Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն յայտարարեց. «Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլան, անոր յաջորդը` Հաշեմ Սաֆիէտտինը եւ ան որ անոնց պիտի յաջորդէ, ահաբեկեցինք»:
«Հըզպալլան աւելի քան երբեւէ տկարացաւ», աւելցուց ան:
Իսրայէլի վարչապետը իր խօսքը լիբանանցիներուն ուղղելով յայտնեց. «Իսրայէլ ձեր երկիրը չի թիրախաւորեր, այլ` Իրանը»:
Ան լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց` Իրանի գործակատարներուն չարտօնելու իրենց ապագան քանդել` աւելցնելով. «Ձեր երկիրը Հըզպալլայէն ազատագրեցէ՛ք»: