ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի երկու պալատներու շուրջ 60 անդամներ միացած են Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի եւ ծերակուտական Էտ Մըրքիի նամակին` կոչ ուղղելով Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն ՔՈՓ29-ին ընդառաջ պատասխանատուութեան ենթարկել Ազրպէյճանը ռազմական յանցագործութիւններու, ապօրինի պատանդառութեան եւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի բռնազաւթման համար:
Մեկնաբանելով երկկուսակցական նամակը` Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նկատած է. «Չենթարկելով Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան Արցախի ցեղասպանական ցեղային զտումներուն համար` համաշխարհային առաջնորդները պարտաւոր են օգտագործել ՔՈՓ29-ը իբրեւ կարելիութիւն` ուսումնասիրելու Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակը եւ դիմակայելու անոր ցեղասպան վարչակարգի ջանքերը` կանխելու իր պատերազմական յանցագործութիւններն ու վայրագութիւնները: Մենք կ՛արձագանգենք երկկուսակցական նամակին մէջ առաջ բերուած պատասխանատուութեան կոչին եւ կը միանանք վաթսուն օրէնսդիրներուն, որոնք ստորագրած են այդ կոչը` պահանջելով, որ Ազրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկուի, որպէսզի Ալիեւի յանցաւոր եւ փտած վարչակարգը ստիպուած ըլլայ ապահովել մարդու իրաւունքներն ու միջազգային իրաւական պարտաւորութիւնները` մինչեւ ՔՈՓ29 կլիմայական վեհաժողովը»:
3 հոկտեմբերին արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին ուղղուած նամակին մէջ Միացեալ Նահանգներու ծերակուտականներն ու ներկայացուցիչները մասնաւորապէս նշած են. «Քանի որ ՔՈՓ29-ը կը մօտենայ, մենք կը պահանջենք, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ճնշում գործադրէ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ազրպէյճանի կառավարութեան վրայ, որպէսզի շօշափելի միջոցներ ձեռնարկուին շրջանային խաղաղութեան, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ միջազգային օրէնքներուն եւ կանոններուն հաւատարմութեան պահպանման գործին մէջ»: Անոնք ընդգծած են. «Հակառակ ճնշող ապացոյցներուն եւ միջազգային դատապարտման` Ազրպէյճանը, ցեղային զտումներու եւ այլ գործողութիւններու համար, չէ բախած բովանդակային հետեւանքներու»:
Ամերիկացի օրէնսդիրները արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ կ՛ուղղեն նաեւ պահանջելու բոլոր քաղաքական բանտարկեալներու, պատանդներու եւ ռազմագերիներու` ներառեալ հայերը, անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը` ՔՈՓ29-ին ընդառաջ բարենպաստ դիւանագիտական միջավայր ունենալու համար:
Ամերիկացի ծերակուտականներն ու ներկայացուցիչները հաստատած են. «Ազրպէյճանի մահաբեր յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ 2020 թուականին, Լաչինի միջանցքի 10-ամսեայ շրջափակումը եւ 2023 թուականի սեպտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնիկ հայերու տեղահանութիւնը բացայայտօրէն կը խախտեն միջազգային իրաւունքը եւ կը շարունակեն մարդկային տառապանքը: Տեղահանուած քաղաքային անձերը պէտք է ապահով եւ անվտանգ վերադարձի իրաւունք ունենան»:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը խորապէս համոզուած է, որ ՔՈՓ29-ի վեհաժողովը աննախադէպ կարելիութիւն կ՛ընձեռէ` ուսումնասիրելու Ազրպէյճանի մարդու իրաւունքներու վիճակը, խրախուսելու պատասխանատուութիւնը ռազմական յանցագործութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման համար, ճնշում գործադրելու Ազրպէյճանի վրայ` բարեխղճօրէն վերադառնալու բանակցութիւններու սեղան, երաշխաւորելու ռազմագերիներու ազատ արձակումը: Այդ ճնշումը կրնայ նպաստել նաեւ Հայաստանի անվտանգութեան ու ինքնիշխանութեան, տեղահանուած հայերու` իրենց տուները վերադառնալու հիմնարար իրաւունքի իրականացման: