Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանցի Բարձրաստիճան Պաշտօնատար Մը Կը Զգուշացնէ. «Ծոցի Երկիրները Պէտք Չէ Իրենց Օդային Տարածքի Իրանի Դէմ Օգտագործումը Արտօնեն, Այդպիսի Քայլ Մը Պատասխանի Պիտի Արժանանայ»

October 10, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը հաղորդեց, որ Թեհրան Ծոցի արաբական երկիրներուն յայտնած է, որ իրենց օդային տարածքի Իրանի դէմ օգտագործման արտօնութիւնը անընդունելի պիտի ըլլայ եւ այդ ուղղութեամբ որեւէ քայլ պատասխանի պիտի արժանանայ:

Ան այս մասին զգուշացուցած է, մինչ գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, որ Իսրայէլ պիտի հակադարձէ պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէի Թեհրանի մէջ ահաբեկման եւ Պէյրութի մէջ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկման իբրեւ հակադարձութիւն Իրանի 1 հոկտեմբերին Իսրայէլի դէմ շղթայազերծած հրթիռային յարձակումին:

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Իրան յստակ դարձուց, որ Թեհրան Պարսից ծոցին մէջ որեւէ պետութեան կողմէ իր դէմ քայլ, ըլլայ այդ օդային տարածքի կամ ռազմակայանի օգտագործման արտօնութիւն, պիտի նկատէ իրողապէս ամբողջ խմբակին կողմէ կատարուած քայլ, եւ Թեհրան այդ հիմամբ պիտի հակադարձէ»:

«Պատգամը Իսրայէլի դէմ շրջանային միասնականութեան կարեւորութիւնը շեշտեց, ինչպէս նաեւ կայունութեան հաստատման կարեւորութիւնը: Նաեւ յստակ դարձուց, որ Իսրայէլին տրամադրուած որեւէ օգնութիւն, ինչպէս Իրանի դէմ քայլերու համար շրջանին մէջ որեւէ պետութեան կողմէ օդային տարածքի օգտագործման արտօնութիւն անընդունելի է», աւելցուց պաշտօնատարը:

Պաշտօնատարը նշեց, որ Թեհրան Ծոցի քարիւղ արտադրող երկիրներուն հետ որեւէ մագլցումի ընթացքին իրանեան արտադրութեան խանգարման պարագային քարիւղի արտադրութիւնը աւելցնելու հարցը չէ քննարկած:

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը այս յայտարարութիւնը կատարեց, մինչ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Սէուտական Արաբիա եւ Ծոցի արաբական այլ երկիրներ շրջապտոյտի ձեռնարկեց:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնեցին. «Իսրայէլ մինչեւ հիմա կը մերժէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին բացայայտել Իրանին հակադարձելու իր ծրագիրները»:

«Ուաշինկթըն կը յուսայ Իրանին հասցուելիք իսրայէլեան հարուածին շուրջ յաւելեալ մանրամասնութիւններ ունենալ», նշած են պաշտօնատարները` աւելցնելով. «Իսրայէլ կրնայ անցեալ ապրիլէն աւելի մեծ յարձակում մը շղթայազերծել` առանց հարուածելու հիւլէական կայաններ եւ քարիւղի կառոյցներ»:

Պաշտօնատարները ամերիկեան օրաթերթին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ահաբեկումէն ետք հարցուցած է. «Իսրայէլ պատրա՞ստ է առանձին ըլլալու»:

Պաշտօնատարները «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին նշած են. «Մինչեւ հիմա չենք գիտեր Իրանի դէմ իսրայէլեան հարուածի ժամկէտը կամ թիրախները»:

«Աքսիոս» կայքը նախատեսեց, որ իսրայէլեան հակադարձութիւնը ըլլայ մեծ ու ներառէ զինուորական թիրախներու վրայ օդային յարձակումներ «եւ այլ գաղտնի յարձակումներ»:

Իսրայէլի վարչապետին մէկ օգնականը կայքին յայտնած է. «Նեթանիահու կ՛ուզէ Պայտընը տեղեակ պահել իսրայէլեան որոշումէն` անմիջապէս որ որդեգրուի»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը իր կարգին նշած է. «Կ՛ուզենք Պայտընի եւ Նեթանիահուի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը օգտագործել իսրայէլեան վրէժին սահմաններ գծելու փորձ կատարելու համար»:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնած է. «Իրանեան հակադարձութեան պիտի չհակադարձենք այնպիսի ձեւով մը, որ Թեհրանի հետ համապարփակ պատերազմի կը յանգեցնէ»:

 

 

Նախորդը

Թել Աւիւի Հիւսիսը Գտնուող Խուտէյրայի Մէջ Դանակահարման Գործողութիւն

Յաջորդը

Թոքայեւ. «Ղազախստանը Կ՛ողջունէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Փոխադարձ Քայլերը` Ուղղուած Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Կնքման»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.