Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Տունը Պայտըն-Նեթանիահու Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւնը Կը Նկատէ «Ուղղակի Եւ Արդիւնաւէտ»

October 11, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն չորեքշաբթի գիշեր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ: Սպիտակ տունը հաղորդեց, որ զրոյցին միացած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս:

Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քարըն Ժան-Փիեռ լրագրողներուն յայտնեց, որ զրոյցը 30 վայրկեան տեւած է եւ «շարք մը հարցեր» ներառած:

Ան նշեց, որ զրոյցը «ուղղակի եւ արդիւնաւէտ էր», եւ անոր մեծամասնութիւնը տրամադրուած Իրանին հակադարձելու Իսրայէլի ծրագիրներու քննարկման:

Զրոյցին ծանօթ ամերիկացի պաշտօնատար մը ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ զրոյցի ընթացքին նաեւ քննարկուած է Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի դէմ իսրայէլեան արշաւին ապագան:

«Էյ.Պի.Սի.» նշեց, թէ ասիկա երկու ղեկավարներուն միջեւ ամիսներէ ի վեր առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնն էր:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ծանօթ ամերիկացի պաշտօնատար մը ըսած է, թէ մինչ Նեթանիահուն Իրանի վրայ հակայարձակումին վերաբերեալ վերջնական պատկերացում մը չէ ներկայացուցած, սակայն Պայտընի վարչակազմի անդամները մասամբ գոհ էին փոխանցուած մանրամասնութիւններուն մակարդակէն եւ զգացած են, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը փոխան հիւլէական ու քարիւղի կառոյցներու հարուածման զինուորական աւանդական թիրախներու հարուածման իրենց կառչածութեան վերաբերեալ բացատրութիւնները դրական կերպով ընկալած է:

Ամերիկացի պաշտօնատարը նշած է, որ հակառակ Պայտընի եւ Նեթանիահուի յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան, չորեքշաբթի օրուան զրոյցը սիրալիր էր:

«Պլումպըրկ»-ի համաձայն, Ուաշինկթըն Իսրայէլին առաջարկած է Թեհրանի դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատել, փոխան Իրանի մէջ տնտեսական թիրախներ հարուածելու:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին համաձայն, Պայտըն խնդրած է չհարուածել Իրանի հիւլէական եւ քարիւղի կառոյցները, իսկ Նեթանիահուն պատասխանած է, որ ասիկա «պատմական առիթ է»:

 

Նախորդը

Արաղչի. «Սէուտական Արաբիոյ Եւ Քաթարի Հետ Խորհրդակցութիւններ Կը Կատարենք Պատերազմը Դադրեցնելու Համար»

Յաջորդը

Օքամփօ. «Պէտք Է Պայքարինք ՔՈՓ29-ին Ընդառաջ, Ապա Շարունակենք Պայքարը Խորհրդաժողովէն Ետք, Որովհետեւ Միայն Լեռնային Ղարաբաղն Ու Ռուբէնը Չեն, Որոնք Վտանգուած Են. Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ինքը Վտանգի Տակ Է»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.