Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանի Նկատմամբ Նախանձախնդիր Ենք, Եւ Անոր Աջակցելու Համար Դիւանագիտական Արշաւ Պիտի Կատարենք» Կ՛ըսէ Արաղչի

October 5, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի երէկ հասաւ Պէյրութ, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Արաղչի վարչապետարանին մէջ Միքաթիի հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի ներկայ կացութիւնը:

Ան ըսաւ, որ իր երկիրը նախանձախնդիր է Լիբանանի նկատմամբ եւ անոր կ՛աջակցի ընդդէմ իսրայէլեան յարձակումին:

«Իրան Լիբանանին աջակցելու համար դիւանագիտական արշաւ պիտի կատարէ, եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովի գումարումը պահանջեցինք», ըսաւ ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Այն Թինէի մէջ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Պէյրութ եկայ Լիբանանի, անոր կառավարութեան ու ժողովուրդին Իրանի ամբողջական զօրակցութիւնը եւ մեր կարեկցանքը արտայայտելու: Իրան ամբողջական կերպով կը զօրակցի Լիբանանի` իսրայէլեան գոյացութեան ոճիրներուն դէմ դնելու ջանքերուն»:

«Այսօր վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի եւ Պըրրիի հետ շատ լաւ քննարկումներ կատարեցի, եւ Լիբանանի մէջ վերջին դէպքերուն ու զարգացումներուն շուրջ տեսակէտներու փոխանակում կատարեցինք: Իրանի Լիբանանի կողքին կանգնիլը յայտնեցի, եւ միշտ անոր կողքին պիտի ըլլանք: Ինչպէս ան Դիմադրութեան կողքին կը կանգնի, մենք ալ անոր կողքին պիտի մնանք», ըսաւ ան:

Արաղչի շեշտեց, որ ինք վստահ է, որ Իսրայէլ պիտի ձախողի, ինչպէս նախապէս ձախողած է, եւ լիբանանցի ժողովուրդը յաղթական դուրս պիտի գայ:

«Այս դժուար պայմաններուն մէջ այստեղ ներկայութիւնս, երբ Պէյրութը ամէն պահու ռմբակոծումի կ՛ենթարկուի, լաւագոյն փաստն է, որ Իրանը ինչպէս միշտ Հըզպալլայի կողքին կը կանգնի եւ Լիբանանի մէջ շիիներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ լիբանանցի ժողովուրդին կ՛աջակցի», նշեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

«Իսրայէլի վրայ մեր վերջին յարձակումները օրինական ինքնապաշտպանութիւն էին` հիմնուելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան վրայ, եւ մենք յարձակումը չսկսանք, այլ այն, ինչ որ կատարեցինք, իրանեան հողերու, Դամասկոսի մէջ մեր դեսպանատան ու իրանեան շահերուն թիրախաւորման հակադարձութիւնն էր: Մեր յարձակումին ընթացքին, եւ գոյացութեան կատարածին հակառակ, միայն գոյացութեան մէջ զինուորական ու ապահովական կեդրոնները թիրախաւորեցինք», նշեց ան:

«Իսրայէլի վրայ հարուածները շարունակելու ծրագիրներ չունինք, բացի եթէ գոյացութիւնը որոշէ իր յարձակումները շարունակել, եւ եթէ Իսրայէլ մեր դէմ մէկ քայլ կատարէ, մեր պատասխանը աւելի ուժեղ, համաչափ, ամբողջական եւ ամբողջովին սերտուած պիտի ըլլայ», յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:

«Կը շարունակենք խորհրդակցիլ մնացեալ երկիրներուն հետ Լիբանանի մէջ զինադադար հաստատելու համար, եւ կը զօրակցինք զինադադարի հաստատման ձգտող ջանքերուն, պայմանով, որ յարգուին լիբանանցի ժողովուրդին իրաւունքները եւ Հըզպալլայի կողմէ ընդունելի ըլլան», նշեց Արաղչի:

 

 

Նախորդը

Խամենէի. «Թշնամիները Երբեք Համասին Եւ Հըզպալլային Պիտի Չյաղթեն, Եւ Լիբանանը Պաշտպանելը Մեր Եւ Իսլամներուն Պարտաւորութիւնն Է»

Յաջորդը

Սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի Դէմ Մահափորձ

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը  Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Պատերազմը Շատ Շուտով Պիտի Աւարտի»

October 16, 2026
Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ,  Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Թրամփի Կողմէ Դաւաճանուած Կը Զգամ, Եւ Ան Պատմութեան Ճիշդ Կողմը Չէ Կանգնած»

October 16, 2026
Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները  Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.