Լաւրով. «Սիւնիքի Ճամբով Հաղորդակցութեան Ուղիներու Համաձայնութեան Երեւանի Սապոթաժը Դժուար Է Հասկնալ»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ուղղակի կերպով Երեւանը մեղադրած է Սիւնիքէն անցնող հաղորդակցութեան ուղիներու հարցով համաձայնութիւնները «սապոթաժ»-ի ենթարկելու յանցանքով` նշելով, թէ դժուար է այս գործելակերպը հասկնալ: «Մենք կողմնակից ենք խաղաղութեան համաձայնագիրի շուտափոյթ ստորագրման եւ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման: Ցաւօք, ինչ կը վերաբերի Հայաստանի Սիւնիքի մարզէն անցնող հաղորդակցութեան ուղիներուն, ինքնին հայկական ղեկավարութիւնն է, որ սապոթաժի կ՛ենթարկէ համաձայնութիւնը, որուն տակ կայ վարչապետ...



















