Իսրայէլեան մասնայատուկ ուժերէն զինուորներ դէպի սահմանային Ըտէյսէ գիւղ յառաջանալու ընթացքին ինկան Դիմադրութեան մարտիկներուն լարած թակարդը: Իսրայէլեան «Մաարիւ»-ը երէկ երեկոյեան հաղորդեց. «Այսօր առտու հարաւային Լիբանանի շարք մը վայրերու մէջ իսրայէլեան բանակի եւ Հըզպալլայի մարտիկներուն միջեւ դժուար ճակատամարտներ տեղի ունեցան»: Ըստ իսրայէլեան բանակին. «Հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներու ընթացքին 8 սպաներ ու զինուորներ սպաննուեցան եւ վիրաւորուեցան 7 ուրիշներ, որոնցմէ 2-ին վէրքերը վտանգաւոր են»:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ առաւօտեան հաղորդեցին, որ Լիբանանի հետ սահմանին մօտ Հըզպալլայի մարտիկներուն հետ բախումներու ընթացքին իսրայէլացի 2 զինուորներ սպաննուած են եւ 18 ուրիշներ վիրաւորուած` նշելով, որ վիրաւոր զինուորները փոխադրուած են Հայֆայի Ռամպամ հիւանդանոց եւ Վերին Գալիլիոյ Սաֆատ քաղաքին մէջ «Զիֆ» հիւանդանոց:
Իսրայէլեան բանակը հաղորդեց, որ երեքշաբթի գիշեր Լիբանանի մէջ բախումներու ընթացքին «Իկոզ» միաւորին մէջ մասնայատուկ ուժերու սպայ մը սպաննուած է: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց «Իկոզ»-ի 3-րդ անդամի մը սպանութեան մասին:
Իսրայէլեան կողմը խոստովանեցաւ, որ իսրայէլեան մասնայատուկ ուժերուն եւ Հըզպալլայի մասնայատուկ «Ռատուան» ուժերուն միջեւ բախումը «շատ դժուար» եղած է: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ առնուազն 4 ուղղաթիռներ մասնակցած են վիրաւորներու փոխադրման աշխատանքին:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը բախումներուն մասին յաւելեալ մանրամասնութիւն ներկայացնելով հաղորդեց, որ մասնայատուկ ուժերէն խումբ մը հարաւային Լիբանանի մէկ գիւղին շէնքերէն մէկուն մէջ ճակատած է մարտիկներու հետ, եւ բժշկական փրկարար միաւորը կանչուած է զինուորներուն մարտի դաշտին մէջ բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելու համար: «Փրկութեան գործողութիւնը շատ դժուար էր եւ դժուար պայմաններու մէջ կատարուեցաւ, մինչ կրակոց տեղի կ՛ունենար», նշեց կայանը` աւելցնելով. «Փրկարարական գործողութեան ընթացքին Հըզպալլան շարունակեց հրասանդի հրթիռներ արձակել, եւ մեր ուժերը առատ կրակոցով հակադարձեցին»:
Հըզպալլա իր կարգին հաղորդեց, որ իր մարտիկները ետ մղած են իսրայէլեան ուժեր, որոնք փորձած են հարաւային Լիբանանի Նապաթիէ նահանգի Մարժեհիուն գաւառի Ըտէյսէ գիւղ ներթափանցել` անոնց շարքերուն մէջ պատճառելով զոհեր, եւ անոնց ստիպած նահանջել:
Կուսակցութիւնը աւելցուց, որ իր մարտիկները հրթիռներով եւ հրետանիով թիրախաւորած են Միսքաֆ Ամ բնակեցման վայրին մէջ իսրայէլեան բանակի հետեւակային մեծ ուժ մը եւ անոր ուղղակի եւ ճշգրիտ հարուած հասցուցած:
Հըզպալլայի մարտիկները 2 «Պուրքան» տիպի հրթիռներով թիրախաւորած են Շթոլա բնակեցման վայրին մէջ գտնուող իսրայէլեան ուժեր եւ հաստատ վնասներ պատճառած:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նշեցին. «Հըզպալլան ռմբակոծեց հիւսիսի մէջ սահմանային շրջանը, ինչ որ բանակի շարքերուն մէջ վիրաւորներ պատճառեց»:
Հըզպալլայի տեղեկատու գրասենեակի պատասխանատու Մոհամետ Աֆիֆ յայտնեց. «Այն, ինչ որ այսօր տեղի ունեցաւ Միսքաֆ Ամի, Մարուն Ռասի եւ Ըտէյսէի մէջ, միայն սկիզբն է»` նշելով. «Իսրայէլեան բանակի շարքերուն մէջ առաջին օրուան բախումներուն ընթացքին զոհերուն թիւը շատ մեծ է, եւ թշնամիի կողմէ իրողութեան ծածկում կայ»:
Աւելի ուշ, Հըզպալլայի եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ բախում տեղի ունեցաւ նաեւ Մարուն Ռաս գիւղին մէջ, ուր ներթափանցել փորձեցին իսրայէլեան ուժեր: Երկարատեւ բախումին պատճառով, իսրայէլեան լրատուամիջոցներու հաղորդումով, իսրայէլեան բանակի «Իկոզ» միաւորի անդամ մը սպաննուած է:
Լիբանանեան բանակը աւելի ուշ յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակէն ուժ մը Խըրհեթ Եարուն եւ Պաուապեթ Ըտէյսէ շրջաններուն մէջ լիբանանեան հողերու վրայ 400 մեթր յառաջանալէ ետք Կապոյտ գիծէն ետ քաշուած է:
Իսրայէլեան բանակը երէկ առաւօտեան յայտարարեց. «Հետեւակ կանոնաւոր ուժեր եւ զրահապատ միաւորներ կը միանան Լիբանանի մէջ ցամաքային գործողութեան»: Բանակը նաեւ հաղորդեց. «Թիւ 36 զօրախումբը, որուն մաս կը կազմեն «Կոլանի» գունդը, թիւ 188 գունդն ու «Ացէոնի» գունդը, միացան հարաւային Լիբանանի մէջ ցամաքային գործողութեան»:
Հըզպալլա երէկ կէսօրէ ետք հաղորդեց. «Մինչ թշնամիի մէկ ուժը կը փորձէր Հըրշի կողմէն շրջանցել Եարուն գիւղը, յատուկ ական մը պայթեցնելով զայն անակնկալի բերինք` անոր բոլոր անդամները սպաննուած ու վիրաւոր ձգելով»:
Իսրայէլեան բանակը երէկ առտուընէ շարունակեց օդային յարձակումներ գործել Սուր եւ Պընթ Ժպէյլ գաւառներու քաղաքներու եւ գիւղերուն վրայ, եւ ծանր հրետանիով ռմբակոծել Այթա Շաապի եւ Ռամիայի մերձակայքը, ապա նաեւ Պընթ Ժպէյլ քաղաքի մերձակայքը:
Իսրայէլեան բանակը հարաւային Լիբանանի 24 գիւղերու` Պայատա, Պիութ Սիատ, Ռաշիտիէ, Մաաշուք, Պաս, Շըպրիհա, Թէյր Տըպպա, Պրղըլիէ, Մուխայեմ Քասիմիէ, Նեպի Քասեմ, Պըրժ Ռահհալ, Ապպասիէ, Մաարաքէ, Այն Պաալ, Մահրունա, Պաֆլիէ, Տէյրքիֆա, Սրիֆա, Արզուն, Տարտաղիա, Տահր Պարիեթ Ժապեր, Ժապալ Ատաս, Շհուր, Պըրժ Շըմալի գիւղերու բնակիչներէն պահանջեց անմիջապէս Աուալի գետէն հիւսիս ուղղուիլ:
Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին համաձայն, «հիւսիսի բնակիչները իրենց տուն վերադարձնելու միակ լուծումը հարաւային Լիբանանի մէջ գետնի վրայ ուժերու ներկայութիւնն է»: