Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ հարաւային Լիբանանէն երկու հերթով 105 հրթիռներ արձակուած են հիւսիսային Իսրայէլի վրայ, մասնաւորաբար Հայֆա քաղաքին ու Գալիլիոյ բնակեցման վայրերուն վրայ:
Հրթիռարձակումը կատարուեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի պատկերասփռուած ուղերձէն վայրկեաններ ետք: Անիկա, ըստ իսրայէլեան բանակին, Հայֆա քաղաքը թիրախաւորած մեծագոյն հրթիռային յարձակումն էր:
Իսրայէլեան ներքին ճակատը յայտարարեց Աքքայի հարաւը գտնուող Քաֆար Մասրիք գիւղին, Քիրիաթ Մացուքինի եւ Հայֆայի ծոցին մէջ նիւթական վնասներու մասին: Իսրայէլեան «Ուայնեթ» կայքը նշեց, որ հրթիռարձակումը կատարուած է շրջանէ մը, ուր իսրայէլեան բանակը երկուշաբթի օր սկսած է ներթափանցել:
Հայֆայի քաղաքապետը իր կարգին հաղորդեց, որ քաղաքի ծոցի շրջանին մէջ գտնուող շէնք մը ուղղակի հարուած ստացած է, եւ պահանջած է Հայֆայի ծոցի շրջանին մէջ գտնուող քիմիական գործարան մը դատարկել, սակայն որեւէ պատասխան չէ ստացած:
Հըզպալլա յայտարարեց, որ հրթիռակոծած է Տիշոնի եւ Տելթոնի մէջ իսրայէլեան բանակի հրետանիի դիրքերը, ինչպէս նաեւ Թել Աւիւի արուարձանին մէջ գտնուող զինուորական տեղեկահաւաքի 8200-րդ միաւորի «Կելիլոթ» ռազմակայանը:
Հըզպալլա նաեւ յայտարարեց, որ հրթիռակոծած է Շլոմիի, Հանիթայի եւ Մարժ դիրքին վրայ իսրայէլեան ուժերու կուտակումները:
Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ իր զինուորներէն մէկը հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներու ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած է, ինչպէս նաեւ ցամաքային գործողութեան յաւելեալ զինուորական խումբի մը միացումը յայտարարեց:
Բանակը աւելցուց, որ 146-րդ խումբը հարաւային Լիբանանի մէջ սկսած է Հըզպալլայի թիրախներուն եւ ենթակառոյցներուն դէմ որոշակի գործողութիւններ:
Իսրայէլեան աղբիւր մը «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնեց. «Հսկայական ուժերով մուտք կը գործենք` Հըզպալլայի մեզ դիմակայելը դժուարացնելու համար»:
«Մեր նպատակը Հըզպալլայի յարձակումներ գործելու կարողութեան վերջ տալն է», նշեց աղբիւրը:
Իսրայէլեան բանակը երէկ պնդեց. «Կոլանի» զօրամասը իր վերահսկողութեան տակ առաւ Հարաւային Լիբանանի Մարուն Ռաս գիւղին մէջ Հըզպալլայի մարտական համալիր մը»:
Իսրայէլեան բանակը նաեւ յայտարարեց, որ երէկ Պէյրութի մէջ օդային յարձակում գործելով սպաննած է Հըզպալլայի սպայակոյտի համակարգի ղեկավար Սուհէյլ Հուսէյն Հուսէյնին:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան մասնայատուկ ուժ մը փորձած է Լապպունէի մէջ ներթափանցել լիբանանեան հողեր եւ տեղաւորուիլ ՖԻՆԻՒԼ-ի դիրքին ետին, սակայն Հըզպալլայի մարտիկները թակարդ մը լարելով արգելք հանդիսացած են: Մեծ գործողութիւնը իսրայէլեան մասնայատուկ ուժին շարքերուն մէջ մեծաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ պատճառած է:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեցին. «Ուաշինկթըն ներկայիս չի ջանար վերակենդանացնել Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինադադարի բանակցութիւնները»:
Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մըն ալ նշեց. «Ներկայիս յստակ չէ, թէ Ուաշինկթըն զինադադարի հաստատման որեւէ բանակցութեան մէջ լիբանանեան որ կողմին հետ պիտի աշխատի»:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը կը վախնայ, որ Իսրայէլի (Հարաւային Լիբանանի մէջ) սահմանափակ գործողութիւն կատարելու խոստումը լայնածաւալ ու երկարատեւ տագնապի փոխուի», նշեցին ամերիկացի պաշտօնատարները:
«Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ անոնք նաեւ նշած են. «Ուաշինկթըն Իսրայէլը կը զգուշացնէ Իրանէն վրէժ լուծելու հարուած հասցնելու ճամբով չափազանցուած մագլցում կատարելէ: Այն, ինչ որ Իսրայէլ պատշաճ պատասխան կը նկատէ, կրնայ չհամապատասխանել աշխարհի եւ անոնց կողքին Ուաշինկթընի «սերտուած պատասխան» հասկացողութեան»:
Միւս կողմէ, ամերիկացի պաշտօնատարներ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած են. «Նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը այլեւս չի վստահիր իր զինուորական ու դիւանագիտական ծրագիրներուն մասին Իսրայէլի կառավարութեան ըսածին»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը շեշտած է, որ «իսրայէլացիներուն նկատմամբ մեր վստահութիւնը ներկայիս շատ ցած է եւ արդար պատճառով»` նշելով. «Պայտընի վարչակազմը քանի մը անգամ անակնկալի եկաւ իսրայէլեան զինուորական կամ հետախուզական գործողութիւններէն: Երբեմն Ուաշինկթընի հետ խորհրդակցութիւն չկատարուեցաւ կամ գործողութեան գործադրութենէն քիչ ժամանակ առաջ տեղեակ պահուեցաւ»:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ յայտնեցին. «Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին բարկացաւ, երբ անոր իսրայէլացի պաշտօնատարը գործողութենէն քանի մը վայրկեան առաջ զինք Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլայի ահաբեկումին մասին յայտնեց»: