Իսրայէլեան օդուժը Միջերկրական ծովուն վրայ կատարեց ռազմափորձեր` երկար թռիչքներ կատարելու, թռիչքի ընթացքին վառելանիւթ ստանալու եւ հեռաւոր թիրախներ հարուածելու:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ նշեալ վարժանքները իրանեան ռազմակայաններ հարուածելու պատրաստութեան ծիրին մէջ են:
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը իր կարգին յայտնեց, որ հաւանական է, որ Իսրայէլ, եթէ յարձակում շղթայազերծէ, կեդրոնանայ իրանեան ռազմակայաններու եւ հետախուզական կեդրոններու վրայ` այլ ժամանակի յետաձգելով հիւլէական կառոյցներուն վրայ յարձակումները:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն նախապէս զգուշացուցած էր Իսրայէլը հարուածելէ Իրանի հիւլէական եւ ուժանիւթային կառոյցները` կոչ ուղղելով, որ իրանեան հրթիռային յարձակումին որեւէ հակադարձութիւն «պատշաճ» ըլլայ: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը իր կարգին իր իսրայէլացի պաշտօնակիցը զգուշացուցած էր, որ պէտք է աւելի մեծ մագլցումէ խուսափիլ:
«Սի.Այ.Էյ.» յայտնեց, որ Իսրայէլ Իրանին հակադարձելու կերպին մասին ուշադրութեամբ կը մտածէ` զգուշացնելով Միջին Արեւելքի մէջ ակամայ մագլցման վտանգներէն:
«Գնահատականները այն են, որ Իրանն ու Իսրայէլը համապարփակ պատերազմի չեն ձգտիր,» նշեց Ամերիկայի կեդրոնական հետախուզական ծառայութիւնը:
«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ «Սի.Էյ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզ կը զգուշացնէ, որ սխալ հաշուարկը կրնայ խոչընդոտել յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ կացութեան հանդարտեցման ջանքերը:


