Հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը` հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեցին, որ խոր մտահոգութիւն կը զգան «Լիբանանեան հողերուն մէջ, Մարուն Ռասի հարաւ-արեւելքը գտնուող (հարաւային Լիբանանի արեւմտեան մաս) 52-6 առաքելութեան դիրքին մօտ իսրայէլեան բանակի կատարած վերջին գործունէութեան նկատմամբ: Իսրայէլեան բանակին սովորական խողովակներու ճամբով բազմիցս ու շարունակ փոխանցուեցաւ շարունակուող այս կացութեան մասին»:
«Այս զարգացումը շատ վտանգաւոր է, եւ անընդունելի է ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու անվտանգութիւնը ոտնահարել, մինչ անոնք Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ իրենց վստահուած առաքելութիւնը կը կատարեն», աւելցուց ՖԻՆԻՒԼ:
ՖԻՆԻՒԼ բոլոր գործօն կողմերուն շտապ կերպով յիշեցուց ՄԱԿ-ի պաշտօնատարներն ու սեփականութիւնները պաշտպանելու նկատմամբ անոնց յանձնառութիւնները:


