Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն. «Կը Կարծեմ Շրջանին Մէջ Լայնածաւալ Պատերազմէն Պիտի Խուսափինք»

October 5, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները Իսրայէլի հետ կը քննարկեն Իրանի կողմէ զանգուածային հրթիռային յարձակման պատասխանելու տարբերակները, որոնք կը ներառեն Իսրայէլի` Իրանի նաւթային կառոյցներուն հարուածները:

Սպիտակ տան ղեկավարի այս յայտարարութենէն ետք քարիւղի համաշխարհային գիները բարձրացած են, իսկ միջինարեւելեան լարուածութեան աճը առեւտրականներուն ստիպած է մտահոգուիլ քարիւղի մատակարարման հաւանական խափանումներու առնչութեամբ:

Բայց եւ այնպէս, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց. «Չեմ կարծեր, որ Միջին Արեւելքի մէջ լայնածաւալ պատերազմ պիտի ծագի»:

«Կը կարծեմ, որ շրջանին մէջ լայնածաւալ պատերազմէն պիտի խուսափինք, սակայն շատ բան կայ, որ պէտք է ընենք», ըսաւ ան:

Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ նշեց. «Իսրայէլին օգնեցինք եւ զայն պիտի պաշտպանենք»:

Մինչ Իսրայէլ կը դիտարկէ Իրանի զանգուածային հրթիռային յարձակումին պատասխանելու հաւանական տարբերակները, Պայտըն հաստատած է, որ պիտի չաջակցի Իրանի հիւլէական կայաններուն վրայ Իսրայէլի որեւէ հարուածի:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի փոխհրամանատար զօր. Ալի Ֆատուի «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Եթէ Իսրայէլ սխալ մը գործէ, իր գոյութիւնը չքացման պիտի ենթարկէ, եւ եթէ բռնագրաւող գոյացութիւնը սխալի, անոր ուժանիւթի բոլոր աղբիւրները, կայանները, կազի բոլոր զտարաններն ու դաշտերը պիտի թիրախաւորուին»:

«Իրանը մեծ ու ընդարձակ երկիր մըն է, ուր տնտեսական բազմաթիւ կեդրոններ կան, մինչ Իսրայէլը ուժանիւթի երեք կայան ունի եւ քանի մը զտարաններ, որոնք կրնանք նոյն պահուն հարուածել», ընդգծեց Ֆատուի:

Սպիտակ տունէն պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնեցին. «Իսրայէլի հետ համակարգում կը կատարենք, եւ կը յուսանք, որ Նեթանիահուն կը սահմանափակէ Իրանի վրայ հաւանական յարձակումը, եւ իսրայէլացի պաշտօնատարները յայտնեցին, որ անմիջական եւ լայն ծաւալի հակադարձութեան կարիք չկայ»:

Նախորդը

Ապահովութեան Խորհուրդը Կութիերեսին Ամբողջական Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ

Յաջորդը

Հաճիեւ. «Հայաստանը Պէտք Է Ցոյց Տայ Իր Իրական Հաւատարմութիւնը Արդարութեան Եւ Յետհակամարտային Խաղաղութեան` Պատժելով Բոլոր Ռազմական Յանցագործները»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.