Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խամենէի. «Աքսայի Ջրհեղեղ»-ը Սիոնական Գոյացութիւնը 70 Տարի Ետ Տարաւ»

October 8, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի 7 հոկտեմբեր 2023-ի «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան միամեակին առիթով յայտնեց. «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութիւնը սիոնական գոյացութիւնը 70 տարի ետ տարաւ»:

Պաղեստինեան Համաս շարժումը իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «7 հոկտեմբերը պայքարի պատմական դէպք մըն էր եւ մեր ազգային դատը լուծարելու համար պատրաստուող սիոնական ծրագիրներու բնական հակազդեցութիւն մը»:

«Կազայի մէջ մեր մեծ ժողովուրդի տոկունութիւնն ու իր դիմադրութեան շուրջ համախմբուիլը այն ժայռն է, որուն վրայ քանդուեցան բռնագրաւումի բոլոր ծրագիրները», ըսաւ Համաս:

Պաղեստինեան շարժումը նաեւ նշեց. «Սիոնական թշնամիին իր յարձակումի ծիրը ընդլայնելով արաբական ու իսլամական երկիրներու ներառումը կը փաստէ, որ անիկա շրջանի անվտանգութեան ու կայունութեան իսկական վտանգ մըն է»:

Հըզպալլա նոյն առիթով իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց. «Այս ժամանակաւոր սիոնական գոյացութիւնը մեր շրջանին, ընկերային, մշակութային ու մարդասիրական կազմուածքին մէջ տեղ չունի, եւ անիկա էր ու պիտի մնայ թշնամական քաղցկեղային մահաբեր ուռ մը, որ պէտք է ուշ կամ կանուխ վերցնել»: Հըզպալլա նաեւ աւելցուց. «Միացեալ Նահանգները, անոնց հետ եղող դաշնակիցները, աշխարհի եւ շրջանին մէջ անոնց գործիքները պաղեստինցի, լիբանանցի եւ շրջանի ժողովուրդներուն դէմ բռնագրաւումի այս  յարձակումին ու ոճիրներուն մեղսակից են, եւ ամբողջական պատասխանատուութիւնը կը կրեն սպանութեան, ոճիրին, անիրաւութեան եւ մարդասիրական ողբերգութեան»:

«8 հոկտեմբերին պաղեստինցի ժողովուրդին ու անոր պատուական դիմադրութեան թիկունքի ճակատ բանալու Հըզպալլայի որոշումը իրաւունքին, արդարութեան եւ բացարձակ մարդասիրութեան կողքին կանգնելու որոշում է, միեւնոյն ժամանակ Լիբանանն ու անոր ժողովուրդը պաշտպանելու որոշում մը», նշեց կուսակցութիւնը:

«Պարտութիւններու ժամանակը անցաւ եւ եկաւ Աստուծոյ յաղթանակը», շեշտեց Հըզպալլան:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իր կարգին 7 հոկտեմբերի միամեակի ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ խոստացաւ Կազայի մէջ պահուող գերիները իրենց տուները վերադարձնել:

«Այսօր, այստեղ եւ մեր երկրին մէջ շարք մը շրջաններու մէջ կը յիշենք մեր զոհերն ու գերիները, զորս իրենց տուներ վերադարձնելը մեր պարտաւորութիւնն է, կը յիշենք մեր հերոսները, որոնք ինկան հայրենիքի եւ երկրի պաշտպանութեան ընթացքին», ըսաւ ան:

«Պատերազմը պիտի աւարտի, երբ Իսրայէլ իր բոլոր նպատակները իրագործէ», յայտարարեց Նեթանիահու:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 7 հոկտեմբերի յարձակումի միամեակին առիթով յայտնեց. «Ժամանակն է գոյացնելու զինադադար մը, որ պատանդները կը վերադարձնէ իրենց տունը, Իսրայէլը կը պաշտպանէ եւ կը նուազեցնէ պաղեստինցիներուն տառապանքը»:

Նախորդը

Օսթին` Կալանթին. «Ամերիկան Շրջանին Մէջ Մեծ Կարողութիւն Ունի Յաւելեալ Մագլցում Արգիլելու»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.