Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Նայիմ Քասեմ. «Հարաւի Մէջ Ցամաքային Ճակատամարտը Սկսաւ»

October 9, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի նահատակութենէն ետք իր 2-րդ պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին յայտնեց. «Սիոնական գոյացութեան եւ անոր կողքին Ամերիկայի մեծ համախմբումը մեր վրայ ճնշում բանեցնելու համար է, որպէսզի վախնանք, սակայն պիտի չվախնանք»:

«Անկարող եմ նկարագրել մեր վիճակը առանց մեր նահատակ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի, սակայն անոր ուժէն կը ներշնչուինք», ըսաւ ան:

«Աքսայի ջրհեղեղ»-ը արտակարգ դէպք մըն է եւ Միջին Արեւելքի դիմագիծի փոփոխութեան սկիզբը», նշեց շէյխ Քասեմ:

«Թիկունք կանգնելու ճակատին նպատակը օգնելն է ու Կազայի կացութիւնը թեթեւցնելը եւ Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը պաշտպանելը», ըսաւ ան:

«Հիւսիսի մէջ բնակեցման վայրերը մեր հրթիռներու հասողութեան տակ են, եւ մեր կարողութիւնը լաւ վիճակի մէջ է», յայտարարեց ան` աւելցնելով. «Թշնամիին մեր դէմ շղթայազերծած պատերազմը դիմակայելու մեր կամքն ու վճռականութիւնը չտկարացուց: Նեթանիահուն կրնայ ըսել, որ պատերազմ կ՛ուզէ, սակայն չի կրնար անոր միջոցով իր նպատակները իրագործել»:

«Նեթանիահու կ՛ըսէ, թէ հիւսիսի բնակեցուածները իրենց տուները պիտի վերադարձնէ. անոր կ՛ըսենք` անոնց կրկնապատիկը պիտի տեղահանենք», յայտարարեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը:

«Մենք հաստատ ենք, պիտի յաղթենք, եւ կ՛ողջունեմ ազգային միասնականութիւնն ու ժողովրդային կարեկցանքը», ըսաւ ան` նշելով. «Այս պատերազմը «ով առաջ պիտի պոռայ»-ի պատերազմ է, եւ մենք պատերազմի դաշտի մարդիկ ենք եւ պիտի չպոռանք, այլ թշնամիին պոռչտուքը պիտի լսէք»:

«Կը զօրակցինք (խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի) զինադադարի վերնագիրով քաղաքական շարժումին», յայտնեց ան` շեշտելով. «Զինադադարէն առաջ քննարկումը բացառուած է»:

«Ընդհանուր քարտուղարի ընտրութիւնը կազմակերպական մեքանիզմներուն համաձայն պիտի կատարենք եւ ատենին զայն պիտի յայտարարենք», ըսաւ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը` նշելով. «Մեր շարքերուն մէջ թափուր մնացած դիրքեր չկան եւ բոլորն ալ լեցուած են»:

«Կուսակցութեան ղեկավարութիւնը, վերահսկողութիւնը, կառավարումն ու դիմադրութիւնը խնամքով կազմակերպուած են, եւ հարուածները յաղթահարած ենք», շեշտեց շէյխ Քասեմ:

«Հարաւի մէջ ցամաքային ճակատամարտը սկսաւ, եւ այդ ճակատումին մէջ թշնամին յառաջխաղացք չարձանագրեց, եւ սիոնականները ապշեցան, թէ ինչպէ՛ս ատիկա տեղի չունեցաւ: Արժէք չունին այն մեթրերը, որ ան կրնայ ձեռք ձգել: Մենք կ՛ուզենք ուղղակի բախում ըլլայ թշնամիին հետ, ըլլայ այդ առջեւի եզրին վրայ, թէ անկէ ետք», յայտարարեց ան:

«Մենք կ՛ուզենք ուղղակի բախում ըլլայ, եւ իսրայէլացի թշնամիին պիտի պատճառենք մեծ կորուստներ, որոնք անոր ոտքերուն տակ գետինը պիտի ցնցեն Աստուծոյ կամքով», ըսաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը` նշելով, որ այդ կորուստները պատերազմին վերջ տալու նախերգանքը պիտի ըլլան:

 

Նախորդը

Նեթանիահու. «Նասրալլան Եւ Անոր Յաջորդը` Հաշեմ Սաֆիէտտինը Ահաբեկեցինք»

Յաջորդը

Հարաւային Լիբանանէն Հայֆայի Եւ Անոր Ծոցին Վրայ Մեծագոյն Յարձակումը

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.