Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի երէկ արշալոյսին յայտարարեց. «Բանակի ուժերը քանի մը ժամ առաջ հարաւային Լիբանանի մէջ կեդրոնացուած ցամաքային գործողութեան սկսան»:
«Ցամաքային գործողութեան փուլերը հաւանութեան արժանացան քաղաքական մակարդակի վրայ տրուած որոշումին համաձայն», նշեց ան:
Աւիխայ Ատրահի աւելցուց. «Հիւսիսի մէջ զինուորական արշաւը կ՛ընթանայ Կազայի եւ այլ վայրերու մէջ շարունակուող գործողութիւններուն հետ միաժամանակ»:
«Հարաւային Լիբանանի մէջ գործողութեան նպատակը հիւսիսային սահմաններուն վրայ բնակեցման վայրերուն որեւէ սպառնալիք արգիլելն է», պնդեց իսրայէլեան բանակի բանբերը:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ երկուշաբթի գիշեր յայտարարեց. «Հըզպալլայի դէմ պատերազմի երկրորդ փուլը շուտով պիտի սկսի»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին. «Նախարարաց սեղմ խորհուրդի նախարարները պաշտօնապէս վաւերացուցին Լիբանանի մէջ գործողութեան յաջորդ փուլի ծրագիրը»:
Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռը հաղորդեց. «Իսրայէլ Ուաշինկթընին տեղեկացուց, որ Լիբանանի մէջ ցամաքային գործողութիւնը երկար պիտի չտեւէ»:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը, սակայն, աւելի ուշ հաղորդեց. «Բանակի գնահատումով հարաւային Լիբանանի մէջ գործողութիւնը քանի մը շաբաթ պիտի տեւէ»:
Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպան Միքայէլ Հերցոկ յայտնեց. «Ամերիկեան վարչակազմը հասկցաւ Լիբանանի մէջ գործողութեան բնոյթը եւ մեզ ժամկէտով չկաշկանդեց»:
«Ամերիկեան վարչակազմը կը գիտակցի, թէ Նասրալլայի ահաբեկումէն ետք Լիբանանի մէջ նոր կացութիւն գոյութիւն ունի», ըսաւ դեսպանը:
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիէլ Հակարի յայտնեց. «Պիտի չարտօնենք, որ 7 հոկտեմբերին տեղի ունեցածը անգամ մը եւս մեր որեւէ սահմանին վրայ տեղի ունենայ»:
Ան պնդեց, որ իսրայէլեան ուժերը Հըզպալլայի սպառնալիքներուն դիմակայման համար հիւսիսային սահմաններուն վրայ սահմանափակ ու կեդրոնացուած ներխուժումներ կը կատարեն` աւելցնելով. «Պիտի շարունակենք պէտք եղածը կատարել, որպէսզի Իսրայէլի քաղաքացիները կարենան իրենց տուները ապահով վերադառնալ»:
Իսրայէլացի ականաւոր պաշտօնատար մը իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ զինուորական գործողութեան ծիրը կրնայ փոխուիլ»:
Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, սակայն, ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեց. «Մտադիր չենք Լիբանանի տիղմին մէջ խեղդուելու, եւ այս գործողութիւնը մարտավարական է, ժամկէտով ու ծիրով` սահմանափակ»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Փոլիթիքօ»-ին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատման բանակցութիւնները դադրեցան, եւ Ամերիկան կը զօրակցի Իսրայէլի` Հըզպալլայի դէմ պատերազմի նպատակին»:
«Ուաշինկթըն դիւանագիտական լուծում կը փափաքի, սակայն կը զօրակցի Իսրայէլի` Հըզպալլայի դէմ պատերազմի նպատակին», նշեց պաշտօնատարը:
Սպիտակ տունը իր կարգին «Արապիա»-ին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ Իսրայէլի սահմանափակ զինուորական գործողութեան կը զօրակցինք»:
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը, մէջբերելով Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը, հաղորդեց. «Լիբանանի մէջ Իսրայէլի սահմանափակ գործողութիւնները անոր ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի ծիրին մէջ են»` նշելով. «Լիբանանի մէջ Իսրայէլի առաքելութեան ընդլայնումը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ, եւ ատիկա պիտի քննարկենք իսրայէլացիներուն հետ»:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին յայտարարեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ համաձայնած է «Հըզպալլայի յարձակումներ չշղթայազերծելը երաշխաւորելու համար սահմանի երկայնքին ենթակառոյցը քայքայելու անհրաժեշտութիւնը»:
«Իսրայէլացի պաշտօնակիցիս յստակ դարձուցի, թէ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին անոր երկրին ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին», ըսաւ Օսթին:
Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ վճռական են «որեւէ կողմէ լարուածութեան շահագործումը կամ տագնապի ընդլայնումը արգիլել»:
«Իրան ծանր հետեւանքներ պիտի կրէ, եթէ Իսրայէլի վրայ ուղղակի զինուորական յարձակում շղթայազերծել ընտրէ», նշեց Փենթակոնի ղեկավարը:
Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր յայտնեց. «Իսրայէլեան ուժեր այժմ հարաւային Լիբանանի մէջ ոչ դիւրին պայմաններու մէջ կռիւ կը մղեն»:
«Հըզպալլան ճզմելու եւ հիւսիսի բնակիչները իրենց տուները վերադարձնելու յարմար պահն է», պնդեց Պեն Ղաֆիր:
Իսրայէլեան բանակը երէկ առտու շտապ զգուշացում մը յղեց հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն` նշելով. «Հարաւային Լիբանանի շրջանին մէջ բուռն կռիւ տեղի կ՛ունենայ, եւ ձեր անձնական ապահովութեան համար ձեզմէ կը պահանջենք մեքենաներով հիւսիսի շրջանէն Լիթանի գետի հարաւային շրջան չշարժիլ»` աւելցնելով. «Այս զգուշացումը ի զօրու է ցնոր տնօրինութիւն»:
Իսրայէլեան բանակը աւելի ուշ նաեւ հարաւային Լիբանանի աւելի քան 10 գիւղերու` Եարունի, Այն Ըպըլի, Մարուն Ռասի, Թիրիի, Հատասա Այթա Ժապալի, Ժումժումիէի, Թուլինի, Տէյր Ամիսի, Պըրժ Քալաուէյհի, Պայատայի, Զըպքին Ժիպալ Պութմի, Սըրպինի, Շհէյթիէի, Քնիսէի, Հանիէի, Մաարաքէի, Ղանտուրիէի, Տեր Քանուն-Մալիքիէ Սահելի, Պըրժ Շըմելիի, Իպլ Սաքիի, Սրիֆայի, Տէյր Քանուն Նահրի, Ապպասիէի, Ռաշիտիէի, Պընթ Ժպէյլի եւ Այթարունի բնակիչներուն կոչ ուղղեց` անմիջապէս իրենց բնակարանները լքելու եւ Աուալի գետէն հիւսիս ուղղուելու:
Լիբանանեան բանակը հերքեց հարաւային սահմանային դիրքերէ քանի մը քիլոմեթր հեռացած ըլլալուն մասին կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ երկուշաբթի գիշեր հաղորդուած լուրը` նշելով, որ հարաւի մէջ տեղակայուած իր ուժերը առաջնագիծին վրայ հսկողութեան կարգ մը կէտերու վրայ իրենց դիրքերը փոփոխութեան կ՛ենթարկեն:
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճընին Հենես-Պլասխարթ յայտարարեց. «Հրթիռներու արձակման, ռումբեր նետելու եւ օդային յարձակումներ գործելու պայմաններուն մէջ պատերազմի մեքանիզմը կը ձախողի հիմնական խնդիրները լուծել»:
«Այլ սերունդ մը նոյն ճակատագիրին դատապարտելու վտանգը իրապէս իրական է, անգամ մը եւս», ըսաւ ան:
ՖԻՆԻՒԼ յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակը երկուշաբթի օր ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերուն փոխանցած է, որ մտադիր է Լիբանանի մէջ սահմանափակ ցամաքային ներթափանցում կատարել` նշելով. «Հակառակ այս վտանգաւոր զարգացումին, խաղաղապահները տակաւին իրենց դիրքերուն վրայ են»:
ՖԻՆԻՒԼ նշեց. «Սահմանէն դէպի Լիբանան որեւէ անցում լիբանանեան գերիշխանութեան ու Լիբանանի հողերու անվտանգութեան ոտնահարում եւ թիւ 1701 որոշումի ոտնահարում է»:
ՖԻՆԻՒԼ երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակին կողմէ անջատ ներթափանցումներ տեսած է, սակայն ոչ լայնածաւալ ներխուժում մը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, դատապարտելով Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ցամաքային գործողութիւնը, յայտնեց, որ Լիբանանի վրայ որեւէ ցամաքային յարձակում լիբանանեան հողերու գերիշխանութեան ոտնահարում եւ անոնց բռնագրաւում է:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն, անոնց հետեւանքներուն եւ շրջանին մէջ կայունութեան վրայ անոնց ազդեցութեան նկատմամբ:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները վերահաստատեցին Լիբանանի միութեան, ազգային գերիշխանութեան ու հողերու անվտանգութեան նկատմամբ իրենց հաստատ դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ մարտահրաւէրներու դիմակայման համար լիբանանցի ժողովուրդի կողքին ու անոր թիկունք կանգնիլը, եւ այդ առումով յայտարարեցին, որ երկրի նախագահ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանը Լիբանանի մէջ եղբայրներուն 100 միլիոն տոլարի շտապ մարդասիրական օգնութիւններու թղթածրար կը տրամադրէ:
Հըզպալլա երէկ յայտարարեց, որ «Ֆատի 4» տիպի հրթիռներով սէյիտ Հասան Նասրալլայի անունը կանչելով հրթիռակոծած է զինուորական հետախուզութեան թիւ 8200 միաւորի «Կալիլոթ» ռազմակայանն ու Իսրայէլի արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի կեդրոնատեղին, որոնք կը գտնուին Թել Աւիւի արուարձաններուն մէջ:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Լիբանանէն Թել Աւիւի ուղղութեամբ 10 թեւաւոր հրթիռներու արձակումին պատճառով շարք մը վիրաւորներ արձանագրուած են:
Նախքան այդ, Հըզպալլա յայտարարեց. «Հրետանիով ռմբակոծեցինք Մթըլլէի մէջ իսրայէլացի զինուորներու տեղաշարժը` ուղղակի հարուած հասցնելով անոնց»: