան գրասենեակի պատասխանատու Մոհամետ Աֆիֆ փրկուած է Հարաւային արուարձաններուն մէջ իսրայէլեան օդային յարձակումէն:

Իսրայէլեան բանակը Խրէյպ, Արզայ, Զրարիէ, Ատլուն, Անսարիէ, Մազրաաթ Տեր Թաքլա, Մազրաաթ Ուասթա, Մազրաաթ Ժըմժոմ, Մանզիլա, Հպուշ, Հոմսիէ, Պայսարիէ, Սաքսաքիէ, Լուպիէ, Քֆարթպնիթ, Առնուն, Զաութար Շարքիէ եւ Զաութար Ղարպիէ գիւղերու բնակիչներէն պահանջեց անմիջապէս Աուալի գետէն հիւսիս ուղղուիլ:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի նաեւ պնդեց, որ Հըզպալլա Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ Մասնաայի անցակէտը կ՛օգտագործէ` մարտական միջոցներ Լիբանան մտցնելու համար:

«Անցեալ հինգշաբթի Սուրիա-Լիբանան սահմանին վրայ սահմանային մաքսանենգման կէտերու թիրախաւորումէն ետք, Մասնաայի սահմանային անցակէտը դարձաւ այն գլխաւոր անցակէտը, որուն ճամբով Հըզպալլան մարտական միջոցներ կը փոխադրէ, թէեւ Մասնաայի անցակէտը Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ քաղաքային անցակէտ կը նկատուի եւ ենթակայ է լիբանանեան պետութեան վերահսկողութեան», ըսաւ ան:

Ատրահի լիբանանեան պետութենէն պահանջեց խիստ խուզարկութեան ենթարկել բեռնակառքերն ու ինքնաշարժները եւ Սուրիա վերադարձնել անոնք, որոնք զէնք-զինամթերք կը տեղափոխեն:

Իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց Ալէյի Քէյֆուն գիւղին եւ Ժիպէյլի Մէայսրա գիւղին վրայ: «Հատաս» նշեց, որ վերջին յարձակումին թիրախը Ժիպէյլի մէջ Հըզպալլայի պատասխանատու շէյխ Մոհամետ Ամրոն էր, որ նախապէս մահափորձէ փրկուած էր:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնեց. «Չենք ուզեր Լիբանան ներխուժումը ընդլայնել, սակայն կրնանք այդ բեմագրութեան մէջ ներքաշուիլ»:

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ «ՈւոլՍթրիթՃըռնըլ»-ին ըսած են. «Մեր նպատակը հասնիլն է զինադադարի համաձայնութեան մը, որ Հըզպալլայի հեռացումն ու ապազինումը կը ներառէ»:

Նախորդը

Բագրատունի Տեսակցեցաւ Խորհրդարանի Նախագահ Պըրրիի Հետ

Յաջորդը

«Ս. Ներսէս Շնորհալի» Մրցանակաբաշխութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?