Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Քաղաքական Կուսակցութիւններու Հրատապ Նիստ՝ Արտակարգ Իրավիճակներու Դիմակայման Օրակարգով

Հոկտեմբեր 2, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները իրենց հրատապ նիստը գումարեցին չորեքշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2024-ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ։

Քննարկելէ ետք շրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուող վտանգաւոր մագլցումներն ու Լիբանանի մէջ տիրող պատերազմական իրավիճակը, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները արձանագրեցին.

1.-Կը դատապարտեն Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ կատարուող օդային յարձակումներն ու դէպի հարաւային Լիբանան ցամաքային ներխուժման փորձերը։ Իսրայէլեան յարձակումները կը խլեն բազմաթիւ լիբանանցի քաղաքացիներու կեանքերը, տեղահան կը դարձնեն հարիւր հազարաւոր գաղթականներ եւ կը սպառնան Լիբանանի տարածքային ամբողջականութեան։

2.-Կը դատապարտեն իսրայէլեան ուժերուն կողմէ իրականացուած Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի սպանութիւնը՝ միաժամանակ մերժելով քաղաքական ղեկավարներու ֆիզիքական չէզոքացման Իսրայէլի վարած անսանձ քաղաքականութիւնը։

3.-Միջազգային ընտանիքէն կ՛ակնկալեն ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ՝ դադրեցնելու համար  յարձակումները եւ վերջ դնելու լիբանանեան տարածքներուն նկատմամբ բոլոր տեսակի ոտնձգութիւններուն։

4.-Կոչ կ՛ընեն լիբանանեան կողմերուն ցուցաբերելու առաւելագոյն զսպուածութիւն  եւ ծայր աստիճան զգուշաւորութիւն՝ չներքաշուելու համար ներքին որեւէ սադրանքի։

5.-Կը թելադրեն հայկական բոլոր բարեսիրական կազմակերպութիւններուն՝ երկրին մէջ զանգուածային տեսք ստացած գաղթականութեան երեւոյթին դիմաց անհրաժեշտ ծրագիրները մշակելու եւ համադրուած աշխատանք տանելու ստեղծուելիք զանազան կարիքներուն ընդառաջ։

6.-Կը վերաշեշտեն պահպանելու լիբանանահայ համայնքի միասնականութիւնը՝ յատկապէս ներկայ դժուար փուլին, բարդ կացութեան ստեղծած պայմաններուն մէջ, կուտակուող ճգնաժամերու հետեւանքները կարենալ նպատակաուղղուած ձեւով յաղթահարելու։

Պատերազմական իրավիճակի ներկայ հանգամանքները նկատի ունենալով հայ քաղաքական կուսակցութիւնները պիտի շարունակեն գումարել  յաճախակի հանդիպումներ՝ բազմացող մարտահրաւէրները համակարգուած ձեւով դիմակայելու համար։

Նախորդը

Իսրայէլեան Բանակը Լիբանանի Մէջ Ցամաքային Գործողութիւն Շղթայազերծեց

Յաջորդը

Հոգեբանին Կարծիքով. Ինչո՞ւ Կարեւոր Է Երեխայէն Ներողութիւն Խնդրելը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?