Բոլորս հրաւիրուած ենք միախմբուելու` փրկելու համար Լիբանանը, որուն ճակատագիրն ու ապագան այլեւս վտանգուած են: Այս մասին «Մատա» կայքին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:
«Լիբանանի վրայ Իսրայէլի շղթայազերծած պատերազմէն ետք բոլորս հրաւիրուած ենք միախմբուելու` հեռու մնալով Հըզպալլայի Կազային թիկունք կանգնելուն վերաբերեալ դիրքորոշումներէն, որովհետեւ ասիկա ո՛չ Դիմադրութեան դէմ պատերազմ է, ո՛չ ալ շիի համայնքին, այլ` բոլոր լիբանանցիներուն` մեկնելով սիոնական գաղափարախօսութենէն, շրջանին տիրելու եւ սիոնականութեան գաղափարը շրջանի ժողովուրդներուն պարտադրելու անոր ծաւալապաշտական նպատակներէն», ընդգծեց Բագրատունի:
Բագրատունի կոչ ուղղեց` «հիւրընկալելու տարբեր համայնքներէ, շիի, սիւննի եւ քրիստոնեայ համայնքներու անդամ մեր տեղահանուած եղբայրները, անոնք ըլլան Հարաւի, Պեքաայի կամ Հարաւային արուարձաններու շրջաններէն»:
Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը «առաջնահերթութիւն էր եւ կը շարունակէ առաջնահերթութիւն մնալ»` աւելցնելով. «Պէտք է անկեղծ ու իրապաշտ ըլլանք. սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկումէն ետք Լիբանանի եւ շրջանին մէջ փոփոխութիւններու վրայ դրուած գրաւն ու իսրայէլեան շարունակուող յարձակումը նախագահ պիտի չապահովեն, որովհետեւ հանրապետութեան նախագահը, որ պիտի ընտրենք, պէտք է իշխէ, եւ այդպիսի նախագահը կողմ մը միւս կողմին զգետնելով կամ նախագահական աթոռին հասնելու համար ներկայ կացութիւնը շահագործելու ճամբով չի գար:
«Մենք կը զօրակցինք, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կոչ ուղղածին նման, համաձայնական նախագահի մը ընտրութեան. նախագահի մը, որ խորհրդարանական առաւելագոյն մեծամասնութեամբ կ՛ընտրուի` հեռու մնալով նախապայմաններէ, կարծրացած եւ կարծր ոճով հռետորաբանութենէ: Մենք կը գտնուինք կացութեան մը մէջ, ուր ոչ ոք իրաւունք ունի կարծել, թէ այն, ինչ որ ներկայիս տեղի կ՛ունենայ, ի շահ իրեն է, որովհետեւ մեծագոյն վնասուողը պիտի ըլլայ Լիբանանը»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՅԴ-ն ինչպէ՞ս կ՛օգնէ ներքին տեղահանուածներուն Բագրատունի ըսաւ. «Առաջին օրէն, նոյնիսկ պատերազմի ծագելէն առաջ, մեր գտնուած շրջաններուն մէջ, Պեքաայէն մինչեւ Մեթն եւ այլ շրջաններ, կը պատրաստուէինք` գիտակցելով, որ Իսրայէլ իր յարձակումներն ու աւերման արարքները պիտի աշխուժացնէ` հարաւային Լիբանանը իր զաւակներէն դատարկելու եւ Հարաւային արուարձանները հրկիզուած հողի վերածելու համար, որպէսզի Լիբանանը նոր խնդիրի մէջ ձգէ եւ տեղահանութենէն օգտուի ներքին սադրանքի սերմեր ցանելու համար:
«Մեր տեղահանուած եղբայրներուն տեսախցիկներէն հեռու թիկունք կանգնեցանք եւ կը շարունակենք կանգնիլ, որովհետեւ անոնց մեր համեստ կարելիութիւններուն համեմատ թիկունք կանգնիլը ազգային պարտականութիւն է` զանոնք պատսպարելով, անոնց օգնելով եւ բոլոր բարեգործական միութիւններուն ու դարմանատուներուն յորդորելով կարելի եղածին չափ ջանք թափել դարմանելու, բժշկելու եւ դեղորայք ապահովելու: Եւ այստեղ օրինակի համար կը խօսիմ Այնճարի, Պուրճ Համուտի եւ անոր մօտիկ ծովեզերեայ շրջաններուն մասին: Առ ի գիտութիւն, Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ 2 քառակուսի քիլոմեթր տարածքի վրայ շուրջ 10 հազար տեղահանուած կայ: Հայկական բոլոր միութիւններուն, կուսակցութիւններուն, արտասահմանի մէջ մեր հայ բարեկամներուն ու համայնքի կրօնական հեղինակութիւններուն օգնութեամբ յաջողեցանք»: