Իրանի կառավարութիւնը յայտարարեց. «Անկեղծ խոստում 2» գործողութիւնը միջազգային օրէնքներու ծիրին մէջ մեր ազգային շահերը պաշտպանելու համար էր»:
Իրանի պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ յայտարարեց. «Եթէ սիոնական գոյացութիւնը կամ անոր թիկունք կանգնողները ռազմավարական սխալ մը գործեն, մեր հակադարձութիւնը շատ աւելի քանդիչ պիտի ըլլայ»:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, որ Իսրայէլի մէջ ապահովական եւ զինուորական կարեւոր թիրախներ հարուածած է, արձակուած 200 հրթիռներուն 90 առ հարիւրը իր թիրախը ճշգրիտ կերպով հարուածած է:
Յեղափոխական պահակագունդը հաղորդեց, որ գործողութիւնը շղթայազերծուած է Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդին որոշումով եւ իրանեան բանակին աջակցութեամբ` աւելցնելով, որ անիկա կը յաջորդէ ինքնազսպումի փուլին եւ հակադարձութիւն է պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկման, ինչպէս նաեւ Իրանի ինքնապաշտպանութեան իրաւական իրաւունքի ծիրին մէջ է:
Իրանի բանակի սպայակոյտը սպառնաց լայնածաւալ եւ համապարփակ ձեւով քանդել Իսրայէլի ենթակառոյցները, եթէ հրթիռային յարձակումին հակադարձէ:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց. «Փաստեցինք, որ Իրանի ձեռքը երկար է եւ կրնայ իր ուզած որեւէ շրջան հասնիլ»:
«Սիոնական գոյացութիւնն ու անոր թիկունք կանգնողները պէտք է իմանան, որ Իրան վճռական կերպով կը գործէ եւ ըսածը կը գործադրէ», աւելցուց նախարարութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ նշեց. «Հաւանական է, որ Իսրայէլի հետ դիմակայութիւնը յառաջիկայ օրերուն շարունակուի, եւ մեր ուժերը պատրաստ են»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնած է. «Իսրայէլի վրայ հրթիռային յարձակումէն ետք Միացեալ Նահանգները զգուշացուցինք միջամտելէ»:
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտնած է, որ Իսրայէլի կողմէ որեւէ յարձակումի մեր յաջորդ հակադարձութիւնը տարբեր մակարդակի վրայ պիտի ըլլայ:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի մէջ Հոտ Հաշարոնի քաղաքապետարանը յայտնած է, թէ քաղաքին մէջ շուրջ 100 բնակարաններ վնասուած են:
Իսրայէլացի պաշտօնատարներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեցին. «Իսրայէլ քանի մը օրէն իրանեան մեծ յարձակումին ուժեղ հակադարձութիւն մը պիտի շղթայազերծէ»:
«Սպասուող հակադարձութիւնը կը թիրախաւորէ Իրանի մէջ քարիւղի արտադրման վայրեր եւ այլ ռազմավարական դիրքեր», նշած են պաշտօնատարները:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Իսրայէլ արագ կերպով պիտի հակադարձէ Իրանի թեւաւոր հրթիռներով յարձակումին»:
Մինչ այդ, Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան երէկ այցելեց Տոհա:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն բուռն կերպով դատապարտեց «Իսրայէլի վրայ իրանեան նոր յարձակումները»` աւելցնելով, որ իր երկիրը յանձնառու է Իսրայէլի անվտանգութեան եւ չորեքշաբթի օր Միջին Արեւելքի մէջ իր զինուորական միջոցները կուտակած է:
Ճափոնի վարչապետ Շիկիրօ Իշիպա յայտնեց. «Իսրայէլի վրայ իրանեան հրթիռային յարձակումը անընդունելի է»` աւելցնելով. «Զայն բուռն կերպով պիտի դատապարտենք, սակայն միեւնոյն ժամանակ կ՛ուզենք Միացեալ Նահանգներու հետ գործակցիլ` կացութեան հանդարտեցման եւ դէպի համապարփակ պատերազմ մագլցում արձանագրելու համար»:
Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց յայտնեց. «Իսրայէլի վրայ իրանեան յարձակումը իր մէջ Միջին Արեւելքի բռնկման վտանգը կը պարունակէ»:


