Գլխաւոր լուրեր

Հըզպալլան Իսրայէլի Կողմէ Ֆուատ Շուքրի  Ահաբեկման Եւ Հարաւային Արուարձաններու  Վրայ Յարձակումին Հակադարձութեան  Առաջին Փուլը Կատարեց

Հըզպալլան Իսրայէլի Կողմէ Ֆուատ Շուքրի Ահաբեկման Եւ Հարաւային Արուարձաններու Վրայ Յարձակումին Հակադարձութեան Առաջին Փուլը Կատարեց

Հըզպալլան երէկ արշալոյսին մեծաթիւ հրթիռներով ու անօդաչու թռչող սարքերով իր զինուորական ղեկավարներէն Ֆուատ Շուքրի ահաբեկման եւ Հարաւային արուարձաններու վրայ յարձակումին «նախնական պատասխան» մը տուաւ` շեշտելով, որ առաջին փուլը յաջողութեամբ պսակուած է: Հըզպալլա յայտարարեց, որ թիրախաւորած է իսրայէլեան զինուորական տեսակարար թիրախ մը` նշելով, որ այդ մասին պիտի յայտարարէ հետագային: Կուսակցութիւնը 320 հրթիռներով իսրայէլեան բանակի 11 ռազմակայաններ, զօրանոցներ, դիրքեր եւ հակաօդային պաշտպանութեան...

Արաքժի. «Մեր Հակադարձութիւնը Ճշգրիտ Ու  Սերտուած Պիտի Ըլլայ, Եւ Բոլոր Հարցերը Նկատի Կ՛առնենք»

Արաքժի. «Մեր Հակադարձութիւնը Ճշգրիտ Ու Սերտուած Պիտի Ըլլայ, Եւ Բոլոր Հարցերը Նկատի Կ՛առնենք»

Իրանի նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքժի յայտնեց. «Մեր անվտանգութեան ու գերիշխանութեան վրայ սիոնական գոյացութեան յարձակումը անպատասխան պիտի չմնայ»: «Մեր հակադարձութիւնը ճշգրիտ ու սերտուած պիտի ըլլայ, եւ բոլոր հարցերը նկատի կ՛առնենք», ըսաւ Արաքժի: Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նշեց. «Մեր վրէժը պիտի լուծենք ճիշդ պահուն ու ճիշդ ձեւով, եւ այդ հարցին մէջ տատամսում չկայ»: «Պիտի չիյնանք այն թակարդին մէջ, որ...

Հայաստանի Պաշտօնատարները Արցախ Այցելելէ  Զերծ Մնալ Դարձեալ Զգուշացնելով.  «Ալիեւ Կարգավիճակի Հարցը Ուղարկած Է  Պատմութեան Աղբամանը»  Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Արտաքին  Գործոց Նախարարութիւնը

Պաքուն «Անբաղձալի Անձերու» Ցուցակին Վրայ Ներառած Է ԵԽԽՎ-ի Մէջ Ազրպէյճանի Պատուիրակութեան Դէմ Քուէարկած Անձերը

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ Ազրպէյճանի պատուիրակութեան դէմ քուէարկած անձերը, ներառեալ վեհաժողովին մէջ Գերմանիոյ պատուիրակութեան ղեկավար Ֆրանք Շուապէն ներառուած են «անբաղձալի անձերու» ցուցակին վրայ: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ: «Եթէ այդ անձերը ԵԽԽՎ-ի մէջ մեր պատուիրակութեան լիազօրութեան վերականգնումէն առաջ Ազրպէյճան հասնին, անոնց արտօնութիւն պիտի չտանք երկիր մուտք գործելու», ըսած է ան` անդրադառնալով ՔՈՓ29-ին...

Խմբագրական.  5-րդ Յօդուածին Ականուած Մեկնաբանութիւնը

Խմբագրական. 5-րդ Յօդուածին Ականուած Մեկնաբանութիւնը

Անկախութեան հռչակագիրի  ընդունման 34-րդ տարեդարձին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին ուղերձը ականուած բաժին ունի: Ան խօսելէ ետք Հռչակագիր-Սահմանադրութիւն յղումնային կապին մասին, կը յայտնէ, որ չի նշանակեր, որ  Անկախութեան հռչակագիրին ամբողջ բովանդակութիւնը ներառուած է  Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ, եւ այս երկու փաստաթուղթերու բովանդակութիւնը նոյնական են: Նուրբ ձեւով այստեղ ըսել կ՛ուզուի, որ երկու փաստաթուղթերու բովանդակութիւնը ոչ միայն նոյնը չեն, այլ լուռ ձեւով կը փոխանցուի,...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն.  «Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումից Հրաժարումը Չի Չէզոքացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան Դէմ Թշնամական, Ծաւալապաշտական Նկրտումները»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւնը Հայաստանի Անկախութեան Հռչակագիրի Ընդունման Օրուան Առթիւ

Ուղիղ 34 տարի առաջ այս օրը Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդն ընդունեց Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը, որով պաշտօնապէս սկիզբ դրուեց Հայոց անկախ պետականութեան կայացման գործընթացին, սահմանուեցին պետականութեան զարգացման ուղենիշները: 1990 թուականի օգոստոսի 23-ի փաստաթուղթը սահմանում է ազգային պետութիւն կառուցելու տեսլականը` ինքնիշխանութիւն, ժողովրդավարութիւն, իրաւունքի գերակայութիւն, ազգային բանակ, խօսքի, մամուլի, խղճի ազատութիւն, օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւնների տարանջատման ու հաւասարակշռման սկզբունք, իրաւապահ մարմինների եւ...

Փութին Փաշինեանին Ներկայացուցած Է  Պաքու Կատարած Այցելութեան Տպաւորութիւնները

Փութին Փաշինեանին Ներկայացուցած Է Պաքու Կատարած Այցելութեան Տպաւորութիւնները

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Ըստ հայկական կողմին, Փութին Փաշինեանին տեղեկացուցած է նախորդ շաբաթ Ազրպէյճան իր կատարած այցելութեան տպաւորութիւնները: Զրուցակիցները համաձայնած են յառաջիկայ պատեհ առիթով հանդիպիլ Հայաստան-Ռուսիա երկկողմանի օրակարգի հարցերը քննարկելու համար: Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին մանրամասնութիւններ յայտնելով հաղորդեց, որ Փութին Փաշինեանի հետ զրոյցի ընթացքին վերահաստատած է Մոսկուայի պատրաստակամութիւնը`...

Սպիտակ Տուն. «Գահիրէի Նախնական  Ցուցանիշներով Շինիչ Եղող  Բանակցութիւններուն Մէջ  Յառաջընթաց Արձանագրուեցաւ»

Սպիտակ Տուն. «Գահիրէի Նախնական Ցուցանիշներով Շինիչ Եղող Բանակցութիւններուն Մէջ Յառաջընթաց Արձանագրուեցաւ»

Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ Ուաշինկթընի, Տոհայի եւ Գահիրէի միջնորդութեամբ Իսրայէլի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումին միջեւ անուղղակի նոր բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան: Սպիտակ տունը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման վերաբերեալ Գահիրէի բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է, եւ նախնական ցուցանիշներու համաձայն, բանակցութիւնները շինիչ են: Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի նշեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզ կը հասնի...

Քաց. «Պաղեստինեան Պետութեան Ստեղծումը  Կազայի Եւ Այսրյորդանանի Մէջ Իրանեան  Ռազմակայանի Գոյութիւն Պիտի Նշանակէ»

Քաց. «Պաղեստինեան Պետութեան Ստեղծումը Կազայի Եւ Այսրյորդանանի Մէջ Իրանեան Ռազմակայանի Գոյութիւն Պիտի Նշանակէ»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց յայտնեց. «Իրանն ու Համաս շարժումը Պաղեստինեան դատը առին իրենց վերահսկողութեան տակ»: «Պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը կը նշանակէ Կազայի, Յուդայի եւ Սամարիոյ մէջ իրանեան ռազմակայանի գոյութիւն, ճիշդ ինչպէս Լիբանանի, Եմէնի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ է, ինչ որ կը սպառնայ Իսրայէլի մէջ բնակուած կեդրոններուն, օդանաւերու թռիչքներու ուղիներուն, ապրանքներու ուղարկման ճամբաներուն եւ տնտեսական կեդրոններուն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Չենք...

Միրզոյեան Շնորհաւորած Է Ապպաս Արաքժին  Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարի  Պաշտօնին Նշանակուելու Առիթով

Միրզոյեան Շնորհաւորած Է Ապպաս Արաքժին Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Պաշտօնին Նշանակուելու Առիթով

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շնորհաւորած է Ապպաս Արաքժին Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուելու առիթով: «Արմէնփրես»-ի համաձայն,  Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը շնորհաւորած է իր իրանցի գործընկերը  «Էքս»-ի վրայ  կատարած իր գրառումով: «Սրտանց կը շնորհաւորեմ, յարգելի՛  սէյիտ Ապպաս Արաքժի` Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին ձեր նշանակման առիթով: Անհամբեր կը սպասեմ ձեզի հետ համատեղ աշխատանքին` մեր երկու բարեկամ ժողովուրդներուն,...

Զախարովա. «Հայաստանի Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Արձագանգը Երեւանի Կողմէ  Իր Ռազմավարական Սխալներու Մեղքը Ռուսիոյ Վրայ  Նետելու Հերթական Օրինակն Է»

Զախարովա. «Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Երեւանի Կողմէ Իր Ռազմավարական Սխալներու Մեղքը Ռուսիոյ Վրայ Նետելու Հերթական Օրինակն Է»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգը Երեւանի կողմէ իր ռազմավարական սխալներու մեղքը Ռուսիոյ վրայ նետելու հերթական օրինակն է: Երեւանի քաղաքականութիւնը այնպիսին է, որ պէտք է մեղաւորներ գտնել: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Խաղաղութեան համաձայնագիրի, այսպէս կոչուած, թղթածրարը իր մէջ կը ներառէ նաեւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը: Մինչդեռ, Երեւանը...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շարունակէ ՔՈՓ29-ի Հարցով Իր Արշաւը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը, շարունակելով կենսոլորտի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի 29-րդ խորհրդաժողովի` ՔՈՓ29-ի Պաքուի մէջ գումարման հարցով իր արշաւը, նամակներ յղեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Բնութեան պահպանման կեդրոնին, նոյն համալսարանի Հանրային քաղաքականութեան ու միջազգային յարաբերութիւններու «Իսամ Ֆարես» հիմնարկին եւ Արաբական բարեփոխման նախաձեռնութեան: Հայ դատի մարմինը իր նամակներուն մէջ նշեց, որ ՔՈՓ29-ը կը գումարուի սովի մատնելով, ռմբակոծելով, չհրահրուած յարձակում գործելով ու վախի մթնոլորտ...

Ակնարկ.  Ճանաչումի Նախաբանային Ուղերձը

Սպիտակ Տուն. «Պայտըն Նեթանիահուին Շեշտեց Համասի Հետ Համաձայնութեան Հասնելու Հրատապութիւնը»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտեց պաղեստինեան Համաս շարժումին հետ Կազայի մէջ զինադադարի հասնելու հրատապութիւնը: Այս մասին հաղորդեց Սպիտակ տունը: Սպիտակ տունը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Նախագահը ընդգծած է զինադադարի եւ պատանդներու ազատ արձակման գործարքը կնքելու հրատապութիւնը եւ քննարկած Գահիրէի մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւնները` վերացնելու համար մնացած բոլոր խոչընդոտները»: Սպիտակ տունը...

Իրանի Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտը Կը Հերքէ  «Ֆարս»-ի` Ռայիսիի Ուղղաթիռի Կործանման  Պատճառներուն Մասին Հրապարակած Տեղեկութիւնը

Իրանի Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտը Կը Հերքէ «Ֆարս»-ի` Ռայիսիի Ուղղաթիռի Կործանման Պատճառներուն Մասին Հրապարակած Տեղեկութիւնը

Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտը հերքած է իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան հրապարակումը` Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ուղղաթիռի կործանման պատճառներուն մասին: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Ֆարս» գործակալութեան այն տեղեկութիւնը, թէ ուղղաթիռի կործանման գործօններէն մէկը եղած է յաւելեալ երկու ուղեւորներու գոյութիւնը, հակառակ անվտանգութեան արձանագրութիւններուն, ինչի պատճառով ուղղաթիռը բաւարար ուժ չէ ունեցած անհրաժեշտ բարձրութիւն ապահովելու համար, սուտ է», նշուած է...

Ակնարկ.  Բանակցային Պարանաձգումի Հանգոյցներ

Ակնարկ. Բանակցային Պարանաձգումի Հանգոյցներ

Տոհա-Գահիրէ գիծին վրայ ընթացող բանակցութիւններու առանցքը հուն փոխած է: Համասի այն յայտարարութիւնը, թէ համաձայնութեան ներառած կէտերու արմատական փոփոխութիւն եղած է եւ թէ կատարուածը յեղաշրջում է, ամբողջ գործընթացը դարձեալ զերօ կէտ վերադարձնելու մասին կը յուշէ: Պարզացուած ձեւով հետեւեալ բանաձեւն է: 2 յուլիսին Միացեալ Նահանգներու կողմէ ներկայացուած էր նախագիծ, ուր հիմնական փոխզիջումնային կէտերը մշակուած էին «զինադուլ` բոլոր ռազմագերիներու եւ պատանդներու փոխանակումի դիմաց»...

Արցախի Ազգային Ժողովի Ղեկավար Կազմը Հանդիպած Է Արցախի Հարցերով Յանձնախումբի Համակարգողին Հետ

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Խմբակցութիւններուն Միասնական Կոչը

2024 թուականի նոյեմբերի 11-22-ը Պաքւում նախատեսւում է ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովը (COP29), որին մասնակցելու հրաւէր ունեն տարբեր երկրների ղեկավարներ, պաշտօնական պատուիրակութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւնների պատասխանատուներ եւ բազմաթիւ լրագրողներ: Միանգամայն ակնյայտ է, որ Պաքուն այդ համաժողովն օգտագործում է` մոլորեցնելու համաշխարհային հանրութեանը եւ շեղելու հանրային կարծիքը իր երկրի էութեան հետ շաղկապուած ոճրագործութիւններից: Կասկածից վեր է նաեւ, որ նշուած համաժողովին հրաւիրուած պաշտօնեաների եւ կառոյցների...

Բագրատունի. «Արցախը, Հայաստանի Թրքացումը  Լիբանանահայութեան Համար Կեանքի Խնդիր Է»

Բագրատունի. «Արցախը, Հայաստանի Թրքացումը Լիբանանահայութեան Համար Կեանքի Խնդիր Է»

«Սպասումը եւ ձեւակերպումը, թէ պատերազմը պէտք է սկսի, տեղին չէ, որովհետեւ իրականութեան մէջ այդ պատերազմը արդէն սկսած է, կ՛ընթանայ չափուած, սահմանները ճշդուած պատերազմ», հայրենի «Ալֆա Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի: Պատասխանելով անվտանգութեան միտումներու մասին հարցումին` Լիբանանի շուրջ ընդհանրապէս եւ Միջին Արեւելքի մայր գաղութներէն լիբանանահայ համայնքին շուրջ յատկապէս, Բագրատունի ընդգծեց,...

Պեքաայի Վրայ  Իսրայէլեան 4 Յարձակումներ

Պեքաայի Վրայ Իսրայէլեան 4 Յարձակումներ

Իսրայէլեան օդուժը երեքշաբթի ուշ գիշերին 4 յարձակումներ գործեց` Պեքաայի մէջ թիրախ դարձնելով Պուտէյ գիւղն ու Նապի Շիթ գիւղի դաշտավայրը: Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ արձանագրուած են զոհ մը եւ 30 վիրաւորներ, որոնցմէ մէկուն վէրքերը ծանր են: Վիրաւորներուն շարքին են 9 մանուկներ եւ յղի կին մը: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Պեքաայի մէջ յարձակումի ենթարկած է Հըզպալլայի օդային պաշտպանութեան համակարգին պատկանող համալիր մը`...

Պլինքըն. «Համաձայնագիրը  Պէտք Է Յառաջիկայ Օրերուն Կնքուի»

Պլինքըն. «Համաձայնագիրը Պէտք Է Յառաջիկայ Օրերուն Կնքուի»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն աւարտեց միջինարեւելեան իր շրջապտոյտը, որուն նպատակը Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնագիրի կնքումն էր, սակայն ան շրջանէն հեռացաւ առանց Իսրայէլի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումին միջեւ համաձայնութեան գոյացման: Պլինքըն իր միջինարեւելեան շրջապտոյտի վերջին փուլին` Քաթարի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ համաձայնագիրը պէտք է կնքուի յառաջիկայ օրերուն, եւ «մենք կարելի ամէն բան պիտի ընենք, որ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՔՈՓ29-ի  Հարցով Պատասխան-Նամակ Մը  Ստացաւ Քանատայի Դեսպանէն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը ՔՈՓ29-ի Հարցով Պատասխան-Նամակ Մը Ստացաւ Քանատայի Դեսպանէն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը անցնող օրերուն Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ 44 դեսպաններու յղած էր Պաքուի մէջ նոյեմբերին նախատեսուած ՔՈՓ29 խորհրդաժողովին վերաբերեալ նամակ մը` նշելով, որ կենսոլորտի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի նշեալ 29-րդ խորհրդաժողովը կը գումարուի երկրի մը մէջ, որ վերջերս սովի մատնած, ռմբակոծած, չհրահրուած յարձակում եւ վախի մթնոլորտ տարածելով Արցախի մէջ ցեղային զտում գործած էր տեղւոյն բնիկ հայ ժողովուրդին դէմ, կը...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը

Երեքշաբթի, 20 օգոստոս 2024-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տիրոջ, որուն կ՛ընկերանար օգնական եպիսկոպոս Լիբանանի հայ կաթողիկէ համայնքին Գրիգոր եպս. Պատիշահ: Հանդիպման վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա մատենադարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեան, Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Ստեփանոս ծ. վրդ....

Page 150 of 796 1 … 149 150 151 … 796

Արխիւներ