Հըզպալլա երէկ յայտարարեց, որ երկրորդ օրն ըլլալով դէմ կանգնած է դէպի հարաւային Լիբանանի Լապպունէ շրջան յառաջանալ փորձող իսրայէլեան ուժի մը եւ հրթիռակոծած է Հայֆան:
Հըզպալլա նշեց, որ դէպի Լապպունա յառաջանալ փորձող ուժը ուղղակի հարուածներ ստանալէ ետք նահանջած է: Աւելի ուշ, այլ խումբ մը դարձեալ փորձած է նոյն ուղղութեամբ յառաջանալ: Հըզպալլայի մարտիկները անոր շարքերուն մէջ պատճառած են զոհեր եւ վիրաւորներ:
Իսրայէլեան մասնայատուկ ուժ մը երեքշաբթի օր ալ փորձած էր Լապպունէի մէջ ներթափանցել լիբանանեան հողեր եւ տեղաւորուիլ ՖԻՆԻՒԼ-ի դիրքին ետին, սակայն Հըզպալլայի մարտիկները թակարդ մը լարելով արգելք հանդիսացած էին` մասնայատուկ ուժի շարքերուն մէջ պատճառելով մեծաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ:
Կուսակցութեան մարտիկները Պլիտա գիւղին մէջ ական մը պայթեցուցած, ապա բախում ունեցած են իսրայէլեան ուժի մը հետ, որ կը փորձէր շրջան ներթափանցել: Անոնք նաեւ հրթիռակոծած են Թուֆայի դաշտէն Մէյս Ժապալ եւ Մհէյպիպ գիւղի ուղղութեամբ յառաջացող իսրայէլեան ուժ մը:
Հըզպալլա նաեւ հրթիռակոծեց Մարուն Ռաս գիւղի հարաւը հաւաքուած իսրայէլացի զինուորները: Իսրայէլեան բանակը մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ այդ վայրը գրաւած է:
Իսրայէլեան բանակը հաստատեց, որ 3 զինուորներ վիրաւորուած են, իսկ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած է Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչի խորհրդական Շամոել Փոխարիսը:
Իսրայէլեան ներքին ճակատը հաղորդեց, որ հարաւային Լիբանանէն իսրայէլեան 30 գիւղերու եւ քաղաքներու վրայ հրթիռարձակում կատարուած է: Հրթիռակոծուած են նաեւ Հայֆայի եւ Քրիոթի շրջանները: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը նշեց, որ արեւմտեան Գալիլիա շրջանին մէջ առնուազն 20 հրթիռներ ինկած են: Հայֆայի մէջ արձանագրուած են 6 վիրաւորներ:
Հայֆայի եւ Քրիոթի մէջ արձանագրուած են վիրաւորներ, եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը ընդհատուած է: Իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը նաեւ հաղորդեց, որ հիւսիսի մէջ հրթիռներու ոչնչացումը արգելք հանդիսացած է իսրայէլեան կազի «Լեւիաթան» դաշտին մէջ կազի արտահանման հարթակի թիրախաւորումը:
Իսրայէլեան օդուժը գիշերանց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ գործեց 5 յարձակումներ, որոնցմէ մէկը Քաֆաաթ շրջանին վրայ էր: Օդուժը շարունակեց ռմբակոծել հարաւային Լիբանանի գիւղերը: Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակում գործեց Շուֆի Ուարտանիէ գիւղին վրայ, ուր նախնական տուեալներով արձանագրուեցան 4 զոհեր եւ 10 վիրաւորներ:
«Իսրայէլ Հայոմ» հաղորդեց, որ հիւսիսային Իսրայէլի Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրին վրայ Լիբանանէն արձակուած հրթիռի իյնալուն պատճառով 2 զոհ արձանագրուած է:


