Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 7 հոկտեմբերի միամեակին առիթով յայտարարեց, որ Իսրայէլ «պիտի վճարէ գինը ցեղասպանութեան, որ կը գործէ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ»:
Շարունակելով ամբաստանողական այս յայտարարութիւնները, Թուրքիոյ նախագահը սիոնական ահաբեկչական խմբաւորում նկատեց Իսրայէլի պետութիւնը:
Դժուար է նման գնահատականէ ետք պատկերացնել երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու շարունակութիւն, կամ ընդհանրապէս տարբեր բնոյթի համաձայնագիրները ուժի մէջ պահելու իրականութիւն: Պատերազմը յայտարարողական է առ այժմ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ, եւ անշուշտ այս վերջին օրինակները եզակի չեն:
Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ նախագահ Էրտողան յայտնած էր, որ Կազայէն եւ Լիբանանէն ետք հերթը Թուրքիոյ է Իսրայէլի կողմէ թիրախաւորուելու: Յայտարարութիւնը մեկնաբանուեցաւ այնպէս, որ խօսքը քրտական զինեալ խմբաւորումներու իսրայէլեան օժանդակութեան մասին է: Այս խնդիրը կեղծ օրակարգ չէ անշուշտ, սակայն փաստօրէն այնպէս չէ, որ անիկա առաջնորդած է երկիրները դիւանագիտական տագնապի կամ յարաբերութիւններու խզման:
Փաստօրէն Թուրքիան կը շարունակէ արտօնել ուժանիւթի զանազան աղբիւրներու հոսքը դէպի Իսրայէլ: Եւ այս շահերը աւելի ծանր կը կշռեն, քան ցեղասպանութեան կամ ահաբեկչութեան ամբաստանութիւնները:
Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով Իսրայէլը մեղադրած Թուրքիան ցեղասպանական քաղաքականութեան շարունակութիւն կը նկատէ Լիբանանի մէջ եղածը: Այստեղ կ՛աւելնայ «ահաբեկչական» բնութագիրը:
Այս որակումը աւելի կը կապուի քրտական գործօնին: Ի վերջոյ ահաբեկչութիւն եզրը Թուրքիան կ՛օգտագործէ նախ եւ առաջ քրտական երեւոյթին նկատմամբ: Ահաբեկչական պետութիւնը, ուրեմն, Թուրքիոյ համար Կազայէն եւ Լիբանանէն առաջ կը վերաբերի քիւրտերը սպառազինելու փաստին:
Այստեղ չեն աւարտիր անշուշտ Անգարայի ծանր ամբաստանութիւններուն քաղաքական շարժառիթները: Կա՛յ ուղերձ Թեհրանին: Տարածաշրջաններու համեմատական վերլուծումը միշտ կը նկատէ Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ գլխաւոր խաղցողներու ընդհանուր շահագրգռութիւնները: Առեւտուրը կ՛ընթանայ այս երկու խաղատախտակներուն վրայ եւ մէկ տարածքի վրայ զիջումը միւս տարածքին վրայ կրնայ ապահովել այլ ստացուածք մը: Օրինակ, այս առումով նոյն օրերուն էր թրքական ուժերու սուրիական որոշ տարածքներէ հեռանալուն դիմաց անոնց մուտքը Կովկաս:
Ուղերձը յայտնաբար նաեւ Իրանին է, որովհետեւ միաժամանակ կովկասեան ուղղութեամբ առաջարկը յղուած է 3+3-ի հանդիպման: Թուրքիոյ մէջ Իրանի դեսպանը յայտարարած է, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը մտադիր է մասնակցելու Թուրքիոյ մէջ նախատեսուած տարածաշրջանային «3+3» ձեւաչափով հանդիպման:
Թեհրանի մասնակցութեան համաձայնութիւնը առաջին անգամ կը հնչէ ոչ թէ Իրանէն, այլ Անգարայէն, եւ ասիկա անշուշտ քաղաքական նշանակութիւն ունի: Պարզ է, որ նախաձեռնութիւնը Թուրքիոյ է եւ հանդիպման վայրը նոյնպէս Անգարան է: Անգարայի ուղերձը ստացած է Թեհրանը եւ Թուրքիոյ մէջ յայտարարած իր համաձայնութիւնը առաջարկին:
Բոլորէն առաջ անշուշտ Թեհրանը լաւ կ՛իմանայ, թէ Կովկասի մէջ ի՛նչ կ՛ակնկալէ Թուրքիան իրմէ: Այս ակնկալութիւնը միայն հայկական գործօնին հետ կապուած չէ: Խօսքը թուրանական կամուրջի կառուցման մասին է, որ անպայման իբրեւ օրակարգ ներառուած պիտի ըլլայ 3+3-ին:
Թուրանական կամուրջի կառուցման աշխատանքներուն անհրաժեշտ շինանիւթեր կ՛ապահովէ ցեղասպանական եւ ահաբեկչական պետութիւն Թուրքիան` այս պարագային Իսրայէլը ամբաստանելով նոյն մեղադրանքներով:
«Ա.»